Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մոզամբիկի երիտասրադներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մոզամբիկի երիտասրադներուն հետ 

«Դուք Մոզամբիկի, Եկեղեցւոյ ու մարդկութեան ոչ միայն ապագան, այլ նաեւ ներկան էք». Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ու քաջալերեց երիտասարդները մնալու միացած, տարբերութիւններէ անդին, միասին ստեղծելով հնարաւորութիւններ իրակացնելու համար երկրին երազները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոզամբիկի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը 5 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան   Նախագահական Պալատ տուած այցելութենէն ետք ուղղուեցաւ  «Մաքսաքենէ»ի  համալիր ուր ներկայ գտնուեցաւ միջ կրօնական հանդիպումին տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ։

Հանդիպումին ընթացքին զանազան կրօններու պատկան երիտասարդներ գեղարուեստական յայտագիրով մը ելոյթներ ունեցան, անոնց շարքին քրիստոնեայ, իսլամ, ինտու, կաթողիկէ ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող երիտասարդներ։

Ունկնդրէ լուրը

Գեղարուեստական յայտագիրին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն ուրախութիւն յայտնելով անոնց հետ գտնուելուն համար։

Երիտասրադներ՝ կարեւոր ու թանկարժէք էք 

«Դուք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր էք որովհետեւ ոչ միայն Մոզամբիկի, Եկեղեցւոյ ու մարդկութեան ապագան էք. Դուք ներկան էք ու ձեր գործունէութեամբ արդեն կը սատարէք ներկան կերտելու։ Առանց ձեր խանդավառութեան, ձեր երգերուն, ձեր ապրելու ուրախութեան, ի՞նչ պիտի ըլլար այս երկիրը։ Դուք այս երկրին ուրախութիւնն էք ու ապրելու ուրախութիւնը ձեր հիմնական յատկանիշն է։ Բաժնեկցուած ուրախութիւն մը որ կը հաշտեցնէ ու կը դառնայ ամենալաւ հակաթիւնը անոնց որոնք կ՛ուզեն բաժնել, մասնահատել ու լարուածութիւն ստեղծել։

Շնորհակալութիւն այլ կրօններու պատկան երիտասրադներուն։ 

Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց այլ կրօններու պատկան երիտասարդներուն մատնանշելով թէ անոնք կը խթանեն խաղաղութեան հաստատումը ու թէ բոլորը մաս կը կազմեն միակ ծրագրի մը որ կը ձգտի պատմութեան նոր էջ մը գրել՝ յոյսի խաղաղութեան եւ հաշտութեան էջ մը։

Ի՞նչ ընել որպէսզի երիտասարդներուն երազները իրականութիւն դառնան

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց երիտասարդներուն կողմէ իրեն ուղղուած երկու հարցումներուն. Ի՞նչ ընել որ երիտասարդներուն երազները իրականութիւն դառնան ապա ի՞նչ ընել որպէսզի երիտասարդները եւս դիմագրաւուին երկիրը յուզող հարցերու մէջ։

Այդ ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց երիտասարդներու ուժականութեան, անոնց ստեղծագործութեան ու դէպի յառաջ նայելու կարողութեան, հաստատելով որ անոնք «կեանքին խոստումն են» ու խրախուսեց զանոնք թոյլ չտալ որ անոնցմէ խլուի իրենց իւրայատուկ կամապաշտութիւնը։

«Թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլուի ուրախութիւնը  եւ զգոյշ եղէք երազներն ո յոյսը սպանող երկու երեւոյթներէ. Համակերպութիւն ու մտատանջում»ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ անոնք կեանքի թշնամիներն են ու յաճախ կը մղեն ընտրելու դիւրին սակայն դէպի պարտութիւն առաջնորդող ճանապարհ մը, որուն գինը շատ սուղ կը վճարուի։

Ճառին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց երկու Մոզամբիկցի մարզիկներու

Ֆրանչիսկոս Պապ այդ ուղղութեամբ ակնարկեց Մոզամբիկի ոտնագունդի խաղացող Էուզեպիօ Տա Սիլվային որ հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն չի յուսահատեցաւ ու հետապնդեց իր երազները՝ իրականացնելով զանոնք։ Ան ապա կեանքը ներկայացուց որպէս խմբային խաղ մը, ուր ամէն մէկ խաղացող ունի իր յատկութիւնները ու սակայն բոլորը մէկ կը խաղան նոյն նպատակին համար։ 

«Մենք ալ եկած ենք տարբեր աւանդութիւններէ ու կը խօսինք տարբեր լեզուներ սակայն այս մէկը արգելք չեղաւ մեր հանդիպումին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քաջալերեց երիտասարդները մնալու միացած, տարբերութիւններէ անդին, միասին ստեղծելով հնարաւորութիւններ իրակացնելու համար երկրին երազները։

Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց ներկաները թշնամութեան զգացումէն «որ կործանիչ է»  ըսաւ Ան, դիտել տալով որ ամենամեծ թշնամութիւնը պատերազմն է ու պատերազմը այսօր կործանարար է աշխարհին համար ու այս մէկը կը պատահի որովհետեւ կողմերը անկարող են երկխօսութեան դիմելու։

Ստեղծել ընկերային բարեկամութիւն

«Իսկ դուք ջանացէք ստեղծել ընկերային բարեկամութիւն հակառակ որ այդ մէկը  կը նախատեսէ փոխզիջումներ ու բանակցութիւն, սակայն եթէ կարողանք   ի գործ դնել զայն կարող պիտի ըլլաք ստեղծելու հանդիպումի մշակոյթը» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը, խրատելով նաեւ երազել միասին,  կառուցելու համար Մոզամբիկի պատմութեան նոր էջը, այդ երազները իրականացնելով յոյսով ու սխալներէն վախ չունենալով։

«Մի վախնաք սխալ գործելէ, ամենամեծ սխալը պիտի ըլլար յուսալքումը, երազներէն հրաժարիլը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու ներկայացուց այլ մարզիկի օրինակը՝ վազքի մարզիկ Մարիա Մութոլան, որ տարիներ ամբողջ հետապնդելէ ետք իր երազը,  ի վերջոյ ձեռք բերաւ ողիմպիական մետալը, յաղթահարելով  անձկութիւնը։ «Անոր յաղթականները սակայն անոր մոռցնել չի տուին իր ժողովուրդը, իր արմատները, ու ան շարունակեց հոգ տանիլ Մոզամբիկի մանուկներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը թելադրելով նաեւ  որ այդ երազները իրականացնելու ընթացքին   զանց չընել տարեցները, որովհետեւ անոնք ալ կարող ենք օժանդակել այդ երազներու իրականացումին։ Անոնք մեր արմատներն են, մեր անցեալն են, մեր պատմութիւնն են ըսաւ Քահանայապետը որ երիտասարդներուն ուղղած իր սրտի խօսքին  վերջին հատուածին մէջ շեշտը դրաւ խաղաղութեան ու հասրակաց տան խնամքի վրայ։

Մասնակցիլ Խաղաղութեան գործընթացին

«Խաղաղութիւնը  ըսաւ Ան, գործնըթացք մըն է որուն հրաւիրուած էք մասնակցիլ ձեր բարեկամութեան ձեռքերը երկարելով, յատկապէս դժաուր պահերու ընթացքին»։  Երկարող ձեռք մը մեզի կը յիշեցնէ հարկաւորութիւնը յանձնառու ըլլալու նաեւ մեր հասարակաց տան խնամքին մէջ» աւելցուց Քահանայապետը մատնանշելով նաեւ վերջին ամիսներուն Մոզամբիկը հարուածող մրրիկներուն, որոնք  աղէտալի հետեւանքներ ձգեցին, ու այդ առնչութեամբ  յանձնարարելով պայքարիլ ի նպաստ բնապահպանութեան, պահպանելով  հասարակական տունը որ բոլորին եւ բոլորի համար տուն է։

Աստուած կը սիրէ ձեզ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքի աւարտին երիտասարդներուն ուզեց թողուլ վերջին պատգամ մը. «Աստուած ձեզ կը սիրէ» ըսաւ Ան։ Դուք թանկարժէք էք անոր աչքերուն եւ ասոր համար ձեզի կը յատկացնէ յատուկ ուշադրութիւն։ Անոր յիշողութիւնը ողորմութեան քնքուշ սիրտ մըն է, որ նկատի չառներ սխալները ու մեզ կ՛օգնէ մեր անկումներէն դաս քաղելու։

«Գիտեմ որ դուք կը հաւատք թէ սէրը կարող կը դարձնէ հաշտութիւնը եւ գիտնալով որ դուք կը հաւատք այդ սիրոյն վստահ եմ որ պիտի չի դադրիք հետապնդելու  խաղաղութեան ուղիները» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2019, 12:15