1567869170728.JPG

«Ձեր միջոցաւ ապագան մուտք կը գործէ Մատակասկարի եւ Եկեղեցւոյ մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն։

Ահա այս է մեր խնրանքը Մատակասկարի համար, ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար, թող որ յոյսին լոյսը չի մարի։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 սեպտեմբեր 201p-ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մատակասկար կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Անթանանարիվոյի Թեմին պատկան «Սոամանտրաքիզայի» տարածքին վրայ, Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Երիտասարդներու հսկումը որ սկիզբ առաւ Երիտասարդաց յանձնաժողովի նախագահ Գերապայծառ Ռազաքարիվոնի Քահանայապետին ուղղած ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցան երգեր ու պարեր, հուսկ երկու երիտասարդներու վկայութիւններու ներկայացում,  որոնց յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը։

Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երիտասարդներուն որոնք դժուարութիւններուն հանդերձ կղզիի զանազան վայրերէն եկած են մասնակցելու հանդիպումին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց  նաեւ վկայութիւններ ներկայացնող Ռովա Սիթրաքա եւ Վավի Էլիսսա երկու երիտասարդներուն, գնահատելով անոնց  շարժումի մէջ ապրած հաւատքի փորձառութիւնը ու հաստատելով որ «Յիսուսին աշակերտը չի կրնար անշարժ մնալ, պէտք է շարժի, գործէ այն վստահութեամբ որ Տէրը իրեն կ՛աջակցի»։

Կը յիշէ՞ք Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած առաջին հարցումը Յորդանան գետի մօտ «Ի՞նչ կը փնտռէք», հարց տուաւ Քահանայապետը, հաստատելով որ «Տէրը գիտէ որ մենք կը փնտռենք այն երջանկութիւնը որ ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել»  եւ ասկէ մեկնելով մատնանշեց Ռովային տուած վկայութեան ու անոր բանտին մէջ մատուցած կամաւորական աշխատանքին, նկատել տալով որ այդ աշխատանքը դարձաւ անձնական առաքելութիւն, շնորհիւ հաւատքի փնտռտուքին։

Այս մէկը քեզ մղեց փոխելու քու տեսակէտդ ։ Հասկցար թէ ինչ ձեւով Տէրը յանձնառու եղաւ քու հետդ, քեզի պարգեւելով ուրախութիւն մը որ աշխարհը չի կրնար քեզմէ խլել։ Քու այս առաքելութեանդ մէջ սորվեցար մարդիկը կոչել ոչ թէ ածականներով այլ անունով։ Ինչպէս կ՛ընէ Տէրը մեր հետ։ Ան մեզ կը կոչէ ոչ թէ մեր սխալներով, մեղքերով, սահմանափակումներով այլ մեր անունով մեզի յիշեցնելով թէ որքան մենք թանկարժէք են իրեն համար, ապա մեզի  յանձնելով առաքելութիւն մը։

«Դուն սորվեցար ճանչնալ ամէն մէկ դիմագիծի ետին պահուըտած  պատմութիւնը։ Մէկդի դրիր դիւրին քննադատութիւնը, բացայայտելու համար որ բանտին մէջ գտնուող անձերուն մէջ չկայ չարը այլ միայն չար ընտրանքները։ Անոնք ճամբան սխալեցան ու այժմ պատրաստ են սկիզբէն կտրելու զայն» աւելցուց  Քահանայապետը, այս ուղղութեամբ մատնանշելով թէ ինչպէս շատ մը երիտասարդներ, այսօր, պատրանքներ կը հետապնդեն,  որոնք զանոնք կը հրապուրեն գունագեղ, արագ, դիւրին եւ անմիջական ուրախութեամբ,  բայց որ վերջաւորութեան սիրտը, հայեացքը ու հոգին կը թողուն ճամբուն կէսին։

«Այդ ցնորքները մեզ կը սիրաշահին մեզ թմրեցնող խոստումներով, մեզմէ կը խլեն կենսունակութիւնը, ուրախութիւնը ու մեզ կը փակեն շրջանակի մը մէջ որ ելք չունի եւ լի է դառնութեամբ»– ըսաւ Քահանայապետը։

Տէրը առաջինն է որ կ՛ըսէ թէ ատիկա ուղիղ ճանապարհը չէ։ Տէրը կենդանի է եւ կ՛ուզէ որ դուն ալ կենսունակ ըլլաս, բաժնեկցելով պարգեւներն ու խարիզմները, որոնումներն ու հմտութիւնները։ Տէրը մեզ կը կոչէ մեր անունով եւ կ՛ըսէ «Հետեւէ ինծի», ոչ թէ ցնորքներու ետին վազեցնելու համար, այլ մեզմէ իւրաքանչիւրը փոխակերպելու ու դարձնելու աշակերտ միսոնար մը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ Յիսուսին հետ մշտապէս նոր հորիզոններ կան։

«Ձեր միջոցաւ ապագան  մուտք կը գործէ Մատակասկարի եւ Եկեղեցւոյ մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն  նկատել տալով որ «Տէրը առաջինն է որ կը վստահի ձեզի ու ձեզ կը հրաւիրէ վստահութիւն ունենալու դուք ձեզ վրայ ։ Ան կը հրաւիրէ միացած ըլլալու Իրեն, գրելու համար ձեր կեանքի պատմութեան ամենագեղեցիկ էջը։

Տէրը կը հրաւիրէ ձեզ ըլլալու ապագայի կառուցողները ու ձեր ուրախութեան  ու հաւատքի թարմութեան սատարը տալու, ըսաւ ապա Քահանայապետը ընդգծելով նաեւ որ աշակերտ միսիոնար ըլլալու համար կարիքը ունինք ուրիշներուն։

Մենք կանչուած ենք Յիսուսին դիմագիծը վերագտնելու ուրիշներու դիմագիծին մէջ ու հաւատքը ապրելով ընտանեկան կենցաղով, ստեղծելով եղբայրութեան կապեր, ու մասնակցելով խմբային ու հասարակական կեանքին։

«Հասարակութեան մէջ է որ կարող ենք սորվիլ ու ճանչնալ առօրեայի հրաշքները, ինչպէս նաեւ Յիսուսին հետեւելու վկայութեան գեղեցկութիւնը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով երկրորդ վկայութեան որ կ՛ակնարկեր Վավիյի ծնողներուն որոնք կը պատկանէին երկու տարբեր ցեղերու, իրենց տարբեր աւանդութիւնով եւ որ շնորհիւ փոխադարձ սիրոյ կարողացան յաղթահարել դժուարութիւնները ու իրենց զաւակներուն ցոյց տալ գեղեցիկ ճանապարհ մը որուն վրայէն քալել։

Մենք, ըսաւ Քահանայապետը ճառին աւարտին, մեծ ընտանիք մըն ենք, եւ ունինք Մայր մը,  Մատակասկարի պաշտպան Սուրբ Կոյսը։

Միշտ հիացած մնացած եմ երիտասարդ Մարիամի «այո» ին դիմաց։  Մարիամ այո ըսաւ անյապաղ, առանց տատամսելու,վստահութեամբ, յանձնառումով։

Այդ երիտասարդ աղջիկը այսօր Մայրն է որ կը հսկէ իր զաւակներուն վրայ որոնք կը քալեն կեանքի մէջ եւ որ յաճախ յոգնած ու բեռնաւորուած են, սակայն կը փափաքին յոյսի լոյս մը՝ որ երբեք չի մարի։

Ահա այս է մեր խնրանքը Մատակասկարի համար, ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար, թող որ յոյսին լոյսը չի մարի։

Սուրբ Կոյսին կը յանձնեմ ձեզ բոլորդ, ձեր ընտանիքները բարեկամները որպէսզի ձեզմէ պակաս չըլլայ յոյսին լոյսը ու Մատակասկարը միշտ ըլլայ Տիրոջ երազած երկիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2019, 17:49