Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Մաուրիցիուսի բնակչութեան։

Մաուրիցիուսի բնակչութիւնը կազմուած է տարբեր ցեղերու հանդիպումէն ու կը վայելէ մշակութային ու կրօնական տարբեր աւանդութիւններու հարստութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, անցեալ օրերուն լսատեսողական պատգամը յղելէ ետք Մոզամբիկի եւ Մատակասկարի ժողովուրդներուն, երեքշաբթի 3 սեպտեմբեր 2019-ին պատգամ յղեց նաեւ Մաուրիցիուսի հանրապետութեան բնակչութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ըսաւ.

Մաուրիցիուսի  սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր։

Մօտ է արդեն առաքելական ճամբորդութիւնը որ զիս պիտի առաջնորդէ նաեւ ձեր գեղեցիկ կղզին։ Արդեն հոս Հռոմէն ձեզի կ՛ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյնս ու մեծ Շնորհակալութիւն կ՛ըսեմ, որովհետեւ գիտեմ որ ժամանակէ ի վեր կը պատրաստէք այդ հանդիպումը։

Ուրախութիւն պիտի ըլլայ ինծի համար հռչակել Աւետարանը ձեր ժողովուրդին մէջ որ կը յատկանշուի կազմուած ըլլալու համար տարբեր ցեղերու հանդիպումէն, ուստի կը վայելէ  մշակութային ու կրօնական տարբեր աւանդութիւններու հարստութիւնը։

Կաթողիկէ եկեղեցին, ի սկզբանէ ուղարկուած է համայն մարդկութեան համար ու կը խօսի աշխարհի բոլոր լեզուները։ Սակայն Աւետարանի լեզուն, որ դուք կը ճանչնաք- սէրն է։ Տէրը, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, թող ինծի շնորհքը պարգեւէ հռչակելու Աւետարանը Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ, այնպէս որ դուք բոլորդ կարողանաք հասկնալ եւ ընկալել զայն։

Կը խնդրեմ որ բարեհաճիք այս օրերուն աճեցնել ձեր աղօթքը մինչ ես ձեզ արդեն կը կրեմ իմ սրտիս մէջ ու կ՛աղօթեմ ձեզի համար։ Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2019, 10:00