1568363527393.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապ Ս. Օգոստինոսի միաբանութեան վարչական խորհուրդին. «Վկայել սէրը»։

Դուք Ակոսթինեաններդ կանչուած էք վկայելու Եկեղեցւոյ, ջերմ, կենդանի եւ տեսանելի ու վարակիչ սէրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 13 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Օգոստինոսի անուամբ միաբանութեան վարչական մարմնի անդամներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ շեշտը դրաւ զԱստուած այսօրուայ աշխարհին ճանչցնելու կարեւորութեան վրայ, մեկնելով անձնական փորձառութենէն։

Ունկնդրէ լուրը

«Դուք Ակոսթինեաններդ կանչուած էք վկայելու Եկեղեցւոյ, ջերմ, կենդանի եւ տեսանելի ու վարակիչ սէրը, հասարակական կեանքի մը միջոցաւ որ բացայայտէ Քրիստոսին ու Անոր Հոգիին ներկայութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, մատնանշելով նաեւ սիրոյ մէջ միութեան ու եղբայրական ապրումին։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ Ակոսթինեան միաբանութեան կանոններուն ու յորդորեց սիրտը միշտ սեւեռած պահել դէպի Աստուած ու առօրեայի մէջ միշտ փնտռել զԱյն ու այդ մէկը վկայել, խոստովանիլ ու յայտարարել։ «Որովհետեւ այդ է ձեր առաքելութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը, մենք այստեղ կը գտնուինք, որովհետեւ կը քալենք դէպի Աստուած որ Սէր է, եւ ասոր համար անոր կ՛երթանք սիրոյ մէջ։

«Սէրը ապա կրօնական կեանքին կեդրոնը ըլլալու է» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ պէտք է մղուինք սիրոյ զօրութեամբ ու գործենք սիրոյ արարքներով։

Խօսելով ապա հասարակաց կեանքի ու եղբայրական սիրոյ մասին, Քահանայապետը դիտել տուաւ որ խաչն է սիրոյ չափանիշը ու հրաւիրեց սիրել խաչի միջոցաւ, մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, սիրեցէք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի», «այսինքն Խաչին սիրով» շեշտեց  Սրբազան Պապ ու ճառը եզրափակեց յանձնարարելով միասին փորձարկել Աստուծոյ ներկայութիւնը հասարակութեան մէջ, ապա զայն ցոյց տալ աշխարհին։

Բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելէ ետք Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ անոնցմէ ըսելով. «Ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ եւ կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2019, 11:30