Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Մատակասկարի այցելութեան նշանաբանը Ֆրանչիսկոս Պապին Մատակասկարի այցելութեան նշանաբանը 

Ֆրանչիսկոս Պապի Մատակասկարի մէջ այցելած վայրերը։

Սրբազան Քահանայապետին 6-էն- 9 սեպտեմբերին Մատակասկարի մէջ այցելած վայրերու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։

ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ   Մատակասկար որուն ծիրէն ներս կ՝այցելէ հետեւեալ վայրերը:

Մատակասկար. նախագահական «Լավոլոհա» անուամբ պալատը

Մատակասկարի  նախագահական «Լավոլոհա» անուամբ պալատը, կը գտնուի  Անթանանարիվօ  մայրաքաղաքէն 15 քմ հեռաւորութեան վրայ: Պալատը կառուցուած՝ Մատակասկարի հանրապետութեան 2-րդ նախագահ՝ Տիտիէ Ռադսիրաքայի կողմէ: Պալատը երկար տարիներ մնաց լքուածութեան մէջ ու 2014-ին վերստանձնեց իր արժէքը  դառնալով ոչ միայն նախագահի նստավայրը, այլեւ  վայր ու կը գումարուին  նախարարական խորհուրդին նիստերը ու տեղի կ՝ունենան պաշտօնական կարեւորագոյն ձեռնակները:

Քարմելիթեան «բոպիկ մայրապետներուն» վանքը :

Քարմելիթեան միաբանութեան մայրապետները Մատակասկարի մայրաքաղաքին մէջ հաստատուած են 24 սեպտեմբեր 1927-ի, Պելճիքայէն ժամանած 10 մայրապետներու շնոհիւ: Անոնք  սկզբնական շրջանին բնակչութիւն հաստատած են փոքրիկ տան մը մէջ ու միայն 24 սեպտեմբեր 1937-ին է առաջին քարի զետեղումով է որ կը սկսի  այսօրուայ վանքի շինարարական  աշխատանքները որոնք կը տեւեն շուրջ 20 տարի: Բնական աղէտներուն պատճառած վնասներու բերումով  Վանքը   տարիներու ընթացքին ենթարկուած է  շինարարական աշխատանքներու:

Վանքին հասարակութիւնը կազմուած է մշտնջենաւոր ուխտացեալ 13 փակեալ մայրապետներէ, 3 ժամանակաւոր ուխտացեալ քոյրերէ, մէկ նորընծայէ  ու մէկ փորձի շրջան անցնող թեկնածուէ։ Փակեալ մայրապետներու կեդրոնական գործունէութիւնը աղօթքն է անոնք ապաիրենց ժամանակը կը նուիրեն եկեղեցական զգեստներու եւ սպասներու պատրաստութեամբ։

Անտոհալոյի մայր տաճարը:

Տաճարը նուիրուած է Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ կառուցուած է 1873-ին:  Տաճարին օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 17 դեկտեմբեր  1890ին: Երկու զանգակատունէ կառուցուած տաճարին ճակատը տեղադրուած է  Տիրամօր արձանը նմանատիպ  Փարիզի Նոթր Տամ  տաճարին:

Տաճարին մէկ մատրան մէջ կը գտնենք  Երանելի Վիքթուար Ռազոամանարիվոյին գերեզմանը:

Երանելի Վիքթուար Ռազոամանարիվոյին  ծնած է 1848ին, հարուստ եւ մեծ համբաւ վայելող ընտանիքի մը յարկին տակ: Ան դաստիարակուած  է  իր երկրի նախահայրերու բնիկ ժողովուրդներուն աւանդութիւններով սակայն երբ 1861-ին, Յիսուսեան միաբանութեան հայրերէն խումբ մը  Մատակասկար  կը ժամանէ, երանելի Վիքթուարը կը սկսի  յաճախել Յիսուսեան հայրերու  դպրոցը եւ 1863-ին կ՛ընդունի Սուրբ  Մկրտութեան խորհուրդը։ 

1883-ի, Ֆրանսա-մալկաշեան հակամարտութեան ընթացքին, կաթողիկէ միսիոնարները՝ դաւաճանութեան բանբասանքով երկրէն կը վտարուին, սակայն Վիքթուար կը շարունակէ դաւանիլ իր քրիստոնէական հաւատքը։ Անոր կը յանձնուի «Կաթողիկէ միութիւն» անուամբ կրօնական շարժումի հոգատարութիւնը ու միեւնոյն ատեն ան  անձնուրացութեամբ կը նուիրուի բարեսիրական եւ մարդասիրական տարբեր գործունէութիւններու ի սպաս բնիկներու ու բորոտներու։  1890 անոր առողջութիւնը կը սկսի վատթարանալ ու 21 օգոստոս 1984ին, 46 տարեկանին,  Ան հոգին կ՝աւանդէ առ Աստուած:

Քոյր Վիթքուարը  երանելիներուն շարքին կը դասուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ՝ 30 ապրիլ 1989-ին, Անթանանարիվոյի մէջ։  

Աքամասոայի Բարեկամութեան Քաղաքը։

 «Աքամասոա» բառացի կը նշանակէ «լաւ բարեկամներ» ու այնտեղ գտնուող «բարեկամութեան քաղաքը»  հիմնուած է 1989ին՝ 1970-ական թուականներուն Մատակասկար ժամանած  Արժանթինցի միսիոնար՝ Հայր Փետրօ Օփէքայի ջանքերով։

«Քաղաքը»  կառուցուած է Մատակասկարի մայրաքաղաք՝ Անթանանարիվոյի «աղբակոյտ»ի մօտակայքը։ Հայր Օփեքան ուզեց վերագործարկել այդ տարածքը առիթ ընծայելով շատերուն՝ փոքր աշխատավարձով, աշխատելու այնտեղ գտնուող որձաքարի  քարահանքի մէջ։

Ներկայիս 25 հազար անձինք կ՛օգտուին այդ ծրագիրէն ու կ՛ապրին «քաղաքի» մօտը գտնուող գիւղերուն մէջ, մինչ 30 հազար աղքատներ ամէն տարի կ՛օգտուին Աքամասոայի բաժնած յատուկ օգնութիւններէն, ու 14 հազար մանուկներ առիթը ունին դպրոցական դաստիարակութիւն ընդունելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2019, 08:43