1567950202523.jpg

«Մահաթազանայի» քարահանքին մէջ աղօթք աշխատաւորներուն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մատակասկարի մէջ Աքամասոայի բարեկամութեան քաղաքի տուած այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց «Քաղաքի» կողմէ մատակարարուած «Մահաթազանայի» քարահանքը որ աշխատնք կու տայ աւելի քան 700 մարդոց,  առիթ տալով անոնց ապրիլ արժանավայել կեանք մը։

Ունկնդրէ լուրը

Քարահանքին մէջ 2008 թուականի մայիս մէկին զետեղուեցաւ 600 քկ ծանրութեամբ Սիրտ Յիսուսին նուիրուած հսկայական արձան մը, որուն մօտ Նորին Սրբութիւնը՝ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ բոլոր աշխատաւորներու դիտաւորութեամբ։

Աղօթքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ

Աստուած  Հայր մեր, երկրի եւ երկնքի արարիչ, կ՛աղօթենք քեզի՝ բոլոր աշխատաւորներուն համար..անոնց տուր մարմնական առողջութիւն ու հոգեկան եռանդ, որպէսզի ճնշուած չի մնան իրենց պարտականութիւններու լուծին տակ։ Ըրէ որ անոնց աշխատանքին պտուղը թոյլ տայ անոնց որ ապրին արժանավայել կեանք մը իրենց ընտանիքներուն հետ…

Թող որ մանուկները ստիպուած չ՛ըլլան աշխատելու, թող անոնք դպրոց յաճախեն ու շարունակեն իրենց ուսմունքը։

Արդարութեան Աստուած՝ դպիր ձեռնարկատէրերու եւ ձեռնարկներու ղեկավարներու սրտերուն,  որպէսզի աշխատաւորներուն երաշխաւորեն արժանավայել թոշակ ու մարդուն արժանապատւութիւնը յարգող պայմաններ։

Հայրական ողորմութեամբդ խնամք տար անոնց որոնք աշխատազուրկ  են, այնպէս ըրէ որ անգործութիւնը վերանայ մեր ընկերութիւններէն։

Աշխատաւորներուն մէջ ստեղծէ զօրակցութեան իսկական հոգի, անարդարութիւններուն դիմաց անոնց սիրտը թող չի զիջի ատելութեան ու դառնութեան, այլ կենսունակ պահպանեն աւելի լաւ աշխարհի մը յոյսը։

Թող անոնք, կառուցողական կերպով, պահանջեն եւ իրականացնեն իրենց իրաւունքները ու անոնց ձայնն ու ճիչը լսելի ըլլայ։

Հայր մեր, դուն որ աշխատաւորներու որպէս պահապան պարգեւեցիր Սուրբ Յովսէփը, անոր կը յանձնեմ բոլոր անոնք որոնք այստեղ կ՛աշխատին ու Մատակասկարի բոլոր աշխատաւորները, յատկապէս անոնք  որոնք դժուար կացութեան մէջ են։  Թող Ան պահապան կանգնի անոնց ու Քու Զաւկիդ սիրոյն մէջ թիկունք կանգնի անոնց կեանքին եւ անոնց յոյսերուն։  Ամէն։

Նախ քան քարահանքէն հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց իսլամ երեք ղեկավարներ, 30 աշխատաւորներ եւ 20 բարերարներ ապա ուղղուեցաւ Անթանանարիվոյի «Սուրբ Միքայէլի» անուան վարժարան, ուր նախատեսուած է հանդիպում՝  Մատակասկարի կղերական դասին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2019, 15:15