Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզաբիկի ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագը Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզաբիկի ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզաբիկի ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագը «Սիրեցէք ձեր թշնամիները»։

«Եթէ Յիսուս ըլլայ իրաւարարը ձեր սրտերուն, այդ ժամանակ Մոզամբիկը պիտի ունենայ յոյսի ապագայ մը«

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 6 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մոզամբիկի Զիմփեթօ մարզադաշտին մէջ մատուցեց ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Մոզամբիկի այցելութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագը, 60 հազարէ աւելի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ, աւանդական երգերով ու պարերով, հետեւեցան Սուրբ Զոհին։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը սրբազան արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (Գլ 6, 27) ուր Յիսուս Երանութիւնները ներկայացնելէ ետք իր աշակերտներուն կը պատգամէ «սիրել թշնամիները»։

«Այդ խօսքը ուղղուած է նաեւ մեզի, այսօր՝ այս մարզադաշտին մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Յիսուս կը հրաւիրէ սիրել թշնամին գործնական գետնի վրայ, այսինքն մեզ ատողները, անիծողները, զրպարտողները….

Ակնարկելով Մոզամբիկցիներու անցեալի տառապանքներուն, Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ որ Յիսուս մեզի չի հրաւիրեր «վերացական կամ տեսաբանական սիրոյ», Ան մեզի կ՛առաջարկէ այլ ճանապարհ  մը զոր  ինք ապրեցաւ, ճանապարհ որ զինք մղեց սիրելու անոնք որոնք զինք դաւաճանեցին, զինք ամբաստանեցին ու զինք սպանեցին։

«Դժուար է հաշտութեան մասին խօսիլ, երբ տակաւին վէրքերը արիւնոտ են» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, «թէեւ ներել չի նշանակեր անտեսել ցաւերը կամ խնդրել որ ջնջուին յիշատակն ու իտէալները» աւելցուց Ան մատնանշելով  Յիսուս Քրիստոսի արտակարգ սէր ցուցաբերելու հրաւէրին՝ սիրել  անոնք որոնք մեզ վիրաւորեցին  ու նաեւ օրհնել զանոնք ու աղօթել անոնց համար։

Յիսուս իր այդ հրաւէրով կ՛ուզէ շրջանցել «աչք աչքի դէմ» օրէնքը, որովհետեւ կարելի չէ կառուցել ապագան, կերտել հայրենիք կամ ընկերութիւն մը որ հիմնուած ըլլայ բռնութեան հաւասարութեան վրայ…«զէնքերը ու բռնարար ճնշումները փոխանակ լուծումի կը ստեղծեն նոր եւ աւելի ծանր հակամարտութիւններ» նշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, ցոյց տալով այլ ճանապարհ մը՝  այն է խաղաղութեան իրաւունքի ճանապարհը։

« Դուք իրաւունք ունիք խաղաղութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց գործնական դարձնել Յիսուսին հրաւէրը հետեւելով Անոր խրատին «ինչ որ ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, դուք  ալ նոյնն անոնց ըրէք»(Ղուկաս 6- 31)։ «Այս մէկը մեզ կը մղէ սիրելու իրար զիրար, օգնելու իրար ու նուիրելու առանց որեւէ փոխ հատուցում ակնկալելու» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ յաղթահարել բաժանումներն ու բռնութիւնը, հաշտութեան արարքի միջոցաւ, դիմելով ողորմութեան ու խնամք տանելով անոնց որոնք բացառուած ու անտեսուած են։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ Մոզամբիկի բնական ու մշակութային հարստութիւններուն ու անոր հանդերձ բնակչութեան մէջ տիրող աղքատութեան ու այս երեւոյթի դիմաց յաճախ գործադրուած չարաշահումներուն ու ասկէ մեկնելով առաջարկեց եղբայրներու միջեւ գործադրել տարբեր վարմունք մը, ուշադրութիւն դարձնելով մէկը միւսին ու պայքարելով անարդարութիւններուն դէմ, որպէսզի ձեռք բերուին խաղաղութեան եւ հաշտութեան գործիքներ ու սերմեր։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց «մենք կ՛ուզենք որ խաղաղութիւնը իշխէ ձեր սրտերուն մէջ։ Մենք կ՛ուզենք խաղաղութեան ապագայ մը։ Կ՛ուզենք որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը իշխէ ձեր սրտերուն մէջ ու Ան ըլլայ նաեւ ձեր սրտերուն իրաւարարը, որպէսզի կարողանաք քալել սիրոյ, ողորմութեան, աղքատներու մօտ ու բնութեան պաշտպանութեան ուղիին վրայ։ Խաղաղութեան ուղիին վրայ։

«Եթէ Յիսուս ըլլայ իրաւարարը ձեր սրտերուն, այդ ժամանակ Մոզամբիկը պիտի ունենայ յոյսի ապագայ մը ու ձեր երկիրը պիտի կարողանայ Աստուած փառաբանել՝ երախտագիտութեան փառաբանութիւններով, երգերով ու սաղմոսներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2019, 10:20