Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Արարչագործութեան աղօթքի Համաշխարհային հինգերորդ օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

«Ժամն է վերագտնելու մեր կոչումը որպէս Աստուծոյ զաւակներ, եղբայրներ ու արարչագործութեան պահապաններ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուած տեսաւ որ բարի է» (Ծննդոց 1, 25)։Աստուծոյ հայեացքը սկիզբէն ի վեր քնքշութեամբ կը  հանգչի արարչագործութեան վրայ։ Բնակելիք հողէն մինչեւ կեանքին սնունդ տուող ջուրերը, ծառերէն որոնք պտուղ կը պարգեւեն մինչեւ անասունները որոնք կը բնակին հասարակաց տան մէջ, ամէն ինչ թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն որ մարդուն կը նուիրէ արարչութիւնը որպէս պաշտպանելիք թանկարժէք պարգեւ»։

Ունկնդրէ լուրը

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը սկսի մէկ սեպտեմբերին յիշատակուող Արարչագործութեան աղօթքի  Համաշխարհային հինգերորդ օրուան առթիւ հրապարակած պատգամը որուն երկրորդ հատուածին մէջ դիտել կու տայ թէ ինչպէս «մարդուն պատասխանը այդ պարգեւին յատկանշուեցաւ մեղքով ու փակումով» ինչպէս նաեւ  «անոր տիրանալու ու շահագործելու ագահութեամբ»։

«Եսասիրութիւնն ու շահը որ հանդիպումի եւ բաժնեկցութեան վայր՝ արարչութիւնը դարձուցին բախումներու ու մրցակցութեան թատրոն, վտանգի մատնեցին շրջապատը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով ապականումին, ու մարդ անհատէն կիրարկուած ամէն տեսակ չարաշահումներուն, որոնք պատճառ դարձան ջերմաստիճանի բարձրացումին, սառցադաշտերու հալումին ու այլ աղէտալի երեւոյթներու ի յայտ գալուն,  որոնք միշտ աւելիով մտահոգիչ են ու կը վերահաստատեն միջամտութիւններու հրատապութիւնը ու անոնց անյետաձգելիութիւնը։

«Ստեղծեցինք կլիմայական արտակարգ իրավիճակ մը որ ծանրապէս կը սպառնայ բնութեան ու կեանքին, ներառեալ մեր կեանքին» կը գրէ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ մենք մոռցանք մեր ով ըլլալը, այսինքն արարածներ Աստուծոյ պատկերին համաձայն, որ կանչուած ենք հասարակաց տան մէջ ապրելու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։ Մենք չենք ստեղծուած որպէս տիրապետող անհատներ, այլ որպէս կեանքի մը ցանցի կեդրոն որ կազմուած է միլիոնաւոր այլ տեսակ արարածներէ» նկատել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը ու կը շեշտէ. «Ժամն է վերագտնելու մեր կոչումը որպէս Աստուծոյ զաւակներ, եղբայրներ ու արարչագործութեան պահապաններ»։

Ժամանակն է ապաշխարանքի, ու արմատներուն վերադարձի» կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ ու զօրեղ հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր հաւատացեալներուն այս արարչութեան նուիրուած ժամանակահատուածին որ կ՛երկարի մէկ սեպտեմբերէն մինչեւ 4 հոկտեմբեր նուիրուելու աղօթքի։

«Առիթն է անգամ մը եւս մենք մեզ զգալու միացած միւս քրիստոնեայ դաւանանքներու եղբայրներուն եւ քոյրերուն ու յատկապէս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն  հետ որոնք 30 տարիներէ ի վեր միասնաբար կը յիշատակեն այսօրուան օրը։ Մենք մեզ ներդաշնակ զգանք բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն հետ, որոնց հետ միասին կանչուած ենք խթանելու կեանքի ցանքի պաշտպանութիւնը» հրաւէր կ՛ուղղէ Սրբազան Հայրը թելադրելով նաեւ աղօթքները կատարել մխրճուելով բնութեան մէջ, լռութեամբ, կարենալ ունկնդրելու համար։

Լռութեան ու աղօթքի մէջ կարող ենք ունկնդրել արարչագործութեան ներդաշնակ ձայնը որ մեզ կը խրախուսէ դուրս գալու մեր անձնակեդրոն փակումներէն, մենք մեզ վերագտնելու համար պարուրուած Աստուծոյ քնքշութեան մէջ եւ ուրախ՝ կիսելու ընկալուած պարգեւները։ «Այսպէսով որ կը կարողանանք ըսել թէ արարչագործութիւնը, կեանքի ցանցը, Տիրոջ ու մեր միջեւ հանդիպում վայր, Աստուծոյ ընկերային ցանցն է» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով որ այդ մէկը մեզ կը մղէ փառաբանութեան երգ բարձրացնելու Արարիչին։

«Այս ժամանակահատուածը առիթ է խորհրդածելու մեր կեանքի ապրելաոճի մասին ու թէ ինչպէս մեր առօրեայ ընտրանքները յաճախ անխոհեմ ու վնասակար են։ Ջանանք փոխել մեր վարմունքը եւ որդեգրենք աւելի պարզ ու յարգալից ապրելակերպ» կը յորդորէ Սրբազան Պապը հաստատելով որ  «ժամանակն է հրաժարելու հանածոյ վառելիքներէ ու դիմելու մաքուր ուժականութեան ու կայուն եւ շրջանակաձեւ տնտեսութեան», առանց մոռնալու բնիկ ժողովուրդներու ձայնը ունկնդրել, «որոնց դարաւոր իմաստութիւնը մեզ կարող է սորվեցնել աւելի լաւ ապրիլ միջավայրի հետ մեր յարաբերութիւնը»։

Ժամական է յանձն առնելու ու ի գործ դնելու մարգարէական գործողութիւններ։ Շատ մը երիտասարդներ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն համայն աշխարհի մէջ պահանջելով արի ընտրանքներ։ «Անոնք յուսահատած են  ի տես չիրականացուած խոստումներուն, յանձն առնուած ու շահերու համար մէկդի դրուած յանձնառումներուն» նկատել կու տայ Քահանայապետը աւելցնելով որ «Երիտասարդները մեզի կը յիշեցնեն որ Աշխարհը՝ շահագործուելիք բարիք մը չէ այլ փոխանցելիք ժառանգութիւն մը»։ «Անոնց պէտք է իսկական պատասխաններ տանք եւ ոչ թէ ցնորքային խօսքեր» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մեր աղօթքներն ու կոչերը ուղղուած են յատկապէս քաղաքական ու քաղաքացիական պատասխանատուներուն։ Միտքս կու գան Մովսէսին մարգարէական խօսքերը «ընտրէ կեանքը որպէսզի ապրիս դուն ու քու սերունդդ»։ Մենք ալ ընտրենք կեանքը, ոչ ըսենք մսխումին, ընտրենք հեռատես ուղիներ, որոնք յատկանշուած ըլլան այսօրուայ պատասխանատու հրաժարումներէ՝ երաշխաւորելու համար կեանքի վաղուայ հեռանկարներ» հրաւէր կ՛ուղղէ Սրբազան Պապը ու պատգամի աւարտին կը վերյիշէ  Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մօտ օրէն գումարելիք վեհաժողովը հայող կլիմայական փոփոխութիւններուն ու երկիր մոլորակի ջերմաստիճանի նուազեցումին,  ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին Վատիկանի մէջ գումարուած Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, հրաւիրելով այս հնարաւորութիւնները օգտագործել պատասխաններ տալու համար Երկրին եւ աղքատներուն ճիչին։

«Ամէն մէկ քրիստոնեայ հաւատացեալ, ամէն մէկ մարդկային ընտանիք կարող է իր սատարը տալ հիւսելու կեանքի ցանցը» կը նշէ Սրբազան Պապը պատգամի եզրափակիչ հատուածին մէջ հրաւիրելով բոլորը յանձն առնելու պատասխանատուութիւնը, աղօթքով ու յանձնառումով, պահպանելու ու խնամք տանելու արարչագործութեան։

Աստուած որ կեանքի սիրահարն է, մեզի քաջութիւն պարգեւէ, գործելու բարին, առանց սպասելու որ ուրիշներ կատարեն առաջին քայլը եւ առանց սպասելու որ ուշ ըլլայ»։

Վատիկան մէկ սեպտեմբեր 2019

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2019, 12:30