1568455322086.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ բանտապահ ոստիկաններն ու վարչական մարմինը։

«Բանտարկեալը յիշեցէք այնպէս թէ դուք ըլլայիք անոր բանտարկութեան ընկերը»,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 14 սեպտեմբեր 2019-ի կէսօրին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ունկնդրութիւն շնորհելով Իտալիոյ բանտապահ ոստիկանութեան ու բանտի  վարչական մարմնի եօթը հազարէ աւելի անդամներուն,  յատուկ շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել անոնք, ի տես անոնց «թաքուն ու յաճախ դժուար, քիչ գնահատուած, սակայն էական« աշխատանքին համար։  

Շնորհակալու իւն ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ ձեր «պահապանի» գործէն անդին, շատ անգամ կը դառնաք մօտիկութեան ներկայութիւն, անոնց համար որոնք ինկած են չարին թակարդներուն մէջ, ու ձեր այդ գործունէութեամբ ամէն օր կը դառնաք արդարութիւն եւ յոյս հիւսողներ։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը մէջբերեց ապա Եբրայեցիներու նամակէն քաղուած խօսքը «Բանտարկեալը յիշեցէք այնպէս թէ դուք ըլլայիք անոր բանտարկութեան ընկերը», նշելով թէ այս խօսքը կը հայի նաեւ իրենց,  որոնք «դրուած են վիրաւոր մարդկութեան մը դիմաց, ճանչնալով անոր անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը», ու այս ուղղութեամբ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որոնք ոչ միայն «հսկիչներ» են այլեւ «պահապաններ», որոնք կանչուած են ըլլալու «կամուրջ» ընդմէջ բանտին եւ քաղաքացիական ընկերութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ ոստիկաններու ու վարչական մարմնի անդամներու ընտանիքներուն, որոնք, ըսաւ Ան, ձեզի թիկունք կը կանգնին ձեր այդ գործին մէջ ու ձեզ կ՛օգնեն յաղթահարելու դժուարութիւնները, Ան ապա ակնարկեց բանտերու մէջ «գերբնակուածութեան» հարցին որ «կը յառաջացնէ տկարութեան ու յուսալքումի զգացում», յարեց Սրբազան Պապը այդ ծիրէն ներս ընդգծելով հարկաւորութիւնը, բոլորին երաշխաւորելու կեանքի պատշաճ կենսապայմաններ որպէսզի բանտերը՝ վերականգնումի վայրերու փոխան, զայրոյթի ամրոցներ չի դառնան ։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը ուղղեց բանտերու մէջ գործող կղերական դասին՝ Մատրանապետեր, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ ու կամաւորներ, յանձնարարելով անոնց բանտին մէջ տանիլ «Աւետարանը» ու քաջալերելով բոլորը յառաջ ընթանալու հիմնուելով Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, որպէսզի իրենց առաքելութեամբ մխիթարութիւն շնորհեն անոնց որոնք կարիքն ունին սփոփանքի։

«Աւետարանը կը պահանջէ որ մեր ձեռքերը աղտոտենք, ան կանգ չ՛առներ մեղաւորի մը դիմաց, Յիսուս եւս այցելեց Զակքէոսը»  դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու ճառին վերջին խօսքը ուղղեց բանտարկեալներուն անոնց եւս ըսելով. «քաջութիւն»։

Նոյնինքն Յիսուս ձեզի կ՛ըսէ քաջութիւն, ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ դուք Աստուծոյ սրտին մէջ էք, դուք կարեւոր էք Անոր համար, թանկագին էք Անոր աչքերուն։ Թոյլ մի տաք կալանաւորուիլ առանց յոյսի խաւար խրճիթի մը սրտին մէջ, Աստուած աւելի մեծ է քան որեւէ հարց ու ձեզ կը սպասէ սիրով։ Դիմեցէք Խաչեալին ու այնտեղ պիտի գտնէք խաղաղութիւնը որ ծնունդ կ՛առնէ սիրուած ըլլալու  վստահութենէն ու կը ներշնչէ առաջ ընթանալու քաջութիւնը։

«Քաջութիւն երբեք մի խեղդէք յոյսին բոցը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու ճառը աւարտեց հաստատելով թէ յոյսի այդ բոցը կը հայի բոլորին պարտականութեան։ Ընկերութեան կ՛իյնայ զայն սնուցել ու այնպէս ընել որ պատիժը չի վտանգէ յոյսին իրաւունքը, ու ապահովուին հաշտութեան ու վերականգման հեռանկարները։  

«Ցմահ բանտարկութիւնը հարցերուն լուծումը չէ այլ լուծուելիք հարց մըն է» ըսաւ Քահանայապետը նշելով որ երբ խրճիթին մէջ կը փակենք յոյսը ընկերութեան համար ապագայ չկայ։

«Դուք սիրելի եղբայրներ, ձեր աշխատանքով ու ձեր  ծառայութեամբ, վկաներն էք այդ յոյսին ու վերսկսելու իրաւունքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը ու բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2019, 12:37