Որոնել

1568039532872.JPG

«Մաուրիցիուսը ներդաշնակ բազմազանութեան կղզի ու խաղաղութեան ովասիս» է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց որ քաղաքական աշխարհի գործիչները պայքարին որեւէ տեսակ խտրականութեան դէմ եւ օրինակ հանդիսանան բոլորին ու յատկապէս երիտասարդներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 9 սեպտեմբեր 2019-ին առաքելական 31-րդ միջվազային ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Մաուրիցիուսի կղզիին տուած հովուական միօրեայ այցելութեան առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը Մաուրիցիուսի  մայրաքաղաք Փորթ Լուիսի Առաջնորդարանին մէջ, կէսօրուան ճաշը կիսեց Հնդկական Ովկիանոսի տարածաշրջանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հինգ եպիսկոպոսներուն հետ ու Ճաշէն ետք այցելեց Երանելի Հայր Ժագ Տեզիրէ Լավալի սրբավայրը, ուր աղօթեց անոր շիրիմին առջեւ ու հանդիպում ունեցաւ խումբ մը հաւատացեալներու ու հիւանդներու հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Լավալի ուխտավայրին տուած այցելութենէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Մաուրիցիուսի նախագահական պալատ ուր նախ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Մաուրիցիուսի ժամանակաւոր նախագահ՝ Տիար Պարլէն Վիփուրի հետ ապա հանդիպեցաւ Երկրի վարչապետ՝ Տիար Փրավինտ Քումար Եուկնոթի հետ։

Երանելի Հայր Լավալի դամբանին առջեւ
Երանելի Հայր Լավալի դամբանին առջեւ

Վերոնշեալ հանդիպումներու աւարտին Սրբազան Պապը Նախագահական Պալատի պաշտօնական սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մաուրիցիուսի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ու երկրին մէջ գործող դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։

Ողջունելով ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար, Սրբազան Պապը յատուկէն ողջունեց այլ կրօններու եւ քրիստոնեայ դաւանանքներու ներկայացուցիչները ուրախութիւն յայտնելով հանդիպելու  Մաուրիցիուսի ժողովուրդին որ յատկանշուած է «բազմատեսակ դիմագիծով մը, մշակութային, ցեղային ու կրօնական գետնի վրայ, ու յատկապէս այն գեղեցկութեամբ՝ որ յառաջ կու գայ անոնց կարողութիւնէն ճանչնալու, յարգելու եւ ներդաշնակելու տարբերութիւնները՝ ի նպաստ միասնական ծրագիրի» ըսաւ Քահանայապետը, ակնարկելով Կղզիին պատմութեան ու այնտեղ  տարբեր վայրերէ ժամանած գաղթականներուն, «որոնք, ըսաւ Ան, սորվեցան ապրիլ միասին, ջանալով կառուցել հաւսարակաց բարիքի վրայ հիմնուած եղբայրութիւն մը», ու ասկէ մեկնելով նշեց թէ «Կղզին հեղինակաւոր ձայն մըն է որ կը  յիշեցնէ թէ կարելի է ձեռք բերել կայուն խաղաղութիւն մը, ի յայտ դնելով «համերաշխ տարբերութեան» երեւոյթը, որ հիմք ու հնարաւորութիւն է կառուցելու իսկական հաղորդութիւն մը՝ մարդկային ընտանիքին ներքոյ»։

Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները, հաւատարիմ մնալու իրենց հայրենական աւանդութիւններուն եւ այսօր եւս ընդունելու  գաղթականներուն հիւրընկալութեան եւ պաշտպանութեան մարտահրաւէրը։

«Զանոնք ընկալեցէք ձեր նախահայրերուն նման, որոնք եղան իսկական հանդիպումի մշակոյթի մը դերակատարներն ու պաշտպանները, որով ճանճացուեցաւ գաղթականներուն ու բոլորին արժանապատուութիւնն ու իրաւունքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Կղզիի ժամանակակից պատմութեան, ու անոր անկախութենէն ետք «խաղաղութեան ովասիս»  դառնալու ձգտումին։

Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց որ քաղաքական աշխարհի գործիչները պայքարին որեւէ տեսակ խտրականութեան դէմ եւ օրինակ հանդիսանան բոլորին ու յատկապէս երիտասարդներուն, պայքարելով նաեւ ամէն տեսակ կաշառակերութեան դէմ ու բացայայտելով հասարակաց բարիքի ի նպաստ ծառայութեան արժէքը։

Սրբազան Հայրը թելադրեց ապա տնտեսական աճումէ յառաջ եկած շահերը հասանելի դարձնել բոլորին ու յատկապէս երիտասարդներուն ու քաջալերեց ներկաները զարգացնելու անհատի վրայ  հիմնուած տնտեսական քաղաքականութիւն մը, որ չի բացառէ եւ ոչ մէկը ու մղէ դէպի բնապահպանական համապարփակ դարձ մը,  որուն ձգտումը ըլլայ ոչ միայն  խուսափիլ  կլիմայական դաժան երեւոյթներու իրականացումէն, այլ որոնել ապրելակերպի նոր ձեւեր, այնպէս որ տնտեսական աճը օգուտ բերէ բոլորին։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ գնահատանք արտայայտեց Մաուրիցիուսի մէջ  տարբեր կրօններու միջեւ համագործակցութեան ի տես,  «սատարելու համար ընկերային խաղաղութեան ու յիշեցնելու կեանքի  անգերազանցելի արժէքը» ըսաւ Ան, այս ծիրէն ներս վհատեցնելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սաջակցութիւնը։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց հայցելով որ Աստուած օրհնէ Մաուրիցիուսի ժողովուրդը ու բոլոր անոր ջանքերը՝ մշակոյթներու, քաղաքակրթութիւններու ու կրօնական աւանդութիւններու միջեւ խթանելու հանդիպումը, ի նպաստ աւելի արդար ընկերութեան մը, որ չի մոռնար իր զաւակները ու յատկապէս ամենէն կարիքաւորները։

«Թող Տիրոջ սէրն ու ողորմութիւնը շարունակեն ընկերանալ ձեզի ու պաշտպանել ձեզ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2019, 16:05