Որոնել

1568284618113aem.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Եւրոպայի մէջ գործող Արեւելեան Եկեղեցիներու առաջնորդներուն։

«Եթէ քալենք միութեան մէջ կը պատրաստուինք միասին բնակելու միակ Երկինքը որուն կանչուած ենք»։ Այնտեղ Տէրը մեզի հարց պիտի չտայ քանի եկեղեցական գաւառներու տէր ենք ու թէ ի՞նչն է մեր ազգային ինքնութիւնը, այլ մեզի պիտի հարցնէ որքան կարող եղանք սիրելու։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 - 14 սեպտեմբերին, Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպած է Եւրոպայի Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան եպիսկոպոսներուն յատկացուած հանդիպում մը, որուն կեդրոնական նիւթն է «Եւրոպայի Արեւելեան Եկեղեցիներու համամիութենական առաքելութիւնը այսօր»։

Նշենք թէ հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելական կառավարիչը ՝ Գերյ Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ Պեզեզեանը։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպումի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ շաբաթ 14 սեպտեմբերի առաւօտեան, ունկնդրութիւն շնորհեց վերոնշեալ հաւաքին մասնակցող առաջնորդներուն, ու այդ առթիւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ ակնարկելով տարբեր երկիրներու եւ աւանդութիւններու պատկան եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու ներկայութեան, որոնք հիւրընկալութիւնն գտած են եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ, հաստատեց թէ «Քրիստոնեաներու միութիւնը, միաձեւութիւն չէ ու քրիստոնէական ճշմարտութիւնը միաթել չէ՝ այլ համանուագային է»։

Մատնանշելով ապա մի քանի ամիսներ առաջ Ռումանիա կատարած առաքելական այցելութեան ու այդ այցելութեան ծիրէն ներս Ռումանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եօթը մարտիրոս եպիսկոպոսներու Երանացման արարողութեան, Քահանայապետը վերանորոգեց համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ երախտագիտութիւնը Արեւելեան Եկեղեցիներուն տուած հաւատարմութեան վկայութեան համար ու շատ անգամ արեան գնով տուած այդ վկայութեան, որ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ձեր հաւատքին անջնջելի յատկանիշն է։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ ինչպէս կաթողիկէ հաղորդութիւնը, որ մաս կը կազմէ ներկաներուն  յատուկ ինքնութեան, կը սատարէ անոր լիակատար իրականացումին, ու մաղթանք յայտնեց որ միշտ աւելիով ձգտին լիակատար միութեան Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներուն հետ, իրականացնելու համար Տիրոջ փափաքը «որպէսզի ամէնքը մի ըլլան»։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց նաեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին ու Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքին, որոնք, ըսաւ Ան, մեզի կը յիշեցնեն որ դուք պահառուներն էք համամիութեան ուղեւորութեան, յատուկ առաքելութեան որուն մասին խորհրդածեցիք ձեր այս հաւաքի օրերուն, յարեց Սրբազան Պապը, ընդգծելով թէ ինչպէս այսօր շատ մը անհաւասարութիւններ ու բաժանումները կը սպառնան խաղաղութեան, առ այդ, ըսաւ Ան, մենք մեզ նկատենք կոչուած դառնալու երկխօսութեան արհեստաւորները, հաշտութեան խթանողներ, հանդիպումի քաղաքակրթութեան մը համբերատար կառուցողները….Տէրը մեզ կ՛ուզէ որպէս սիրոյ Աւետարանի սերմանողները ու ասոր համար Քրիստոնէական ընտանիքին մէջ եղէք անոնք՝ որոնք նայելով բոլոր մխիթարութիւններու Աստծոյն, յանձնառու են դարմանելու անցեալի վէրքերը ու յաղթահարելու նախապաշարումներն ու բաժանումները, յոյս ներշնչելով բոլորին ու քալելով ոչ կաթողիկէ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու կողքին, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ակնարկելով իր անձնական փորձառութեան ու դրուատելով այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն  հետ ունեցած հանդիպումները, այդ ուղղութեամբ մատնանշելով որ ուղեւորութիւնը պէտք է ըլլայ աղօթքի, հեզութեան եւ սիրոյ ուղեւորութիւն։

Նորին Արբութիւնը թելադրեց ապա համագործակցիլ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներուն հետ, ի նպաստ հասարակաց բարիքին ու բնապահպանութեան, միասնական ծրագիրներ խթանելով, որոնց մէջ ներգրաւել յատկապէս երիտասարդ քահանաներ, որպէսզի կազմաւորուին բաց մտայնութեամբ մը, ըսաւ Ան, ակնարկելով նաեւ աղքատներուն ու տառապողներուն մատուցելիք միասնական հոգատարութեան։

«Եթէ քալենք միութեան մէջ կը պատրաստուինք միասին բնակելու միակ Երկինքը որուն կանչուած ենք» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Այնտեղ Տէրը մեզի հարց պիտի չտայ քանի եկեղեցական գաւառներու տէր ենք ու թէ ինչն է մեր ազգային ինքնութիւնը, այլ մեզի պիտի հարցնէ որքան կարող եղանք սիրելու։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները հայցելու սիրոյ շնորհքը, որովհետեւ ,ըսաւ Ան, միայն սիրելով է որ կը գտնենք ուրախութիւնը ու կը տարածուի յոյսը։ Սիրելով բոլոր երկրորդական հարցերը կ՛անտեսուին ու առաջնահերթ կը դառնան անոնք որոնք կը մնան առ յաւէրժ՝ Աստուած ու մերձաւորը։ «Քաջութիւն՝ յառաջ, միութեան ու հաղորդութեան հոգիով» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը ու ներկաներէն խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2019, 11:00