Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումն ու ճառը Մատակասկարի կղերական դասին  հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումն ու ճառը Մատակասկարի կղերական դասին հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումն ու ճառը Մատակասկարի կղերական դասին հետ։

Քահանայապետը գնահատեց Մատակասկարի եկեղեցւոյ իրականալիութիւնը որ աղքատ ու աղքատներու համար եկեղեցի մըն է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 սեպտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Յիսուսեաններու պատկան  Սուրբ Միքայէլ անուամբ Վարժարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ Մատակասկարի քահանաներուն, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն, ու նորընծաներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպման ընթացքին մեկնելով՝ այն փառաբանական խօսքէն զոր Յիսուս արտասանեց 72 աշակերտներու առաքելութենէն վերադարձին (Ղուկաս 10, 21), «Օրհնեալ ըլլաս Հայր, Տէր երկնքի եւ երկրի, որ ասիկա ծածկեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն, եւ յայտնեցիր մանուկներուն» ակնարկեց Մատակասկարի եկեղեցւոյ իրականութեան ու անոր առաքելութեան դժուարութիւններուն, գնահատանք յայտնելով քահանաներուն եւ կղերական դասին գործունէութեան ու յանձնառումին համար,  որ   «նման 72 աշակերտներուն «դէպի դուրս» առաքելութիւն կը կատարէք»  ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց, երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց որոնք ժամանակի ընթացքին գիտցան որպէս գրաւական ընտրել  Յիսուս Քրիստոսը եւ իրենց առաքելութիւնը մատուցել Մատակասկարի մէջ…Լազարիսթները, Յիսուսեաները, Սուրբ Յովսէփ Տի Քլունի մայրապետները ու այլ  ռահվիրաները որոնց շարքին նաեւ աշխարհականներ՝ «որոնք հալածանքներու դժուար ժամանակներուն այս երկրի մէջ վառ պահեցին հաւատքին ջահը» հաստատեց Քահանայապետը  որ դարձեալ ակնարկելով Յիսուսին խօսքերուն, մատնանշեց  կղերական դասին ապրած առօրեայի դժուարութիւններուն, ուր շատ անգամ կը պակսին նոյնիսկ տարրական միջոցները, ջուրը, ելեկտրականութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներն ու ճանապարհներ, ինչպէս նաեւ տնտեսական միջոցները յառաջ տանելու առաքելութիւնը։ «Բայց եւ այնպէս դուք ընտրեցիք մնալ ձեր ժողովուրդին մօտ ու ասոր համար շնորհակալ եմ ձեզի ու ձեր վկայութեան համար» յարեց Քահանայապետը հաստատելով որ «օծեալ անձը այն այրն ու կինն է որ սորվեցաւ մնալ իր Տիրոջ ու անոր ժողովուրդին սրտին մէջ»։

«Յիսուսին առաջին արարքը անոր աշակերտներուն վերադարձէն ետք եղաւ գոհաբանել եւ օրհնել իր Հայրը ու այս կը յայտնէ մեր կոչումին հիմնական մէկ երեւոյթը։ Մենք փառաբանութեան մարդիկ եւ կիներ ենք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ փառաբանութեան մէջ մենք կը գտնենք մեր ինքնութիւնը ու պատկանելիութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա փորձութիւններուն որոնց մէջ կարող են իյնալ քահանաները, դիտել տալով որ փառաբանութեան մէջ կը սորվինք ուղեցոյցը չի կորսնցնել ու կը սորվինք չի կաշկանդուիլ աշխարհի ձգտումներուն ու մտածելակերպին, 72 նման մեր առաքելութեան յաջողութիւնը վերագրելով Յիսուսին, որովհետեւ Անոր անունով է որ մենք կը կատարենք զայն։

Քահանայապետը հետաքրքրական  նկատեց թէ ինչպէս Յիսուս իրեններուն գործունէութիւնը ամփոփելով կը խօսի Սատանայի վրայ յաղթանակի մասին… ու«այդ յաղթանակը կարելի է ձեռք բերել ոչ թէ մեր ուժերով այլ Յիսուսի անունով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դրուատելով որ Յիսուսի անունով է որ կը յաղթենք չարին, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք փառաբանել Երկնային Հայրը կամ պարզութեամբ կը քարոզենք Աւետարանը։ Երբ հիւանդ մը կ՛այցելենք ու սփոփանք եւ հաշտութիւն կը տանիքն անոր։ Յիսուսին անունով մենք յաղթական ենք երբ կերակուր կու տանք մանուկի մը, երբ աշխատանք կը գտնենք ընտանիքի մը հօր, երբ մայրերը կը փրկենք յուսալքումէն… մեր պայքարը յաղթական է երբ կրթութիւն ապահովեցնելով կը պայքարինք տգիտութեան դէմ, երբ կը ջանանք արարչագործութիւնը պաշտպանել չարաշահումներէն…յարեց ապա Քահանայապետը ու խրախուսեց ներկաները շարունակել պայքարիլ՝ միշտ աղօթքի եւ փառաբանութեան միջոցաւ։

Ճառին աւարտին Քահանայապետը զգուշացուց  ներկաները չարին փորձութիւններէն յանձնարարելով թոյլ չտալ որ ան  մեզմէ խլէ միսիոներականութեան ուրախութիւնը հուսկ դարձեալ մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը նշեց՝ թէ «Ան Հայրը փառաբանեց, որովհետեւ այդ բաները յայտնեց փոքրիկներուն» ու աւելցուց «Մենք ալ փոքրիկներ ենք որովհետեւ մեր ուրախութիւնը ու մեր երջանկութիւնը կը կայանայ Տիրոջ մեզի պարգեւած յայտնութեան մէջ»։

 Քահանայապետը գնահատեց Մատակասկարի եկեղեցւոյ իրականալիութիւնը որ աղքատ ու աղքատներու համար եկեղեցի մըն է, որ կ՛ապրի իր Տիրոջ բուրմունքով, ուրախութեամբ հռչակելով Բարի Լուրը աշխարհի անտեսուածներուն եւ Աստուծոյ ընտրեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առաւ ներկաներէն խնդրելով որ իր ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխացեն իրենց յանձնուած  հաւատացեալներուն ապա խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2019, 17:00