Որոնել

1568019483258.jpg

Երանելի Հայր Լավալի տօնին առթիւ Քահանայապետին պատարագը Մաուրիցիուսի մէջ։

«Երիտասարդները ըլլալու են մեր առաջին առաքելութիւնը, Թոյլ չտանք որ մահուան վաճառականները խլեն այս երկրին երախայրիքը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 9 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Մաուրիցիուսի կղզի կատարած միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց «Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի» սրբավայրը ուր մատոյց Երանելի Հայր Ժագ Լավալի ծիսական տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մաուրիցիուսի զանազան շրջաններէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը որ կը խօսի երանութիւններու մասին։

Երանութիւնները՝ քրիստոնեայի անձնագիր

Երանութիւնները, ըսաւ Սրբազան Պապը, քրիստոնեայի անձնաթուղթի նման են։ Լաւ քրիստոնեայ ըլլալու համար, հարկաւոր է հետեւիլ Յիսուսի երանութիւններուն,  այնպէս ինչպէս ըրաւ Մաուրիցիուսի միութեան առաքեալ՝ Երանելի Ժագ Տէզիրէ Լավալը»  նշեց Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Անոր Քրիստոսի հանդիդ ու աղքատներու նկատմամբ սէրը յատկանշեց անոր կեանքը։ Ան սորվեցաւ ստրուկներուն լեզուն ու անոնց հռչակեց փրկութեան Բարի Լուրը։ Գիտցաւ իր շուրջ հաւաքել հաւատացեալները ու զանոնք կազմաւորեց իրենց կարգին միսիոնարներ դառնալու եւ ստեղծելու քրիստոնեայ նոր հասարակութիւններ։

Երանելի Հայր Լավալի օրինակը

«Իր այս միսիոներական  ուժականութեամբ ու սիրով Հայր Լավալը Մաուրիցիուսի եկեղեցւոյ պարգեւեց նոր երիտասարդութիւն ու նոր շունչ, զոր այսօր հրաւիրուած ենք շարունակել, պահպանել, որպէսզի որպէս Եկեղեցի չիյնանք աւետարանութեան խանդավառութիւնը կորսնցնելու փորձութեան մէջ, մենք մեզ դնելով աշխարհիկ ապահովութիւններու ներքոյ, որոնք մեզ անկարող կը դարձնեն  հրապուրելու մարդիկը» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով որ միսիոներական սլացքը ունի երիտասարդ դիմագիծ ու թէ երիտասարդներն առաջիններ են որոնք կարող են իրենց խանդով, եռանդով ու նուիրումով այդ սլացքին տալ գեղեցկութիւն եւ թարմութիւն։ Եւ ասոր համար հարկաւոր է մեր հասարակութիւններուն եւ ընկերութեան մէջ յատուկ տեղ յատկացնել անոնց։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա երկրին տնտեսութեան արձանագրած աճումին հանդերձ երիտասարդներուն ապրած դժուարութիւններուն, որոնց համար անվստահ ապագայի մը իրողութիւնը, զանոնք կը մղէ իրենց կեանքը ապրելու ոչ թէ որպէս պատմութեան դերակատարներ այլ պատմութեան եզրին, եւ ենթարկուած 21-րդ դարու նորաձեւ ստրկութիւններուն։

Երիտասարդները  եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան դերակատարներ 

«Անոնք ըլլալու են մեր առաջին առաքելութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, պէտք է զանոնք հրաւիրենք Յիսուսին մէջ գտնելու իրենց երջանկութիւնը, անոնց սահմանելով յատուկ տեղեր, սորվելով անոնց ոճը, ունկնդրելով անոնց պատմութիւնները, ապրելով անոնց կողքին ու անոնց զգալ տալով Աստուծոյ օրհնութիւնները»։

«Թոյլ չտանք որ մահուան վաճառականները խլեն այս երկրին երախայրիքը» յանձնարարեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ապրիլ Աւետարանը ու ապրիլ յատկապէս Երանութիւնները։

Սրբութեան ուղին

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ ինչպէս միշտ աւելիով պակասը կայ մարդոց եւ կիներու որոնք կը ձգտին ապրիլ սրբակեաց կեանք մը ու թէ շատ մը մարդիկ կ՛ապրին առանց Յիսուս Քրիստոսի ուժին, Անոր լոյսին, մխիթարութեան եւ բարեկամութեան, եւ առանց կեանքի իմաստի մը հորիզոնին,  այս մէկը վերագրելով շատ անգամ քրիստոնեայ կեանքի ծրագրի ուրախութեամբ իրագործուած պակասին, ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, որպէսզի անոնք քրիստոնեայ կեանքի ուրախութիւնը վկայելով, ականատես ըլլան սրբութեան կոչումներու ծաղկումին։

Հայր Լավալն ալ ապրեցաւ անձկութեան պահեր, շարունակեց Քահանայապետը, սակայն անոր սրտին մէջ յաղթանակ արձանագրեց Տէրը։ Ան վստահեցաւ Տիրոջ ուժին վրայ։ «Թոյլ տանք որ այդ ուժը դպչի այս հողի բազմաթիւ մարդոց ու կիներու սրտերու  ու դպչի նաեւ մեր սրտերուն, որպէսզի անոր նորութիւնը նորոգէ մեր ու մեր հասարակութիւններուն կեանքը» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ընդգծելով որ «Ան որ եկեղեցին կը կառուցէ Հոգին Սուրբն է»։

Յանձնում Սուրբ Կոյս Մարիամին

Նորին Սրութիւնը քարոզը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։ Ան որ ցաւը ապրեցաւ սիրտը խոցող սուրի նման, որ անցաւ տառապանքի ամենադաժան ճանապարհէն, ակնատէս ըլլալով  իր  զաւակին մահուան,Անորմէ խնդրենք  Սուրբ Հոգւոյն բացուելու պարգեւը,  պարգեւը բացուելու ուրախութեան, այն մշտական ուրախութիւնը որ ետքայլ չի կատարեր եւ որ փորձարկել կու տայ ու մեզ մը մղէ հաստատելու «մեծամեծ բաներ ըրաւ Հզօրը, Սուրբ ըլլայ Անոր Անունը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2019, 10:59