Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումը նորօծ եպիսկոպոսներուն հետ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումը նորօծ եպիսկոպոսներուն հետ 

«Էական է որ Եպիսկոպոսը մօտ ըլլայ Աստուծոյ ու Անոր ժողովուրդին» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը հանդիպեցաւ կազմաւորումի դասընթացքի հետեւող նորօծ եպիսկոպոսներուն որոնց շարքին էր Արհ. Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեանը՝ Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին առաջնորդը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4էն 11 սեպտեմբեր 2019-ին, Վատիկանի մէջ կայացաւ կազմաւորումի դասընթացք մը կազմակերպուած  Եպիսկոպոսներու Ժողովի ու Արեւելեան Եկեղեցիներու  ժողվի կողմէ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վերջին տարուայ ընթացքին ձեռնադրուած եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին էր նաեւ՝  Արհիապատիւ Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեանը՝ Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին առաջնորդը, որուն եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր անցեալ տարի՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին օրը՝ 12 օգոստոս 2018-ին, Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր Սրբավայրին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ իր սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ Ժողովներու կառավարիչներ՝ Կարդինալ Ուելլէին եւ Կարդինալ Սանտրիին  ապա ակնարկեց Բարի Հովիւի տիպարին ու անոր մօտիկութեան յատկութեան։

«Մենք ըսաւ Սրբազան Պապը ուրիշ ուժ չենք ճանչնար եթէ ոչ Բարի Հովիւին ուժը, կեանքը զոհելու  ուժը ու սիրով մօտեցնելու մարդիկը գերագոյն Սիրոյն։ Մեր առաքելութիւնն է Եկեղեցւոյ ու աշխարհին  համար ըլլալ Աստուծոյ մօտիկութեան «սրբութիւններ- խորհուրդներ», աւելցուց Ան, ու խօսքը կեդրոնացուց Եպիսկոպոսի հիմնական յատկանիշի մը վրայ. «Ըլլալ մօտիկ Աստուծոյ եւ Անոր Ժողովուրդին»։

«Աստուծոյ մօտիկ ըլլալը Եպիսկոպոսի առաքելութեան ակնաղբիւրն է» հաստատեց Քահանայապետը, Աստուած մեզ կը սիրէ ու մեզի մօտիկ եղաւ մեր երեւակայածէն անդին, մարմնացաւ մեզ փրկելու համար։ Այս աւետիսը մեր հաւատքին սիրտն է ու պէտք է կանխէ որեւէ մէկ ձեռնարկ։ Մենք գոյութիւն ունինք զգալի դարձնելու այդ մօտիկութիւնը որ կարելի է  փոխանցել միայն երբ մենք, որպէս առաջիններ, կը փորձարկենք զայն մեր կեանքի առօրեային մէջ, աղօթքի միջոցաւ, դիմելով Յիսուսին, Անոր տանելով մեր ժողովուրդին անձկութիւնները,  որպէսզի ան կարողանայ բնակիլ ժողովուրդին մէջ։

«Առանց Սերմնացանին հետ մօտիկութեան դժուար պիտի ըլլայ առաջնորդել հօտը։ Առանց Յիսուսին, ուշ թէ կանուխ կը տիրէ յուսալքում, ու յոռետեսութիւն։ Միայն Յիսուսին հետ մեր սրտին մէջ կը հաստատուի այն անդորրութիւնը որուն պէտք ունին մեր եղբայրներն ու քոյրերը»  ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը ընդգծելով նաեւ որ «Յիսուս կը սիրէ մեր միջոցաւ, մեր եղբայրներուն կը մօտենայ մեր բաց,  շոյող ու մխիթարող ձեռքերուն միջոցաւ, մեր խօսքերով՝ որոնք կ՛արտասանուին Աւետարանը տարածելու աշխարհին մէջ, մեր սրտով որ իր վրայ կ՛առնէ եղբայրներու ցաւերն ու ուրախութիւնները։

«Մեր կեանքի ապրումով պարտականութիւնն ունինք աշխարհին հաղորդել կեանքի նոր ու տարբեր չափանիշ մը՝ անսահման սիրոյ չափանիշը, որ չի նայիր անձնական շահերուն այլ Աստուծոյ ողորմութեան  անծայրածիր հորիզոնին» նշեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ այդ մօտիկութիւնը,  «իսկական ու գործնական տրամադրութիւն է», կը նշանակէ ապրիլ մեր հօտին մօտ, անոնց հետ, ոչ թէ գրասենեակին մէջ, զանոնք ողջագուրելով, ժամանակ անցնելով անոնց հետ, խնամելով անոնց վէրքերը, մեր ձեռքերը աղտոտելով….

«Մօտ ըլլալ կը նշանակէ նոյնանալ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ» հաստատեց ապա Քահանայապետը  այս ուղղութեամբ դիտել տալով որ մօտիկութեան ջերմաչափը յետիններուն ու աղքատներուն ուշադրութիւն դարձնելն է, ապա թելադրեց ապրիլ պարզ կեանք մը՝ վկայելով Յիսուս Քրիստոսը։

«Մենք կարիքը ունինք եպիսկոպոսներու որոնք իրենց հասարակութիւններուն սրտի տրոփումը կը ճանչնան ու կը ճանչնան նաեւ իրեն քահանաներուն սրտերը։ Կարիքը ունինք «ունկնդրութեան առաքեալներու» որոնք գիտեն անսալ ուրիշներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերելով  եպիսկոպոսները  զանց չընելու հովուական այցելութիւնները ու ժողովուրդին տանելու Տիրոջ մխիթարութիւնը։

Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները յատուկ մօտիկութիւն ցուցաբերելու  նաեւ իրենց քահանաներուն։ Անոնք ալ դժուարութիւններ կ՛ապրին… անոնք ալ կարիքը ունի սիրուելու ու քաջալերուելու։ Անոնց կեանքը ալ ձերինին նման եղած է «բացերը երթալու», յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու սրտի խօսքը եզրափակեց ըսելով. «քաջութիւն ուրեմն սիրելի եղբայրներ» ու բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթել ինծի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2019, 12:03