Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Եղէք «խաղաղութիւն եւ յոյս սերմանողներ» Ֆրանչիսկոս Պապը Մատակասկարի եպիկոպոսներուն

«Քահանաները եպիսկոպոսին մէջ տեսնելու են Հայր ու Մեծ եղբայր մը».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մատակասկարի տուած հովուական այցելութեան երկրորդ օրը՝ շաբաթ 7 սեպտեմբերի
յետմիջօրէին՝  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Անտոհալոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում դնեցաւ Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն հետ որմէ ետք այցելեց  նաեւ Երանելի Վիքթորիա Ռոզոզամանարիվոյի դամբանը։

Երանելի Վիքթորիա Ռազոամանարիվոյին  ծնած է 1848ին, հարուստ եւ մեծ համբաւ վայելող ընտանիքի մը յարկին տակ: Ան դաստիարակուած  է  իր երկրի նախահայրերու բնիկ ժողովուրդներուն աւանդութիւններով սակայն երբ 1861-ին, Յիսուսեան միաբանութեան հայրերէն խումբ մը  Մատակասկար  կը ժամանէ, երանելի Վիքթորիան կը սկսի  յաճախել Յիսուսեան հայրերու  դպրոցը եւ 1863-ին կ՛ընդունի Սուրբ  Մկրտութեան խորհուրդը։

1883-ի, Ֆրանսա-մալկաշեան հակամարտութեան ընթացքին, կաթողիկէ միսիոնարները՝ դաւաճանութեան բանբասանքով երկրէն կը վտարուին, սակայն Վիքթորիա կը շարունակէ դաւանիլ իր քրիստոնէական հաւատքը։ Անոր կը յանձնուի «Կաթողիկէ միութիւն» անուամբ կրօնական շարժումի հոգատարութիւնը ու միեւնոյն ատեն ան  անձնուրացութեամբ կը նուիրուի բարեսիրական եւ մարդասիրական տարբեր գործունէութիւններու ի սպաս բնիկներու ու բորոտներու։  1890 անոր առողջութիւնը կը սկսի վատթարանալ ու 21 օգոստոս 1984ին, 46 տարեկանին,  Ան հոգին կ՝աւանդէ առ Աստուած:

Քոյր Վիքթորիան  երանելիներուն շարքին կը դասուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ՝ 30 ապրիլ 1989-ին, Անթանանարիվոյի մէջ։  

Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոնց փոխանցած ճառին մէջ նկատել տուաւ թէ «Մատակասկարի մէջ՝ բանական հարստութեամբ օժտուած երկիր մը, որուն բնակչութիւնը սակայն կ՛ապրի աղքատութեան մէջ եւ ուր  կը տիրէ կաշառակերութիւն  ու անհաւասարութիւն, Հովիւներուն  գործը դժուար է»։

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը շեշտը դրաւ ճամբորդութեան կարգախօսին վրայ «խաղաղութեան եւ յոյսի սերմանողներ» զայն նկատելով եպիսկոպոսներուն յանձնուած առաքելութեան արձագանքը։

«Սերմանողը կը ճանչնայ իր հողը, զայն կը պատրաստէ, որպէսզի իր լաւագոյնը պարգեւէ» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ  եպիսկոպոսներս եւս սերմանողին նման կանչուած ենք ցանելու հաւատքի եւ յոյսի սերմերը ու այդ ընելու ենք մեր կարգին լաւապէս ճանչնալով հողն ու տարածքը որուն մէջ կը գործենք ։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա երկիրն մէջ տիրող դժուարութիւններուն ու եպիսկոպոսներու մտահոգութիւններուն այդ խիրէն  ներս ընդգծելով Եկեղեցի – Պետութիւն համագործակցութեան կարեւորութիւնը, առանց սակայն կորսնցնելու «Աւետարանական բնոյթը» որուն կանչուած են հովիւները» ըսաւ Ան։

«Մարդ անհատի պաշտպանութիւնը մաս կը կազմէ մեր հովուական յանձնառուին» յարեց ապա Քահանայապետը աւելցնելով որ Աստուծոյ սրտով հովիւներ ըլլալու համար պէտք է ըլլանք նաեւ առաջինները որոնք Աւետարանը կը քարոզեն աղքատներուն, «որովհետեւ անոնք Աւետարանի առանձնաշնորհեալ հասցէատէրերն են ու յատուկ եւ անբաժանելի կապ մը կայ մեր հաւատքի եւ աղքատներու միջեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը խրախուսելով եպիսկոպոսները  երբեք միայնակ չի թողուլ զանոնք, մօտիկ ըլլալ անոնց ու պաշտպանել զանոնք։

Սերմանող Հովիւ մը ամէն ինչ չի կառավարէր այլ առիթ կու տայ այլ ձեռնարկներու, թոյլ կու տայ որ սերմը աճի տարբեր ժամանակներով եւ չի փնտռէր միակերպութիւնը յարեց Սրբազան Քահանայապետը թելադրելով նաեւ մօտիկութիւն ցուցաբերել քահանաներուն ու կղերական դասին, որոնց համար եպիսկոպոսը ըլլալու է մեծ եղբայր ու հայր մը՝ որ զանոնք կը քաջալերէ իրենց ուղեւորութեան ընթացքին։

Քահանաները եպիսկոպոսներուն  մէջ գտնելու են տրամադիր հայր մը, կարող զանոնք առաջնորդելու ու անոնց թիկունք կանգնելու դժուարութեան պահերուն, որովհետեւ քահանաները իրենց վրայ կ՛առնեն Եպիսկոպոսն առաքելութեան բեռէն մաս մը ու հունձքի ժամանակ չեն զլանար իրենց սատարը բերելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ կոչումներուն, ու այդ ծիրէն ներս թեկնածուներուն պատշաճ կազմաւորում երակաւորելու։ Քահանայապետը կարեւորեց նաեւ աշխարհականներու գործունէութիւնն ու դերակատարութիւնը եկեղեցական կեանքէն ներս ու այս ուղղութեամբ նաեւ անոնց եւս երաշխաւորելու պատշաճ կազմաւորում՝ որպէսզի վեհանձնութեամբ ու նուիրումով գործեն Աւետարանին ի նպաստ։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը թելադրեց ունենալ բաց միտք ու սիրտ, իրարու միջեւ հաստատել եղբայրական երկխօսութիւն, ու կիսել պարգեւները ինչպէս նաեւ գործակցիլ իրար հետ դիմագրաւելու համար հովուական խնամակալութեան մարտահրաւէրները։

Նախ քան ներկաներուն իր օրհնութիւնը շնորհելը Սրբազան Քահանայապետը անոնց միջոցաւ ուզեց ողջունել քահանաները, կղերական դասը ու յատկապէս հիւանդ կղերականները, անոնց վստահեցնելով աղօթք եւ մօտիկութիւն հուսկ հրաւիրեց հայցել Սուրբ Կողս Մարիամի եւ Սրբուհի Ռազոամանարիվոյի բարեխօսութիւնը,  որպէսզի, ըսաւ Ան, լայնեցնեն մեր սրտերը, մեզի սորվեցնեն գթասիրութիւնը ու օգնեն սերմանելու յոյս եւ խաղաղութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2019, 15:54