Որոնել

1568012536171.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց 31-րդ առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը՝ Մաուրիցիուս։

Սրբազան Քահանայապետը հովուական միօրեայ այցելութիւն կու տայ Մաուրիցիուսի հանրապետութիւն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերին, Քահանայապետական առաքելական միջազգային 31-րդ ճամբորդութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հովուական միօրեայ այցելութիւն տուաւ Մաուրիցիուսի հանրապետութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը  9 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ Անթանանարիվոյի միջազգային օդակայանէն   ուղղուեցաւ  ճամբորդութեան վերջին հանգրուան հանդիսացող Մաուրիցիուսի մայրաքաղաք՝ Փորթ Լուիս, ուր ժամանեց երկու ժամ տեւող թռիչքէ ետք՝ տեղական ժամով 10.30ին (Հռոմի ժամով 8.30)։

Օդանաւի ոտքին Սրբազան Քահանայապետը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Երկրին Վարչապետէն, անոր կողակիցէն ու Փորթ Լուիսի առաջնորդ՝ Կարդինալ Մորիս Փիաթի կողմէ, ի ներկայութեան 270 է աւելի հրաւիրուած բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն։

Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգէն ետք  Սրբազան Հայրը անմիջապէս ուղղուեցաւ  Փորթ Լուիս մայրաքաղաքի Մարիամ՝ Խաղաղութեան Թագուհի՝  Տիրամօր նուիրուած յուշահամալիր, ուր նախատեսուած է օրուան սուրբ Պատարագը։

Մաուրիցիուսի առաքելական միօրայ ճամբորդութիւնը կը նախատեսէ Սուրբ պատարագ, կէսօրուան ճաշը Հնդկական Ովկիանոսի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ հինգ եպիսկոպոսներուն հետ՝  ապա  առանձնական այցելութիւն Երանելի Հայր Ժագ Լավալի նուիրուած սրբավայր,  հուսկ քաղաքավարական այցելութիւն նախագահական պալատ եւ հանդիպում  վարչապետին ու քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Երեկոյեան՝ Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Անթանարիվօ՝ ուր կը գիշերէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2019, 08:35