«Salus Populi Romani» Տիրամաօր Մատուրը «Salus Populi Romani» Տիրամաօր Մատուրը 

Քահանայապետը Տիրամօր հովանիին յանձնեց յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութիւնը։

Դէպի Մոզամբիկ ապա Մատակասկար եւ Մաուրիցիօ ուղղուող առաքելական միջազգային ճամբորդութեան նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Կոյսին հովանիին յանձնեց ճամբորդութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 3 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, 4 սեպտեմբերին սկիզբ առնող եւ դէպի Մոզամբիկ ապա  Մատակասկար եւ Մաուրիցիօ  ուղղուող  առաքելական միջազգային ճամբորդութեան նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած՝ «Սանթա Մարիա Մաճճորէ» աւագ տաճար, Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնելու վերոնշեալ առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ, Աւագ Տաճարի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն - Սալուս Փոփուլի Ռոմանի -մարտան մէջ աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ Տիրամօր հրաշագործ սրբապատկերին առջեւ Սուրբ Կոյսին բարեխօսութեան տակ դնելով քահանայապետութեան 31-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որ սկիզբ պիտի առնէ վաղը 4 սեպտեմբերի առաւօտեան ու վերջ պիտի գնտէ 10 սեպտեմբերի երեկոյեան։

«Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» սրբապատկերը Քահանայապետին սրտին խօսող  Աստուածամօր պատկերն է։ Ան չորս դարերէ ի վեր պահպանուած է երկու Քահանայապետերու մարմարէ շիրիմներու կողքին, Կղէմէս Ը եւ Պօղոս Ե։ Եւ այս վերջինս է որ ուզած է այս պատկերը զետեղել Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի ընտանեկան մատրան մէջ, 1613 թուականին։

«Salus Populi Romani» Տիրամայրը  նկատուած է Հռոմ քաղաքի գերազանց պահպան սրբուհին որ աւանդութեան համաձայն գծագրուած է Սուրբ Ղուկասի ձեռքով ու զանազան արկածախնդիր անցուդարձներէ ետք հասած է Հռոմ։

«Ամէն տարի, Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին, կը տօնախմբուի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին փոխադրումի տօնը, որ կ՛ուզէ հանդիսանալ հաւաքական գոհաբանական աղօթք՝ այդ սրբապատկերին պարգեւին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2019, 12:53