Ֆրանչիսկոս Պապ  ժամանեց Մատակասկարի մայրաքաղաք։ Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Մատակասկարի մայրաքաղաք։  

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Մոզամբիկի այցը եւ ժամանեց Մատակասկարի մայրաքաղաք։

«Յոյսի եւ խաղաղութեան սերմանող» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան Մատակասկարի այցելութեան կարգախօսը։
Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Մոզամբիկի այցը եւ ժամանեց Մատակասկարի մայրաքաղաք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յոյսի եւ խաղաղութեան սերմանող» այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական 31-րդ ճամբորդութեան մաս կազմող երկրորդ երկրին Մատակասկարի այցելութեան կարգախօսը։

Արդարեւ Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 6 սեպտեմբեր 2019-ի կէսօրին, հրաժեշտ առնելէ ետք Մոզամբիկէն ուղղուեցաւ Մատակասկարի մայրաքաղաք՝ Անթանանարիվօ ուր ժամանեց երկու ժամ 50 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք։

Անթանանարիվոյի միջազգային օդակայանին մէջ Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Մատակասկարի նախագահ Տիար Անտրի Ռաժոյելինայի ու անոր կողակիցին կողմէ ապա տեղի ունեցաւ բարի ժամանումի պաշտօնական արարողութիւնը, երկու երկիրներու քայլերգերու կատարողութեամբ, պատուոյ պահակագունդի տողանցքով ու պատուիրակութիւններու ներկայացումով։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ փոխադրուեցաւ Անթանանարիվոյի կեդրոնը գտնուող Պապական Նուիրակութեան շէնք ուր զինք դիմաւորեցին 50 երիտասարդներ ու Պատուիրակութեան անձնակազմը։

Մոզամբիկէն դէպի Մատակասկար առաջնորդող թռիչքի ընթացքին Քահանայապետը Մոզամբիկի նախագահին յղած իր հեռագիրին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց անոր իրեն վերապահուած ջերմ ու առատաձեռն ընդունելութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ դարձեալ ապահովեցուց աղօթքները երկիրն խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան համար անոր բոլոր բնակիչներուն վրայ հայցելով Աստուածային Օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2019, 16:04