Ֆրանչիսկոս Պապը  Մոզամբիկի կղերական դասին հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապը Մոզամբիկի կղերական դասին հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մոզամբիկի կղերական դասին հետ։

Սրբազան Հայրը կղերական դասը քաջալերեց Աւետարանի հռչակումին համար որոնելու մշակութայնացումի նոր ձեւեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 5 սեպտեմբերի 2019-ի յետմիջօրէին շարունակելով Մոզամբիկի առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը Նորին Սրբութիւնը Մափութոյի առաքելական նուիրակութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ՝ Մափութոյէն  ետք Մոզամբիկի կարեւորագոյն քաղաքներէն մին նկատուող Քզայ Քզայ քաղաքի բնակչութեան  պատուիրակութեան հետ։ 2000 թուականին  Քաղաքը թիրախ դարձած է Մոզամբիկը հարուածող ահեղ ջրհեղեղին։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Մափութոյի Անարատ Յղութեան նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ Մոզամբիկի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն, նորընծաներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ։

Հանդիպման սկիզբը Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մոզամբիկի Եկեղեցւոյ Կղերի եւ Նուիրեալ Կեանքի յանձնախումբի նախագահ գերապայծառ Հիլարիօ Տէ Քրուզ Մասսինկան որմէ ետք Քահանայ մը, կրօնաւորուհի մը եւ կրօնուսոյց մը հակիրճ վկայութիւններ  ներկայացուին։

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ «այսօր միասնաբար կ՛ուզենք վերանորոգել մեր պատասխանը այն կոչին որ ժամանակին բռնկեցնել տուաւ մեր սրտերը», ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուած վկայութիւններուն համար, «որոնք, ըսաւ Ան, կը խօսին ձեր ապրած դժուար ու ծանր կացութիւններու մասին, ընդունելով սահմանափակ կարողութիւնները ու տկարութիւնները ու նաեւ դիմելով Աստուծոյ ողորմութեան»։

Քահանայապետը ակնարկեց կրօնուսոյցի խօսքին որով ան կը հատատէ թէ «մենք՝ տառապանքի մասնագէտ սակայն յոյսը վառ պահող հերոս ժողովրդի մէջ  զետեղուած Եկեղեցի մըն ենք» ու այդ ուղղութեամբ մատնանշեց թէ «կոչուած ենք դիմագրաւելու իրականութիւնը ինչպէս որ է։ Ժամանակները կը փոխուին ու մենք պէտք է ընդունինք որ յաճախ չենք գիտեր ինչպէս մուտք գործել նոր  «իրականութեան» մէջ, ու յաճախ մեր նախահայրերու նման կ՛երազենք Եգիպտոսը՝ մոռնալով որ խոստացուած երկիրը կը գտնուի մեր առջեւ, ու փոխանակ Բարի Լուրը Աւետելու մռայլ պատգամը մը կը փոխանցենք, որ ոչ հրապուրիչ է եւ ոչ ալ սրտերը կը քաշէ» ըսաւ Սրբազան Պապը  ու շեշտը դրաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի արտասանած «Այոյ»ին վրայ որ եղաւ վճռակամ։

«Ան ոչ իսկ րոպէ մը տատամսեցաւ ու փորձեց նայիլ ետեւ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու բաղդատութիւն դրաւ հրեշտակի երեւումին Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի հօր Զաքարիային միջեւ,  դիտել տալով թէ ինչպէս այս վերջինս տատամսեցաւ այդ աւետումին դիմաց ու անոր համար համր դարձաւ։   

«Մենք յաճախ աւելի կը նմանինք Զաքարիային քան թէ Մարիամին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ ինչպէս Զաքարիան չէր կարողացած անջատուիլ օրէնքի տրամաբանութենէն։ «Մինչ Մարիամը չի կասկածիր, ինքնիրեն չի մտածեր, ինքզինք ամբողջութեամբ կը յանձնէ, կը վստահի» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ խրատելով քահանայական առաքելութիւնը չապրիլ աշխարհիկ մտայնութեան չափանիշերով, այլ ողորմութեան չափանիշով։ Որովհետեւ Քահանային կեանքը նուիրում է ծառայութեան մէջ եւ Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին մօտիկութեան մէջ, որուն համար հարկաւոր է վերանորոգել կոչը եւ ճշդել եթէ մեր ապրելակերպը պտղաբեր է Աստուծոյ աչքերուն դիմաց» հաստատեց

Քահանայապետը յանձնարարելով  օրինակ ըլլալ երիտասարդներուն որպէսզի մեկնելով բարի օրինակէն  իրենք զիրենք հարցադրեն իրենց կոչումի մասին ու մի գուցէ իրենց կարգին եւս կարողանան Այո ըսել Յիսուսին կոչին։

Սրբազան Հայրը կղերական դասը քաջալերեց մշակութայնացումի նոր ձեւեր որոնելու հռչակելու համար Աւետարանը, ապա մատնանշելով Մոզամբիկի բազմակրօնային ու բազմացեղային բնոյթին, յանձնարարեց գործնական կերպով սատարելու Մոզամբիկի ընկերութեան մէջ հաշտութիւնն ու միութիւնը խթանել ու զարգացնել բազմաձեւ ներդաշնակութեամբ հանդիպումի մշակոյթ մը, որուն մէջ ներգրաւել նաեւ նոր սերունդը» այս մէկը նկատելով հիմնական պահանջ կառուցելու համար խաղաղութեան, արդարութեան ու եղբայրութեան մէջ ապրող ժողովուրդ մը։

Ճառին Աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց կղերականները Մարիամի նման  դուրս ելլելու ու երթալու մինչեւ Եղիսաբեթին տունը։ «Դուք ձեզ դրէք ընթացքի մէջ ու մարտահրաւէրներուն որոնեցէք պատասխաններ,  հայցելով Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը, որովհետեւ Ան է Վարդապետը, որ կարող է մեզի ցոյց տալ նոր ճանպահները» յարեց Սրբազան Պապը բոլորէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար, ապա ճառը եզրափակեց անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ Օրհնութիւններն ու Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2019, 17:15