«Տալիտա Քում» համաշխարհային  ցանցի լիագումար նիստի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ «Տալիտա Քում» համաշխարհային ցանցի լիագումար նիստի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ 

«Տալիտա Քում» համաշխարհային ցանցի լիագումար նիստի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց այլ միաբանութիւններուն որպէսզի իրենք եւս միանան մարդավաճառութեան դէմ պայքարի միսիոներական գործին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 26 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ  ընդունեց մարդավաճառութեան դէմ պայքարի «Տալիտա Քում» նուիրեալ կեանքի համաշխարհային ցանցի անդրանիկ լիագումար նիստի մասնակցողները ու այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ մատնանշեց՝ Միաբանութիւններու Մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան ներշնչումով 2001 թուականին ծնունդ առած  «Տալիտա Քում» համաշխարհային ցանցի, «որ, ըսաւ Ան, այսօր կը ներկայանայ որպէս համաշխարհային ցանց մը, որ յանձնառու է մարդավաճառութեան դէմ պայքարին», նշելով որ ան «տասը տարուայ ընթացքին կարողացաւ հինգ ցամաքամասերու 90 երկիրներու մէջ համադրել 52 կրօնաւորական ցանցեր՝  2000 գործիչներով, հոգ տանելով մարդավաճառութեան թիրախ աւելի քան 15 հազար անձերու ու այլ 200 հազար անձերու երաշխաւորել տարբեր տեսակ աջակցութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը գնահատանք արտայայտեց անոնց «առաջին գիծի» վրայ տարած գործունէութեան համար, ապա ակնարկեց Լիագումար նիստի նպատակներուն, այն է քննարկել մինչեւ այժմ կտրուած ճանապարհը ու յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար ընդգծել միսիոներական առաջնահերթութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ այդ առնչութեամբ մատնանշեց նաեւ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի գաղթականներու ու փախստականներու բաժանմունքի կողմէ հրապարակուած «Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի հովուական ուղեգիծին»  որ կը բացայայտէ այսօրուայ մարտահրաւէրներու բարդութիւնները եւ ուղղութիւններ կու տայ մարդավաճառութեան դէմ պայքարի հովուական գործիչներուն։

Սրբազան Պապը հուսկ կոչ ուղղեց այլ միաբանութիւններու որպէսզի իրենք եւս միանան մարդավաճառութեան դէմ պայքարի միսիոներական գործին, մաղթանք յայտնելով որ այդ առընչութեամբ բազմապատկուին նաեւ հիմնարկներու ու բարերարներու ներդրումները։

Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ եկեղեցական հաստատութիւններու միջեւ ներդաշնակ  համագործակցութեան կարեւորութեան ինչպէս նաեւ տեղական եպիսկոպոսներուն յանձնառումին՝ որպէսզի անոնց հովանիին տակ համադրուին բոլոր աշխատանքները՝ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը դարձնելով աւելի գործնական ու վաւեր։

Ձեր հովուական գործունէութիւնը, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, կը կերտեն՝ մարդավաճառութեան հարցի դիմագրաւումին եկեղեցական հրատապ ու շօշափելի պատասխանի ճանապարհը, ապա ճառը աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով  Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին, անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները, ու խնդրելով որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2019, 12:30