Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը «ՌԱՅ» հեռուստակայանի լրագրողներուն. «Գոյութիւն ունի բարութեան թաքնուած ծով մը զոր պէտք է ճանչցնել»

«Տարածաշրջանային լրատուութիւնը աւելի հարազատ է»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 16 սեպտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի «Քահանայապետերու» դահլիճին մէջ ընդունեց «ՌԱՅ» Իտալական հեռուստակայանի լրատուական բաժանմունքի տարածաշրջանային լրատուութեան վարչական մարմնի անդամներն ու լրագրողները, բաժանմունքի գործունէութեան 40 ամեակին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց համաշխարհայնացումին, զայն բաժնելով եկրու մասի՝ վնասակար ու բարի համաշխարհայնացում, ու հաստատելով որ համաշխարհայնացումը ինքնին վատ բան մը չէ, ընդհակառակը ան հակում ունի միացնելու ու կարող է սատարել մէկը միւսին անդամ դառնալու համար։

«Անոր գործադրութեան ձեւն է որ կարող է վնասակար ըլլալ» ըսաւ Սրբազան Պապը, երբ ան կը ջանայ բոլորը միաձեւ դարձնել, եւ կ՛անտեսէ ամէն մէկ ժողովուրդի յատկութիւններն ու հարստութիւնը, փոխանակ արժեւորելու տարբերութիւնները, մշակոյթները, պատմութիւնն ու աւանդութիւնները։

Սրաբզան Հայրը այդ ուղղութեամբ գնահատեց տարածաշրջանային լրատուութիւնը, որ՝ ըսաւ Ան, կանչուած է ձայն տալ Իատլիոյ տարբեր մարզերու իրականութիւններուն, ունեանլով երկու ուղղութեամբ առաեքլութիւն. մուտք գործել ու մաս կազմել տեղական առօրեայի կեանքին ապա այդ կեանքի իրականութիւնը, անոր արժէքներն ու պատմութիւնը  փոխանցել աւելի լայն հորիզոնի մը, ձայն տալով աղքատութեան, մարտհարւէրներուն, ընտանիքներու ու մարդկանց հարցերուն, ինչպէս նաեւ հաւատքի վկայութիւններուն։

Առ այդ ըսաւ Սրբազան Քահանայապտեը այդ շրջանային տեղեկատուութիւնը աւելի «թերի» չէ քան ազգայինը, ընդհակառակը ան աւելի հարազատ է, որովհետեւ կը ձգտի ձայն տալ մարդոց հարցերուն» յարեց Սրաբզան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր նեկաներուն, իրենց մատուցած ծառայութեան համար, ու ընդգծելով «լուրերը ամբողջականութեամբ հաղորդելու» հարկաւորութիւնը, հուսկ քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց գործունէութիւնը, նշելով թէ «գոյութիւն ունի բարութեան թաքնուած ծով մը զոր կ՛արժէ ճանչցնել»։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2019, 11:57