Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիայի  Յոյն Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն հետ։

Սիւնհոդոսը, ըսաւ Քահանայապետը խորհրդարան չէ։ Սիւնհոդոս չի նշանակեր համաձայնիլ այս կամ այն հարցին շուրջ։ Ո%չ։ Եթէ Սուրբ Հոգին ներկայ չէ, սիւնհոդոս չիկայ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 2 սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական պալատի  Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ  եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։

Ունկնդրէ լուրը

Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Աւագ Արքեպիսկոպոս Գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվչուքի այս առթիւ արտասանած խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը անպատրաստից խօսք ուղղելով ներկաներուն  շեշտեց «սիւնհոդոսականութեան» կարեւորութիւնը, հաստատելով թէ «այս մէկը երբեք պէտք չէ մոռնալ, որովհետեւ այնտեղ Սուրբ Հոգին է որ կը գործէ»։

«Սիւնհոդոսը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդարան չէ։ Պէտք է հարցերը ներկայացնել, քննարկել զանոնք, սակայն անիկա խորհրդարան մը չէ։ Սիւնհոդոս չի նշանակեր համաձայնիլ այս կամ այն հարցին շուրջ։ Ոչ։ Եթէ Սուրբ Հոգին ներկայ չէ, սիւնհոդոս չիկայ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, «առ աւելին չկայ նոյնիսկ եկեղեցի ու անոր ինքնութիւնը»։

«Սուրբ Պօղոս յստակօրէն կը բացայայտէ Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը։ Եկեղեցւոյ կոչումը աւետարանելն է, անոր ինքնութիւնը աւետարանումն է» հաստատեց Սրբազան Հայրը, հրաւիրելով եպիսկոպոսները Սիւնհոդոսին մասնակցիլ այդ հոգիով Սուրբ Հոգիին ընկերակցութեամբ, աղօթելով Անոր։ Եթէ կ՛ուզէք վիճաբանեցէք իրար միջեւ սակայն գիտակից եղէք որ վերջ ի վերջոյ Սուրբ Հոգին է որ ձեզ պիտի մղէ յայտարարելու ճշմարտութիւնը ինչպէս պատահեցաւ Եփեսոսի հայրերուն որոնք վիճաբանեցան իրար միջեւ, սակայն վերջաւորութեան հաստատեցին թէ«Մարիամ Աստուծոյ մայրն է»։

«Այս է ահա ճանապարհը։ Սուրբ Հոգին։ Մենք կ՛ուզենք ըլլալ սիւնհոդոսական եկեղեցի մը եւ ընթանալ այդ ճանապարհով» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով բոլոր ներկաները միասին աղօթելու «Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը», հուսկ անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2019, 13:30