Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը ընդունեց Իտալական Վիրաբուժերու եւ Ատամնաբուժներու ազգային դաշնութեան անդամները։

«Բժշկութիւնը մարդու ծառայութեան տակ է, համայն մարդուն ու ամէն մէկ մարդու» ըսաւ Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 20 սեպտեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս պաշտօնական այլ հանդիպումներու, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Վիրաբուժերու եւ Ատամնաբուժներու ազգային դաշնութեան անդամներուն, որուն  առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ «բժշկութիւնը բնորոշմամբ, դրուած է մարդկային կեանքի ծառայութեան տակ, ու ան կը հայի մարդ անհատի հոգեկան եւ նիւթական ամբողջականութեան, ըլլայ անոր անհատական ըլլայ ընկերային ոլորտին մէջ»։

Ունկնդրէ լուրը

«Բժշկութիւնը մարդու ծառայութեան տակ է, համայն մարդուն ու ամէն մէկ մարդու» ըսաւ Սրբազան Պապը ներկաներուն յիշեցնելով որ բժիշկները կանչուած են  հիւանդին հետ վերաբերուելու «մարդկային տեսլականով», նկատի ունենալով անոր անձի եզակիութիւնը։

«Այս կը նշանակէ բացի արուեստագիտական ու մասնագիտական ունակութենէն բժիշկները ունենալու են արժէքներու ծածկագիր որ իմաստ տայ հիւանդութեան ու աշխատանքին, իւրաքանչիւր հիւանդութեան դէպք դարձնելով մարդկային հանդիպում»։

Քահանայապետը հուսկ շեշտը դրաւ բժիշկներու յանձնառումին վրայ՝ ի նպաստ մարդկային կեանքի ու անոր սրբութեան պաշտպանութեան, մինչ ճառը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները ու զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին՝ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2019, 12:36