Մաուրիցիուսի մէջ Քահանայապետին այցելած վայրերը։

«Մարիամ խաղաղութեան թագուհի» յուշահամալիրը եւ «Հայր Լավալ»ի սրբավայրը :

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 

«Մարիամ խաղաղութեան թագուհի»  յուշահամալիր։

«Մարիամ խաղաղութեան թագուհի»  յուշահամալիրի բացումը տեղի ունեցած է 15 օգոստոս 1940-ին առ ի շնորհակալութիւն Աստուածամօր՝ առաջին աշխարհամարտի ընթացքին երկիրը պատերազմէն զերծ պահելուն համար։

Յուշահամալիրին ամէն բարձր կէտին վրայ տեղադրուած է  խորան մը եւ Իտալիոյ Քարրարա քաղաքի մարմարով շինուած Տիրամօր ՝ 3 մեթր բարձրութեամբ արձանը:

Յուշահամալիրը  երկրին տարբեր թեմերու հաւատացեալներուն ուխտագնացութեան վայր է ու այնտեղ է որ ընդհանրապէս կ՛իրականցուին  կարեւոր եւ յիշարժան արարողութիւններ, որոնց շարքին արժանի է յիշել՝ 1955-ին, խումբ մը քահանաներու առաջին  հասարակաց  ձեռնադրութեան արարողութիւնը, 1969-ին տեղական առաջին եպիսկոպոս Կարդինալ Ժան Մարկէոյի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը, Հայր Ժագ Տեզիրէ Լավալի երանացման առթիւ գոհաբանական սուրբ պատարագը, ապա 14 հոկտեմբեր 1989-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին Մարուցիուսի տուած այցելութեան ծիրէն ներս այնտեղ  մատուցած Սուրբ Պատարագը:

Մաուրիցիուսի « Հայր Լավալ»ի սրբավայրը :

Երանելի Հայր Ժագ Լավալը ծնած է Ֆրանսայի մէջ 1803 թուականին։ Մասնագիտութեամբ բժիշկ էր սակայն շուտով կը թողու այդ գործը ու կը վճռէ նուիրուիլ առաքելութեան։  Մաուրիցիուսի կղզի կը հասնի 1841-ին եւ կը նուիրուի Աւետարանի քարոզութեան ուր կը հիմնէ նաեւ բազմաթիւ հիւանդանոցներ եւ բուժարաններ։ Կը բանայ դպրոցներ եւ կը կառուցէ մատուռներ հոգեւոր կազմաւորումի համար։ Կ՛ապրի դաժան կեանք մը, ինքզինք զրկելով ամէն տեսակ հանգստաւէտ իրերէ եւ միջոցներէ։ 9 սեպտեմբեր 1864-ին ծանր հիւանդութեան պատճառաւ կը կնքէ իր մահկանացուն։.

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը զինք երանելի կը հռչակէ 29 ապրիլ 1979-ին, հանդիսանալով երջանկայիշատակ Քահանայապետի Քահանայապետութեան շրջանին հռչակած առաջին երանելին։

Հայր Լավալի Սրբավայրը կը գտնուի Փորթ Լուիս մայրաքաղաքին  մէջ գտնուող Սուրբ Խաբ եկեղեցւոյ տարածքէն ներս:  Ան կառուցուած է 2014-ին՝ Երանելի հայր Լավալի մահուան 150 ամեակի առթիւ:

Երանելին որ ճանչցուած է որպէս «սեւերու առաքեալ» ի տես անոր նուիրումին ՝Մաուրիցիուսի բնիկ ժողովուրդներուն աւետարանման:  Սրբավայրին մէջ պահպանուած է Երանելիին դամբանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2019, 08:00