Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մարեմեան Աղօթք. Քահանայապետին շնորհակալական խօսքը Մատակասկարին։

«Անարատ Մարիամը՝ որ դուք կը սիրէք եւ կը մեծարէք որպէս Մայր եւ Պաշտպան սրբուհի առաջնորդէ Մատակասկարի ուղեւորութիւնը՝ խաղաղութեան եւ յոյսին մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Անթանանարիվոյի Սոամանտրաքիզայի տարածքին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որմէ առաջ խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն յայտնեց թէ արարողութեան աւարտին կը փափաքի բոլորին փոխանցել իր սիրալիր ողջոյնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Անթանանարիվոյի Արքեպիսկոպոսին, իրեն ուղղած ազնիւ խօսքերուն համար, «ու անոր հետ, ըսաւ Սրբազան Պապը,  բոլոր եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նուիրեալ անձերուն, ընտանիքներուն, կրօնուսոյցներուն ու բոլոր հաւատացեալներուն»։

Ունկնդրէ լուրը

«Առիթէն կ՛օգտուիմ իմ երախտագիտութիւնս արտայայտելու Հանրապետութեան Նախագահին ու բոլոր քաղաքացիական իշխանութիւններուն, իրենց հոգատար հիւրընկալութեան համար, ու այս երախտագիտութիւնս կը տարածեմ նաեւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին այցելութեան յաջողութեան համար»։

«Տէրը ձեզ վարձատրէ ու օրհնէ բոլոր Մատակասկարի ժողովուրդը» յարեց ապա Քահանայապետը հրաւիրելով միասին աղօթք բարձրացնել առ մարդկութեան փրկութեան արշալոյս՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին,  որուն ծննդեան տօնը կը յիշատակուի այսօր։ «Անարատ Մարիամը՝ որ դուք կը սիրէք եւ կը մեծարէք որպէս Մայր եւ Պաշտպան սրբուհի՝ առաջնորդէ Մատակասկարի ուղեւորութիւնը,  խաղաղութեան եւ յոյսին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տալով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2019, 10:35