Ֆրանչիսկոս Պապին Մատակասակարի Ժողովուրդին յղած լսատեսողական պատգամը։

Յառաջիկայ 4 – 10 սեպտեմբեր Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Մոզամբիկը, Մատակասակարն ու Մարուցիուսը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն Մատակասակար կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական  պատգամ մը յղեց երկրին հաւատացեալներուն

Մատակասակարի Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աստուծոյ շնորհքով, մի քանի օրեր ետք ձեր մօտ պիտի ըլլամ։ Կը փափաքիմ այժմէն իսկ ձեզի փոխանցել իմ սիրալիր ողջոյնս,  որուն կ՛ընկերանայ շնորհակալութիւնս՝ այն բոլոր բաներուն համար որ ըրիք ու կը շարունակէք ընել պատրաստելու համար իմ այցելութիւնս։

Առաւելապէս շնորհակալ եմ ձեր աղօթքներուն համար, անձնական, ընտանեկան ու ժողովրդապետութիւններու հասարակական աղօթքները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու ու բանտերու աղօթքները։

Աղօթքը սահման չունի եւ երբ Մատակասակար պիտի գտնուիմ, թէեւ միայն մի քանի վայրեր պիտի այցելեմ, աղօթքով հասանելի պիտի ըլլամ բոլորին ու բոլորիդ համար կը հայցեմ Աստուծոյ օրհնութիւնները։

Սիրելի Մատակասակարի բարեկամներ, ձեր երկիրը նշանաւոր է իր բնական գեղեցկութիւններով ու ասոր համար կ՛ըսենք «Գովեալ ըլլաս»։ Մեր պարտականութիւնն է այդ գեղեցկութիւնը պահպանել խնամատարութեամբ։ Սակայն կայ նաեւ այլ մէկ գեղեցկութիւն որ Քրիստոսի ու Քահանայապետի սրտին կը խօսի. Ժողովուրդին գեղեցկութիւնը՝ այսինքն ձեր սրբութիւնը։ Ասոր համար կ՛ուզեմ ձեզ վերահաստատել հաւատքին մէջ ու միեւնոյն ատեն այդ հաւատքէն ըմպել։ Սուրբ Կոյսը մեզի համար ընդունի այդ շնորհքը։ Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2019, 18:30