Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլանտիան եւ Ճափոն պիտի այցելէ Նոյեմբերին։ Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլանտիան եւ Ճափոն պիտի այցելէ Նոյեմբերին։  

Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլընտ եւ Ճափոն պիտի այցելէ Նոյեմբերին։

Ճամբորդութեան ամբողջական յայտագիրը լոյս կը տեսնէ մօտ օրէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 19 - 26  նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի այցելէ Ասիական ցամաքամասի երկու երկիրներ՝ Թայլընտ եւ Ճափոնը։  Լուրը յայտարարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն ետք երկրորդ Քահանայապետն է որ պիտի այցելէ վերոնշեալ երկիրները։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Թայլանատիան 20 – 23 նոյեմբեր, ապա 23 26 նոյեմբեր պիտի փոխադրուի Ճափոն այցելելով՝ Թոքրիոն, Նակազաքի եւ Հիրոշիման։

Ճամբորդութեան ամբողջական յայտագիրը լոյս կը տեսնէ մօտ օրէն։  

Թայլընտի ճամբորդութեան բնաբանն է. «Քրիստոսի աշակերտներ, միսիոնար աշակերտներ» որ ակնարկում է կարեւոր մէկ տարեդարձին՝ Սիամի առաքելական փոխանորդութեան ստեղծումին  350 ամեակը (1669)։ Նշանաբանին մէջ պատկերացուած է Ֆրանչիսկոս Պապը ապա նաւակ մը որ աւետարանութեան խորհրդանիշն է, որուն վրայ կան երեք առագաստներ խորհրդանշելու համար Սուրբ երրորդութիւնը։

Մինչ Ճափոնի ճամբորդութեան բնաբանն է «Պահպանել իւրաքանչիւր կեանք» որ ներշնչուած է բնապահպանութեան մասին Քահանայապետին հրապարակած «Գովեալ Ըլլաս» յորդորագիրէն,  եւ որ յորդոր մըն է յարգելու ոչ միայն մարդ անհատի արժանապատուութիւնը այլ նաեւ բնութիւնը, յատկապէս Ճափոնի պէս երկրի մը մէջ, որուն մէջ հիւլէականի սպառնալիքը կը մնայ մշտական հարց մը։  Խորհրդանիշին մէջ պատկերացուած են ապա երեք գոյներով երեք «բոցեր»,  կարմիրը որ կը յիշեցնէ մարտիրոսները, կապոյտը որ կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը որ իր գրկին մէջ գրկած է մարդկութիւնը, ապա կանաչ գոյնով բոց մը՝ որ կը յատկանշէ Ճափոնի էութիւնը ու յոյսի Աւետարանը հռչակելու առաքելութիւնը։ Ապա արեւի նման կարմիր շրջանակ մը կը պարուրէ իւրաքանչիւր կեանք,  ու կը յատկանշէ սէրը։  Մինչ Քահանայապետը նկարագրաուած է օրհնութիւն շնորհող կեցուածքով։

Այսպէսով իրականութիւն դարձաւ Քահանայապետին մէկ տարի առաջ՝ 12 սեպտեմբեր 2018-ին արտայայտած իղձը, որ հանդիպելով Յիսուսեաններու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Ճափոնական մէկ ընկերակցութեան անդամներուն ըսած էր «կ՛ուզեմ ձեզի յայտարարել գալ տարի Ճափոնը այցելելու իմ կամքս։ Յուսամ որ այդ մէկը կարելի ըլլայ»։ Ահա թէ այդ յոյսը դարձաւ իրականութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2019, 09:30