1568097438749.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտեց Ափրիկեան ցամաքամասի առաքելական ճամբորդութիւնը։

Մոզաբիկ, Մատակասկար եւ Մուրիցիուս առաջնորդող սոյն առաքելական ճամբորդութեամբ Պապը այցելած կ՛ըլլայ 49 երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը՝ 2016-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Երեքշբաթի 10 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Անթանանարիվոյի Պապական Նուիրկութեան պալատի մէջ մատուցած առանձնական պատարագէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով նուիրակութենէն ուղղուեցաւ Անթանանարիվոյի միջազգային օդակայան, ուր Մատակասկարի Նախագահն ու քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ  հրաժեշտ տուին Նորին Սրբութեան իր այս Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին։

Ողջունելէ ետք ներկաները  Քահանայապետը բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելու դէպի Հռոմ՝ ուր ժամանումը նախատեսած է 10 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը եօթին, 10 ժամէ աւելի տեւող թռիչքէ մը ետք, որուն ընթացքին Քահանայապետական օդանաւը պիտի սաւառնի Մատակասկարի, Թանզանիայի, Քենիայի, Հարաւային Սուտանի, Եթովպիայի, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Իտալիոյ օդային տարածքներուն վրայէն։

Յայտնենք թէ Մատակասկարի Պապական նուիրակութենէն չի մեկնած Սրբազան Պապը ողջունեց 10 աղքատ ծերունիներ, որոնք կը ներկայացնէին Պապական Նուիրկաութեան մէջ ամէն ուրբաթ օր օժանդակութիւն ստացող անձեր։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը աղքատ ծերունիներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը աղքատ ծերունիներուն հետ

Անցեալ 4 սեպտեմբերին սկիզբ առած դէպի Մոզաբիկ, Մատակասկար եւ Մուրիցիուս առաջնորդող  առաքելական ճամբորդութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան շրջանի 31-րդ ճամբորդութիւնն է, ու վերոնշեալ երկիրներու հետ միասին Ան այցելած կ՛ըլլայ 49 երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը՝ 2016-ի Յունիսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2019, 08:14