Որոնել

Քահանայապետը  զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ Քահանայապետը զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մամլոյ ասուլիսը Ափրիկէէն վերադարձի թռիչքի ընթացքին։

Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին դէպի Հռոմ առաջնորդող ճանապարհորդութեան ընթացքին. Քահանայապետը սովորութեան համաձայն զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, պատասխանելով անոնց հարցումներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան


Մէկ ու կէս ժամ տեւած ասուլիսի ընթացքին Քահանայապետը յիշեց իրեն հանդիպած մանուկներուն ուրախութիւնը ու հաստատեց թէ «Պետութիւնը պարտականութիւնը ունի հոգ տանելու ընտանիքին»։ Ան ապա այլատեացութիւնը հիւանդութիւն նկատեց ու կոչ ուղղեց պաշտպանելու ժողովուրդներու ինքնութիւնը՝ գաղափարական գաղութատիրութենէն։ Խօսելով հուսկ իրեն դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն ու հերձուածութեան վտանգին պատասխանեց «կ՛աղօթեմ որ այդ մէկը չի պատահի»։

Ունկնդրէ լուրը

«Անոնք մնացին այնտեղ իրենց մանուկներուն հետ, հակառակ, քամիին, անօթութեան ու թշուառութեան, իրենց զօրեղ հաւատքով։ Բազմաթիւ աղքատներ կային այնտեղ, ոմանք նոյնիսկ կերակուր չի կերան, ու հակառակ ամէն ինչի ուրախ էին։ Կ՛ուզէին Քահանայապետը տեսնել։ «Տեսարան մը որ չեմ կրնար մոռնալ», ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտը դնելով միասիրտ «ժողովուրդ» ըլլալու յատկութեան վրայ եւ զգուշացնելով բոլոր անոնցմէ որոնք կը կորսնցնեն ժողովրդական այդ ուրախութեան իմաստը։

«Ժողովուրդ ըլլալու ու ինքնութիւն մը ունենալու գիտակցութիւնը կը համախմբէ մարդիկը ու այդ ժողովուրդին մաս կազմելու նշանը՝ ուրախութիւնն է, հաւաքական ուրախութիւնը. Մինչ անոնք որոնք կ՛ապրին տխրութեան ու առանձնութեան մէջ, կորսնցուցած են իրենց մշակութային արմատները» ըսաւ Քահանայապետը։

Ընտանիք, երիտասարդներ ու Պետութեան պարտականութիւնը։

Ափրիկէի դիմաց որ երիտասարդ է կայ ծերացած Եւրոպան որ դադրած է զաւակներ ունենալէ։Քահանայապետը երկար խօսեցաւ այս նիւթին շուրջ, դիտել տալով որ այդ հարցին արմատը բարեկեցութիւնն է, ու այն կաշկանդումը որ կը նախընտրէ՝ հարստութիւն դիզել քան զաւակ ունենալ։

Ֆրանչիսկոս հուսկ գնահատանք արտայայտեց Մաուրիցիուսի Վարչապետին, որ իրեն խոստովանած է թէ ցանկութիւնն ունի երկիրը օժտելու երիտասարդներուն վերապահուած դաստիարակչական ու կազմաւորումի ձրի համակարգով։ Ապա մատնանշելով փոքրիկ աղջկայ մը դրուագին որ Փորթ Լուիսի պատարագի ընթացքին հեռացած էր ծնողներէն ու կորսուած, ու միայն ոստիկանութեան միջամտութեամբ կարողացաւ դարձեալ միանալ իր ծնողաց, Քահանայապետը շեշտեց որ «Պետութիւնը պարտական է խնամք տանիլ ընտանիքն ու երիտասարդներուն»։

Ընտանիքը պատասխանատուութիւնը ունի կրթելու զաւակները ու զանոնք աճեցնելու, սակայն ան յաճախ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ, ու «Մատակասկարի մէջ այդ մէկը զօդուած էր աղքատութեան, աշխատանքի պակասին ու նեաւ չարաշահումին» նշեց Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ կարեւորելով աշխատանքն ու ընտանիքը պաշտպանող օրէնքներու որդեգրումը։

Խաղաղութիւնը ներում է

Քահանայապետը երկար խօսեցաւ նաեւ Մոզամբիկի խաղաղութեան գործընթացի մասին, որուն առաջին համաձայնութիւնը կնքուած էր 1992-ին Հռոմի մէջ, շնորհիւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան միջամտութեան։ Պիոս ԺԲ քահանայապետին կոչն ու հրաւէրը կրկնելով Սրբազան Պապը հաստատեց թէ «խաղաղութեամբ ոչ մի բան կը կորսուի, մինչ ամէն ինչ կը կորսուի պատերազմով»։
Ան ապա դիտել տուաւ որ խաղաղութիւնը դիւրաբեկ է ու թէ անոր հետ պէտք է վարուինք նորածինի նման, քնքշութեամբ, ներումով։ Ու պատասխանելով այլատեացութեան մասին մէկ հարցումին հաստատեց թէ «ան հիւանդութիւն է», ու վերյիշեց Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը։

«Հարկաւոր է պայքարիլ այլատեացութեան երեւոյթին դէմ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով միջ կրօնական եղբայրութեան՝ որուն ականատես եղաւ այցելած երեք երկիրներու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ երկար ժամանակ տրամադրեց սպանական Efe լրատու գործակալութեան լրագրողներուն, գործակալութեան 80 ամեակին առթիւ, ու պատասխանելով անոնց հարցումներուն՝ չի ժխտելով հանդերձ Սպանիա տալիք առաքելական ճամբորդութեան մը կարելութիւնը, հաստատեց թէ ինք կը նախընտրէ նախ այցելել փոքրիկ երկիրները։

Պատասխանելով ապա հաղորդակցութեան աշխարհի մասին հարցումի մը, վերահաստատեց թէ այդ ասպարէզէն ներս պէտք է նկատառումներէ անդին առաջնութիւն տրուի «փաստին», աւելեցնելով որ հաղորդակցութիւնը պէտք է ըլլայ մարդկային, ու մարդկային ըսելով կ՛ուզեմ հասկնալ կառուցողական՝ այսինքն սատարէ միւսին աճումին ու երբեք չ՛օգտագործուի որպէս պատերազմի գործիք։

Գաղութատիրութիւն, բնապահպանութիւն։

Այլ հարցումներու պատասխանելով Քահանայապետը շեշտը դրաւ «գաղափարական գաղութատիրութիւններու» հարցին վրայ, որոնք կը ոչնչացնեն ժողովուրդներուն ինքնութիւնը, ըսաւ Ան, ապա ակնարկեց «բնապահպանութեան» հարցին ու այդ ուղղութեամբ բոլորին յանձնառումի կարեւորութեան, անգամ մը եւս դատապարտելով կաշառակերութեան, մարդկային չարաշահումներու ու այլ տեսակ շահագործումներու երեւոյթները։

Քահանայապետին ուղղուած վերջին հարցումը կը վերաբերէր ամերիկեան որոշ շրջանակներուն Քահանայապետութեան դէմ կատարած քննադատութիւններուն, որուն պատասխանելով Քահանայապետը նշեց որ «քննադատութիւնները միշտ ալ օգուտ են, որովհետեւ կ՛օգնեն ինքնադատութիւն կատարելու»։

Քննադատութիւններ կան ու ոչ միայն Ամերիկեան միջավայրերու մէջ, անոնք գոյութիւն ունինք նաեւ Քուրիայի մէջ, ու ես չեմ գնահատեր անոնց որոնք դաւաճանութեամբ կը կատարեն այդ քննադատութիւնները իրենք զիրենք բարեկամ ձեւացնելով ու կռնակի ետեւէն դաշունահարելով» ըսաւ Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ «հերձուածութեան վտանգին» հաստատելով թէ ցաւօք անոնք եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ միշտ ալ տեղի ունեցած են, այդ առընչութեամբ ներկայացնելով մի քանի օրինակներ, մինչեի «Լը Ֆեպրի» բաժանումը։

Ես վախ չունիմ այդ վտանգէն ու կ՛աղօթեմ որպէսզի անոնք գոյութիւն չունենան սակայն կը պահանջեմ նաեւ որ միշտ երկխօսութիւն կատարուի ու անոր միջոցաւ սխալները, եթէ կան, շտկուին։ Խստութեան ետին միշտ հարցեր կան ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ասոր համար պէտք է դիմել հեզութեան ու խոնարհութեամբ վարուիլ այն անձերուն հետ որոնք փորձուած են դիմելու բաժանումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2019, 21:30