Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց  Մոզամբիկի Զիմփեթօ հիւանդանոցի «Երազ» կեդրոնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Մոզամբիկի Զիմփեթօ հիւանդանոցի «Երազ» կեդրոնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Մոզամբիկի Զիմփեթօ հիւանդանոցի «Երազ» կեդրոնը։

Հարիւր հազար մանուկները որոնք այսօր կարող են պատմութեան նոր էջ մը գրել, որովհետեւ շնորհիւ ձեր յանձնառումին ազատուեցան Սիտայի հիւանդութիւնէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

6 սեպտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական 31-րդ ճամբորդութեան երրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան կանուխ Նորին Սրբութեան Մափութոյի Զիմփեթօ հիւանդանոցին տուած այցելութեամբ։

 Զիմփեթօ հիւանդանոցը

Զիմփեթօ հիւանդանոցը կը գտնուի Մափութոյի արուարձանեային  շրջանի մէջ։ Անոր բացումը կատարուածէ 7 յունիս 2018-ին։ Հիւանդանոցին  մէջ կը գործէ «Երազ» կեդրոնը ուր խնամք կը տարուի Սիտայի հիւանդութենէն տառապող հիւանդներուն։

 «Երազ» ծրագիրը Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան մէկ նախաձեռնութիւնն է որ կեանքի կոչուած է 2002ին   Ափրիկէի մէջ  խթանելու առողջապահութեան իրաւունքը ու պայքարելու  Սիտայի հիւանդութեան եւ Ափրիկէի մէջ թերասնունդի դէմ։

 Ծրագիրը կը մտի խնամատարութեան փոքրիկ կերոններ հիմնել քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ խնամատարութեան կարելիութիւն տալու բոլորին ու յատկապէս անոնց որոնք ֆինանսական դժուարութեան մէջ կը գտնուին։

Ունկնդրէ լուրը

Հիւանդանոց Ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Սանդ Էճիտիոյ Հասարակութեան հիմնադիրը ու «Երազ» ծրագրի պատասխանատուներու կողմէ, մինչ մանուկներու խումբ մը  Քահանայապետը դիմաւորեցին պարերով ու երգերով։

Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւնը 

Կեդրոնի ազգային պատասխանատուին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք  Սրբազան Պապը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն հաստատելով թէ «այդ կեդրոնը «Աստուծոյ սիրոյ» արտայայտութիւնն է, որ միշտ պատրաստ է կեանք ու յոյս դնելու այնտեղ ուր կայ լքուածութիւն, մահ ու տառապանք»։

Քահանայապետը հուսկ գնահատանք արտայայտեց կեդրոնի առողջապահական գործիչներուն, անոնց հմտութեամբ, արհեստավարժութեամբ ու սիրով կատարած գործին համար,« յատկապէս ի նպաստ Սիտայի ախտէն տառապող հիւանդներուն»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մտաբերելով  Բարի Սամարացիին առակը։

Բարի Սամարացին

«Բոլոր անոնք որոնք այս կերոնէն անցան կը նմանին աւազակներուն ձեռքը ինկած, յուսալքումի մատնուած մարդուն, եւ դուք չ՛անտեսեցէք ու չի հեռացաք անոնցմէ շարունակելով ձեր ճանապարհը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «այս կեդրոնը մեզի կը բացայայտէ թէ կան ոմանք որոնք կանգ առին ու գթութիւն ցոյց տուին, չի համակերպեցան «անկարելի է այս վէրքը խնամել» փորձութեան»։

«Դուք մտիկ ըրիք լռելեան ճիչին, բազմաթիւ այն կիներուն ու մարդոց որոնք կ՛ապրէին ամօթով, բացառուած ու բոլորին դատողութեան ենթարկուելով» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ կեդրոնին մէջ խնամուած այլ հիւանդութենէ տապաղող հիւանդներուն ու այդ ուղղութեամբ վերահաստատելով թէ այդ վայրը Յիսուսի Սրտին արտայայտութիւնն է, ու նշան է բաժնեկցութեան։

Աղքատներուն ճիչը ունկնդրելը ձեզ մղեց հասկնալու որ բժշկական խնամատարութիւնը,  անհրաժեշտ է բայց ոչ բաւարար, ու ասոր համար հարցը նկատի առիք իր ամբողջութեամբ, կիներուն ու մանուկներու վերապարգեւելու համար արժանապատուութիւնը, անոնց օգնելով աւելի լաւ ապագայ մը  ծրագրել։

Հարցերը դիմագրաւել համագործկացութեամբ

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա կեդրոնին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու այդ ուղղութեամբ քաջալերեց զարգացնել համագործակցութիւնը այլ կեդրոններու հետ,  որպէսզի միասնաբար իրագործուին ծրագիրներ, որոնք առանձին կարելի չէ իրագործել։

Քահանայապետը քաջալերեց առ այդ այդ համագործակցութիւնը ու այդ ուղղութեամբ յանձնառումը, հուսկ նշեց թէ տկարներու, աղքատներու ու հիւանդներու ճիչը անսալը մեզ կապի մէջ կը դնէ աշխարհի այլ դիւրաբեկ մէկ մասին հետ, այնտեղ կայ մեր ճնշուած եւ աւերուած հողը որ «կը հառաչէ ու կը տառապի ծննդաբերութեան ցաւերով», յարեց Քահանայապետը ու ակնարկեց հիւանդանոցին որդեգրած՝  շրջակայ միջավայրի վրայ ոչ բացասական ազդեցութիւն ունեցող միջոցներուն, զանոնք նկատելով առաքինի ձեւեր ու ընդօրինակելի օրինակ, նկատի առնելով մոլորակի վատթարացումէն յառաջ եկած հրատապութիւնը։

Երազելու հնարաւորութիւն

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց որ «Բարի Սամարացիի դրուագը կ՛աւարտի վիրաւորին պանդոկ փոխադրումով, ծախսերուն մասնակի վճարումով ու աւելորդ ծախսերը հոգալու խոստումով» ու այս ուղղութեամբ ըսաւ. «Հարիւր հազար մանուկները որոնք շնորհիւ ձեր յանձնառումին ազատուեցան Սիտայի հիւանդութիւնէն, այսօր կարող են պատմութեան նոր էջ մը գրել,  ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ անձեր, որոնք այսօր կը ժպտան, որովհետեւ խնամուեցան արժանապատուութեամբ, մաս կը կազմեն այն ծախսերուն զոր Տէրը ձեզի թողուց…անոնց «ես կ՛երազեմ» բացագանչութիւնը յոյս կը ներշնչէ բազմաթիւ այլ անձերուն ու կը վարակէ բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին օգնութեան ու կը գտնուին ճամբուն եզերքը։

Տէրը ձեզ պիտի վարձատրէ

Իսկ վճարումի միւս մասը՝ Տէրը ձեզի պիտի հատուցէ  «իր վերադարձին», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը ուղղելով հիւանդապահներուն ու բժիշկներուն աւելցուց.«երբ մենք այստեղէն մեկնինք ու դուք վերադառնաք ձեր առօրեայի զբաղումներուն ու պարտականութիւններուն, երբ  այլեւս եւ ոչ մէկը ձեզի պիտի գովէ ու ծափահարէ, դուք շարունակեցէք հիւրընկալել բոլոր անոնք որոնք այստեղ կու գան, գացէք փնտռելու վիրաւորները ու ընկճուածները…երբեք մի մոռնաք որ անոնց  անունները դրոշմուած են երկնքի մէջ։ Վերանորոգեցէք ձեր բոլոր ջանքերը, որպէսզի կարողանաք շարունակել լոյս պարգեւել յոյսին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բոլորին վրայ հացելով Աստուածային օրհնութիւնները ու քաջալերելով  յառաջ ընթանալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2019, 09:00