Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Մատակասկարի Նախագահական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Մատակասկարի Նախագահական պալատին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մատակասկարի Պետական իշխանութիւններուն հետ հանդիպումը։

Թոյլ չի տալ որ արտագին ներդրողները անտեսեն կամ ոտնակոխ ընեն ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 սեպտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ Քահանայապետութեան 31-րդ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Մատակասկարի մայրաքաղաք Անթանանարիվոյի այցելութիւնը սկսաւ տեղական ժամով 9-ին (Հռոմի ժամով 8-ին) Երկրին նախագահին տուած քաղաքավարական այցելութեամբ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Նախագահական պալատ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը նախ առանձնական հանդիպում ունեցաւ նախագահին հետ, ողջունեց անոր ընտանեկան պարագաները, ստորագրեց «Պատուոյ Մատեանը»  ապա պալատի «Արարողութիւններու շէնքին մէջ» հանդիպում ունեցաւ տեղական քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Հանդիպման սկիզբը Մատակասկարի նախագահին Քահանայապետին ուղղած բարի գալուստի խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով ճամբորդութեան կարելիութեան եւ հիւրընկալութեան համար ապա ակնարկեց Երկրին սահմանադրութեան, ուր դրոշմուած է Մալկաշ մշակոյթի հիմնական արժէքներէն մին «Ֆիհավանանա»ն որ «կը հրահրէ բաժնեկցութեան ու փոխադարձ օգնութեան ու զօրակցութեան հոգին» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ «ան կը ներառէ ընտանեկան կապերու ու բարեկամութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդոց բարի վարմունքը իրարու հանդէպ եւ բնութեան նկատմամբ։ 

«Այսպէս ի յայտ կու գայ ձեր ժողովուրդին «հոգին» ու այն յատկանշական ու առանձնայատուկ յատկութիւնները որոնք կ՛առանձնացնեն զայն, կը կազմեն ու թոյլ կու տան քաջութեամբ եւ անձնազոհութեամբ դիմանալու առօրեայի բազմատեսակ դժուարութիւններուն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Երկրին անկախութենէն ետք անոր ժողովուրդի կայունութեան ու խաղաղութեան ձգտումներուն, ու շեշտը դնելով այդ ձգտումները իրականացնելու քաղաքական գործիչներու դերակատարութեան վրայ, որոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, պէտք է իրենց իշխանութիւնը գործադրեն որպէս ծառայութիւն մարդկային հասարակութեան համար, պաշտպանելով իրենց քաղաքացիները ու յատկապէս դիւրաբեկները, խթանելով բոլորին համար ու բոլորին մասնակցութեամբ, արժանավայել ու արդար զարգացում։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մէջբերեց Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի «Populorum progressio» յորդորագիրէն քաղուած խօսքերը ուր Ան կը հաստատէ թէ «Երկրի մը զարգացումը չի կայանար միայն տնտեսական աճի մէջ։ Որպէսզի ան ըլլայ գործնական զարգացում պէտք է ըլլայ համապարփակ, ուստի մղուած խթանելու ամէն մէկ մարդ ու մարդը իր ամբողջութեամբ»։ 

Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները զօրեղ ու վճռակամ կերպով պայքարելու որեւէ տեսակ կաշառակերութեան ու մսխումի դէմ, որոնք կը յառուցեն ընկերային անհաւասարութիւն, ու հրաւիրեց նաեւ դիմագրաւելու «բացառութեան» իրավիճակները,  որոնք ժողովուրդը կ՛առաջնորդեն անմակարդային աղքատութեան, այս առընչութեամբ առաջարկելով ի գործ դնել բոլոր միջոցները հարստութիւններու աւելի արդար բաշխումի համար ու համապարփակ զարգացումի ի նպաստ։ 

«Համապարփակ զարգացումի մասին կարելի չէ խօսիլ առանց ուշադրութիւն դարձնելու նաեւ մեր հասարակաց տան» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով թէ այդ չի նշանակեր միայն գործիքներ գտնել մեր բնական կենսամիջոցները պահպանելու համար, այլ որոնել համապարփակ լուծումներ, որոնք նկատի առնեն բնական համակարգերու փոխազդեցութիւնը իրար միջեւ ու ընկերային համակարգերու հետ։ 

«Արդարեւ բնական ու ընկերային տագնապները իրարմէ բաժնուած չեն, այլ մաս են մէկը միւսին» հաստատեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով Մատակասկարի բնական գեղեցկութիւններուն ու անոր հարստութեան ու շեշտը դնելով անտառահատումի եւ ապականութեան հարցերու վրայ, որոնք կը սպառնան,  ըսաւ Քահանայապետը, Մատակասկարի ու հասարակաց տան ապագային։

«Անհրաժեշտ է առ այդ ստեղծել աշխատանք ու թոշակ ապահովեցնող գործունէութիւն, յարգելով բնութիւնը եւ օգնելով մարդիկը որ դուրս քան աղքատութեան իրավիճակէն» ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտը դնելով «ընկերային արդարութեան» կարեւորութեան վրայ։ 

Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղեց միջազգային հասարակութեան ու անոր ներկայացուցիչներուն, զգուշացնելով այն վտանգէն որ Մատակասկարի մէջ անոնց ներդրումները  անտեսեն ու ոտնակոխ ընեն ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւնը։

«Տնտեսութեան համաշխարհայնացումը չի կրնար մեզ տանիլ մշակութային համասեռացումի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այս ուղղութեամբ թելադրելով յարգել քաղաքացիներուն ձգտումները ու այնպէս ընել որ անոնք մաս կազմեն երկրին մէջ տիրող տնտեսական գործընթացին, «որպէսզի Միջազգային հասարակութեան կողմէ նուիրուած օգնութիւնը երկրի զարգացումի միակ գրաւականը չի դառնայ, այլ ժողովուրդը աստիճանաբար դառնայ իր ճակատագրի դերակատարը»։

«Ասոր համար պէտք է ուշադրութիւնը դարձնել ու յարգել տեղական քաղաքացիական ընկերութիւնը ու  թիկունք կանգնիլ  անոր ձեռնարկներուն, որպէսզի ձայնն  անոնց որոնք ձայն չունին, լսելի դառնայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  այդ ուղղութեամբ վստահեցնելով նաեւ  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը եւ որպէս օրինակ ներկայացնելով Երանելի Վիքթորիա Ռազոամանարիվոն «որուն իր հողին եւ իր աւանդութիւններուն նկատմամբ սիրոյ վկայութիւնը ու անոր ծառայութիւնը ի սպաս աղքատներուն, ի նշան իր Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքին, մեզի ցոյց կու տան ճանապարհը որուն կոչուած ենք հետեւիլ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց դարձեալ հաւաստիացնելով Կաթողիկէ կեղեցւոյ յանձնառումն ու կամքը՝ ընկերութեան միւս դերակատարներու ու այլ կրօններու ու դաւանանքներու հետ համագործակցութեամբ, սատարելու իսկական եղբայրութեան մը իրականացումին, որ միշտ աւելիով արժեւորէ այդ «Ֆիհավանանա», խթանելով մարդկային համապարփակ զարգացում՝ որպէսզի եւ ոչ մէկը մնայ բացառուած։ 

Այս յոյսով Աստուծմէ կը խնդրեմ որ օրհնէ Մատակասկարը ու  բոլոր անոնց որոնք զայն կը բնակին, թող պահպանէ ձեր խաղաղ, գեղեցիկ ու հիւրընկալ կղզին ու զայն դարձնէ բարգաւաճ եւ երջանիկ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2019, 09:59