Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլեն յոյսը» Ֆրանչիսկոս Պապին հրաժեշտը Մոզամպիքէն։

Պահպանեցէք այդ յոյսը, թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլեն զայն։ Այդ յոյսը պահպանելու լաւագոյն ձեւը միացած մնալն է»

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Մոզամբիկի Զիմփեթօ մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, ուրբաթ 6 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու յատկապէս անոնց որոնք համագործակցեցան ճամբորդութեան պատրաստութեան ու անոր իրականացումին համար սկսեալ Մափութոյի թեմէն, եպիսկոպոսներէն, Նախագահ Նյուսին, Պետական իշխանութիւններէն մինչեւ բազմաթիւ կամաւորները, լրագրողներն ու Մափութոյի բնակիչները։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը գնահատեց ապա Մոզամբիկցիներու յանձն առած զոհողութիւնները՝ մասնակցելու համար արարողութիւններուն ու հանդիպումներուն ու յիշեց նաեւ անոնք որոնք երկիրը հարուածող վերջին Մրրիկներու պատճառաւ չի կարողացան ներկայ գտնուիլ այդ հանդիպումներուն։

«Սիրելի եղբայրներ զգացի նաեւ ձեր թիկունքը ու ձեզի կ՛ըսեմ թէ յոյսի բազմաթիւ պատճառներ ունիք։ Պահպանեցէք այդ յոյսը, թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլեն զայն։ Այդ յոյսը պահպանելու լաւագոյն ձեւը միացած մնալն է, որպէսզի այդ յոյսի աջակցող բոլոր դրդապատճառները միշտ աւելիով ամրապնդուին՝ Մոզամբիկի հաշտութեան ու խաղաղութեան ապագայի մը համար։ Աստուած ձեզ օրհնէ ու Սուրբ Կոյսը ձեզի ըլլայ պահապան։ Բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Մոզամբիկցիներէն։

Սուրբ պատարագէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը անմիջապէս ուղղուեցաւ Մափութոյի միջազգային օդակայան ուր Մոզամբիկի նախագահի ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարութենէն ետք կը բարձրանայ օդանաւ եւ կ՛ուղղուի առաքելական 31-րդ ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Մատակասկարի մայրաքաղաք՝ Անթանանարիվօ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2019, 11:10