Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Ալզհայմըր հիւանդութեան միջազգային օրուան առթիւ:

Աղօթենք Ալզհայմըր հիւանդութենէ տառապող մարդոց համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին նշուելիք, Ալզհայմըր հիւանդութեան միջազգաիյն օրուան առթիւ:
Կոչին մէջ Սրբազան Հայր ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

«Յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին կը նշուի «Ալզհայմըր» հիւանդութեան միջազգային օրը, հիւանդութիւն մը, որ կը հարուածէ անթիւ այր մարդիկ ու կիներ, որոնք այդ հիւանդութեան պատճառով յաճախ զոհ են բռնութեան, շահագործումի՝ ոտնակոխուելով անոնց արժանապատուութիւնը:
Աղօթենք սիրտերու դարձի գալու եւ Ալզհայմըր հիւանդութենէ թիրախ մարդոց համար, ընտանիքներու եւ բոլոր անոնց, որոնք խնամք կը տանին հիւանդներուն:
Յիշենք նաեւ քաղցկեղի հիւանդութենէ վարակուած մարդոց համար,որպէսզի անոնց նկատմամբ աւելի զօրակցութիւն ցուցաբերուի՝ հիւանդութեան կանխարգիլումի եւ բուժման մէջ: » ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ կոչին մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2019, 10:18