Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնարկ տուաւ «Արարչագործութեան խնամքի կրթական նոր պայմանագիրի» մը։

Քահանայապետը մեկնարկ տուաւ համաշխարհային մէկ ձեռնարկի, որ նախատեսուած է 2020ի մայիսի 14ին, որուն կեդրոնական նիւթն է «վերակառուցել համաշխարհային կրթական պայմանագիրը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վերակառուցել համաշխարհային կրթական պայմանագիր» մը՝ որուն նպատակը ըլլայ երաշխաւորել «տիեզերական զօրակցութեան» ու «նոր մարդասիրութեան» կրթութիւն, դիմագրաւելու համար «շարունակական փոփոխութիւններու մէջ» ու «տարբեր տագնապներ« ապրող, աշխարհի մը մարտահրաւէրները։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ուղղուած դաստիարակչութեան ու հետազօտութեան ասպարէզի գործիչներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք համաշխարհային գետնի վրայ պատասխանատուիններու տէր մարդիկ են ու մտահոգ են նոր սերունդներու ապագայով»։

Ունկնդրէ լուրը

 Ֆրանչիսկոս Պապ այս կոչը կ՛ուղղէ ի տես Վատիկանի մէջ յառաջիկայ 2020-ի մայիս 14ին գումարուելիք վերոնշեալ նիւթին շուրջ միջազգային հաւաքին։

Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ միացնելու ուժերը՝ «մոլորակի ապագայի կառուցման կերպին» շուրջ վերանորոգելու համար երկխօսութիւնը ու ստեղծելու դաստիարակչական դաշինք մը, կազմաւորելու համար հասուն մարդիկ, որոնք կարող ըլլան շրջանցել բաժանումներն ու հակառակութիւնները ու վերակառուցեն յարաբերութիւններու ցանց մը՝ ի նպաստ աւելի եղբայրական մարդկութեան։

«Դաշինք երկրի ու հասարակաց տան բոլոր բնակիչներուն միջեւ. Դաշինք որ յարգէ հասարակաց տունը ու ստեղծէ խաղաղութիւն, արդարութիւն, ու մարդկային ընտանիքի պատկան ժողովուրդներու միջեւ հիւրընկալութիւն, ինչպէս նաեւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւն» կ՛ըսէ Սրբազան Պապը այս առթիւ հրապարակած պատգամի մը մէջ։

«Դաշինք մը որուն ուղեւորութիւնը կ՛անցնի կրթական համակարգէն, որ կ՛ապրի արդի ժամանակներու մշակութային «առաքութեան» տագնապը, ուր թուայնացումը «արուեստագիտութեան արագութեան յորձանքին մէջ կը կալանաւորէ գոյութիւնը», յառաջացնելով նոր ոճեր որոնք առանց խոր թափանցումի կ՛անտեսեն  պատմութեան կողմէ մեզի յանձնուած տիպարները» կ՛ըսէ միշտ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ եւ ասկէ մեկնելով դիտել կու տայ որ այդ փոփոխութիւնը կարիքը ունի դաստիարակչական ու կրթական նոր ուղիի մը որ կը ներգրաւէ բոլորը, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Ափրիկեան ասացուածք մը «մանուկ մը կրթելու համար կարիքը կայ բոլոր գիւղի յանձնառումին»։

Առ այդ, կը հաստատէ Սրբազան Պապը, կարիքը կայ «կրթութեան գիւղի» մը ուր տարբերութիւններուն մէջ բաժնեկցուի յանձնառումը ստեղծելու՝ մարդկային բաց յարաբերութիւններ- «դաշտի մը մէջ, զոր պէտք է նախ եւ առաջ մաքրել խտրականութիւններէն, այնտեղ ցանելով եղբայրութիւնը» կը նշէ Քահանայապետը վերյիշելով  Ապու Տապիի մէջ Ալ Ազհարի աւագ Իմամին հետ ստորագրած Մարդկային Եղբայրութեան հայող փաստաթուղթը։

Այս մէկը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է համաշխարհային համընկնում «կեանքի եւ ուսմունքի միջեւ, սերունդներու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ընտանիքներու, քաղաքացիական ընկերութիւններու միջեւ, անոնց մտաւորական, գիտական, արուեստի, մարզանքի, քաղաքականութեան ու գործարարութեան եւ զօրակցութեան արտայայտութիւններով։

 Այս ծիրէն ներս «կրթութեան գիւղը» պէտք է մղէ կարեւոր երեք քայլեր. Քաջութիւն ունենալ կեդրոն ընտրելու մարդ անհատը։ Քաջութիւնը ունենալ ստեղծագործ ու պատասխանատու կերպով լաւագոյն ուժերը ներդրել, ապա քաջութիւնը՝ կազմաւորելու տրամադիր անձեր, որոնք իրենք զիրենք դնեն հասարակութեան ծառայութեան տակ։ Այնպէս ինչպէս Յիսուս ծռեցաւ ու լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2019, 12:00