Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսին մասունքներէն մաս մը նուիրեց Բարթողոմէոս Պատրիարքին։

«Այս մէկը միասին քալելու կերպ մըն է, օրհնութեամբ ու միասնական աղօթքի մէջ» ի ծառայութիւն մարդկային ընտանիքին որ այսօր կը փորձուի կառուցելու առանց Աստուծոյ ապագայ մը»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

29 Յունիս 2019-ի Սուրբ Անդրէասի տօնի կապակցութեամբ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզած է յատուկ նուէր մը ընծայել Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Աին։ Նուէրը բաղկացած է Առաքելապետ Սուրբ Պետրոսի աճիւններու ինը փոքրիկ մասունքներ, որոնք մաս կը կազմեն Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պահպանուած սուրբին մասունքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ 13 սեպտեմբերին լոյս տեսաւ Քահանայապետին այդ առնչութեամբ Բարթողոմէոս Ա ուղղած 30 օգոստոս թուակիր նամակը, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս կը բացատրէ թէ այդ մտայղացումը «Սուրբ Հոգիէն եկած է», ի միտ ունենալով այդ մասունքներու զետեղումը Սուրբ Պետրոսի եղբայր՝ Սուրբ Անդրէասի մասունքներուն մօտ, այն ձկնորսը որ եղաւ Յիսուսին կոչած առաքեալներուն առաջինը։

«Այս մէկը միասին քալելու կերպ մըն է, օրհնութեամբ ու միասնական աղօթքի մէջ» ի ծառայութիւն մարդկային ընտանիքին, որ այսօր կը փորձուի առանց Աստուծոյ ապագայ մը կառուցել» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ.

Նշենք որ Սուրբ Պետրոսի վերոնշեալ մասունքներու մասնատուփը հանրութեան ցոյց տրուեցաւ 24 նոյեմբեր 2013-ին՝ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած Հաւատոյ Տարուայ եզրափակիչ Սուրբ պատարագի ընթացքին։

Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսին մասունքներէն մաս մը նուիրեց Բարթողոմէոս Պատրիարքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2019, 12:30