Որոնել

1568453822578.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Աբրահամ» հասարակութեան հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 14 սեպտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց իտալական «Աբրահամ» հասարակութեան 700 անդամներուն, հասարակութեան հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ։

Աբրահամ հասարակութիւնը ծնունդ առած է 1989-ին ու կ՛առաջարկէ դարձի եւ հոգեւոր աճի  ուղեւորութիւն մը։  Անոր առաջնահերթ նպատակն է նոր աւետարանութիւնը՝ Աստուծոյ Խօսքի հռչակումին միջոցաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Աբրահամ հասարակութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով «Աբրահամ» անունին նշեց թէ  «ծանր անուն է» ու հրաւիրեց ներկաները իրենց կեանքի ու արարքներու ներշնչումը քաղել Աբրահամ Նահապետէն։

«Ան ձեզ թող սորվեցնէ հնազանդիլ Տիրոջ կոչին, ունկնդրել Անոր ձայնին լռութեան մէջ», ըսաւ Քահանայապետը, մատնանշելով նաեւ Աբրահամի զօրեղ հաւատքին, որուն բերումով ան թողուց իր հողն ու տունը վստահելով Աստուծոյ խոստումին։

«Աւետարանողներ ըլլալու համար պէտք է վստահիլ Աստուծոյ ու պատրաստ ըլլալ մեկնելու, ու երթալու դէպի անոնց որ Տէրը կը դնէ մեր ճանապարհին վրայ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, աւելցնելով որ պէտք է նաեւ քալել միասին ժամանակակից բոլոր մարդոց հետ, ունկնդրել անոնց սրտին մէջ պահպանուած խօսքերը, անոնց՝ մեր կեանքի ապրումով նուիրելու համար արժանահաւատալի պատասխանը,  որ կու գայ Աստուծմէ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։  

«Աբրահամի հաւատքը եղաւ պտղաբեր ու անոր լրացումը կատարուեցաւ Յիսուսին մէջ, Աբրահամի դուստր Մարիամի միջոցաւ», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մայթելով որ Տիրամայրը օգնէ ներկաները ըլլալու հլու Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան որպէսզի անոնց վկայութիւնն ու խանդավառութիւնը դառնան Աւետարանի ծառայութեան գործնական գործիքները

«Յառաջ ընթացէք հաւատքի ու սիրոյ մէջ, յատակէս դէպի անոնց որոնք բացառուած ու աղքատ են, միշտ վստահելով Աստուծոյ խոստումին» յարեց Նորին Սրբութիւնը աւարտելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2019, 11:35