Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Անդանանարիվոյի «Քարմելիթեան» փակեալ մայրապետներու վանք։ Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Անդանանարիվոյի «Քարմելիթեան» փակեալ մայրապետներու վանք։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Անթանանարիվոյի «Քարմելիթեան» փակեալ մայրապետներու վանք։

«Դուք Փակեալ Մայրապետներդ եկած էք վանք մօտիկ ըլլալու Տիրոջ ու որոնելու կատարելութեան ուղին որ կը գտնուի սիրոյ փոքրիկ արարքներուն մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մատակասկար կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 7 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան այցելութեան տուաւ  Անթանանարիվոյի Քարմելիթեան միաբանութեան վանքը :

Քարմելիթեան միաբանութեան մայրապետները Մատակասկարի մայրաքաղաքին մէջ հաստատուած են 24 սեպտեմբեր 1927-ի, Պելճիքայէն ժամանած 10 մայրապետներու շնորհիւ: Անոնք  սկզբնական շրջանին բնակչութիւն հաստատած են փոքրիկ տան մը մէջ ու միայն 24 սեպտեմբեր 1937-ին է առաջին քարի զետեղումով է որ կը սկսի  այսօրուայ վանքի շինարարական  աշխատանքները որոնք կը տեւեն շուրջ 20 տարի: Բնական աղէտներուն պատճառած վնասներու բերումով  Վանքը   տարիներու ընթացքին ենթարկուած է  շինարարական աշխատանքներու:

Ունկնդրէ լուրը

Վանք ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Վանքի մեծաւորուհիէն ու այնտեղ այս առթիւ համախմբուած տարբեր վանքերէ ժամանած 100 փակեալ մայրապետներէ ու 70 նորընծաներէ։

Վանքի մեծաւորուհհիին արտասանեց բարի գալուստի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ Երրորդ Ժամու ժամասացութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը մէկդի դնելով այս առթիւ պատրաստուած գրաւոր ճառը սրտաբուխ խօսք ուղղեց ներկաներուն ակնարկելով ժամասացութեան ընթացքին արտասանուած Սաղմոսներուն ու այդ սաղմոսներու մէջ կրկնուած քաջութիւն ունենալու բառին։

«Քաջութիւնը կարեւոր է»  ըսաւ Քահանայապետը օրինակ բերելով երկու մայրապետներու դրուագը, մէկը ծեր ու միւսը երիտասարդ, որոնք միասին կը քալէին ու երիտասարդը թիկունք կը կանգնէր ծերունիին, մինչ այս վերջինս փոխանակ շնորհակալութիւն յայտնելու  կ՛ընդվզէր  անկէ ու կը տրտնջեր ըսելով.  «ինծի հանգիստ ձգէ, ես մինակս կը քալեմ», ու այդպէս նաեւ երբ սեղանատուն կը հասնին, երիտասարդը կը ջանայ օգնել ծերունիին աթոռի վրայ նստելու համար, մինչ անիկա կը շարունակէ նախատել երիտասարդ մայրապետը, որ փոխանակ զայրանալու կը շարունակէ իր օգնութիւնն ու ծառայութիւնը մատուցել ծերունի մայրապետին՝ ժպիտով։

«Իրական պատմութիւն է այս» ըսաւ Քահանայապետը, Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի պատմութիւնն է ու այս կը ցոլացնէ հասարակական կեանքի հոգին, անոր իրականութիւնը՝ այսինքն սէրը՝ մեծ ու փոքրիկ արարքներու մէջ։

«Դուք Փակեալ Մայրապետներդ եկած էք վանք մօտիկ ըլլալու Տիրոջ ու որոնելու կատարելութեան ուղին որ կը գտնուի այս փոքրիկ քայլերուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ այդ քայլերը յաճախ ոչինչ կը համարուին, սակայն քայլեր են որոնք դէպի յառաջ կը տանին, անոնք սիրոյ օղակներ են – հաստատեց Ան նկատել տալով  որ «Եթէ կ՛ուզէք փոխել աշխարհը այդ մէկը կարելի է սիրոյ փոքրիկ արարքներով»։  

Քահանայապետը հուսկ  դարձեալ ակնարկեց վերեւ նշուած  երկու մայրապետներու  պատմութեան. «Օր մը մինչ կ՛ուղղէին դէպի սեղանատուն, Սրբուհի Թերզեան կը լսէ մեղեդի մը  որ կու գար հեռուէն, մի գուցէ խնջոյք մը, եւ Թերեզ իր մէջ կը զգայ իղձը այնտեղ գտնուելու, սակայն անմիջապէս կը հրաժարի այդ փորձութենէն՝ ինքնիրեն ըսելով թէ ոչ մի բանի համար կրնար իր կեանքը փոխել։

Դուք ալ ըսաւ Քահանայապետը շատ անգամ հրապուրուած էք աշխարհի կեանքէն։ Հարկաւոր է սակայն որ գիտնաք զատորոշում կատարել այդ պահուն։ Աշխարհիկութիւնը մաս չի կազմեր Փակեալ մայրապետներու կեանքին։ Երբ Աշխարհիկ մտածումներ պաշարեն ձեր միտքը մտաբերեցրէք  սիրոյ փոքրիկ արարքները, ինչպէս ըրաւ Սրբուհի Թերեզը որ նախընտրեց Ծերունի Մայրապետը քան աշխարհը։

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը Վանք մտնելէ առաջ պայքարեցաւ աշխարհի հոգիին դէմ, սատանայի դէմ, ու յաղթեց։  Սատանան սակայն չի հրաժարիր իր գործէն ան դարձեալ կը վերադառնայ փորձելու համար ձեզ» դիտել տուաւ Քահանայապետը մէջբերելով Աւետարանական խօսքերը ուր Յիսուս  կ՛ըսէ թէ «սատանան կ՛երթայ ու իր հետ կը բերէ այլ եօթը չար ոգիներ որոնք կ՛ուզեն մուտք գործել այդ տան մէջ», ու այդ կ՛ընեն մեծ խորամանկութեամբ։

Ուստի ուշադիր եղէք, ըսաւ Քահանայապետը, որ խորամանկ ու իրենք զիրենք բարի ձեւացուցած սատանաներու թոյլ տալու որ մտնեն ձեր սրտերուն մէջ։ Տարակոյսի պարագային աւելի լաւ է խօսիլ Մեծաւորուհիին հետ- Հոգեւոր Հօր հետ, Տիրոջ հետ։ Հաստատեց Քահանայապետը։

Ահա այս խորհուրդը կու տամ ձեզի, եթէ բան մը կայ որ կը խռովէ ձեր հանգստութիւնը խօսեցէք անոր մասին։ Հասարակութեան մէջ պէտք է օգնէք մէկը միւսին, պաշտպանելու համար սրբութիւնը, պաշտպանելու համար սէրը, հաւատքը ու վանքը, որովհետեւ սատանան կանգ չ՛առներ, որեւէ արգելքի դիմաց ու անոր դէմ պայքարելու ամենազօրեղ զէնքը  աղօթքն է որ մեզ կարող է պաշտպանել անկէ։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ակնարկելով Սրբուհի Թերեզային յորդորեց երբեք չի մոռնալ որ պայքարը շարունակական է ու կը տեւէ մինչեւ կանքին վերջին ժամը ան ապա խոստովանեցաւ որ Սրբուհի Թերեզան այժմ կ՛ընկերանայ նաեւ ինծի, իմ ծերունիի բոլոր քայլերուս։ Ան հաւատարիմ բարեկամ մըն է եւ ասոր համար է որ ուզեցի ձեզի խօսիլ իմ անձնական փորձառութեանս մասին։ Ի՞նչ է սրբուհիին պատգամը եթէ ոչ հասնիլ սրբութեան – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց «յառաջ քաջութեամբ» մաղթանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2019, 11:38