Կարդինալական Գլխարկ Կարդինալական Գլխարկ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց 13 նոր կարդինալներու ստեղծումը։

Աղօթենք նոր կարդինալներուն համար որպէսզի վերահաստատելով իրենց հակումը Քրիստոսին ինծի օգնեն իմ Հռոմի եպիսկոպոսի առաքելութեանս մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ սեպտեմբեր 2019-ի Մարեմեան Աղօթքի  աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ կերպով յայտարարեց թէ յառաջիկայ 5 հոկտեմբեր 2019-ին պիտի գումարէ Կարդինալական Ժողով 10 նոր կարդինալներու ստեղծումին համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Անոնց ծագումը կ՛արտայայտէ Եկեղեցւոյ միսիոներական կոչումը որ աշխարհի բոլոր մարդոց  կը շարունակէ հռչակել Աստուծոյ ողորմած սէրը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու մէկիկ մէկիկ տուաւ նոր կարդինալներուն անունները։

1-     Գերապայծառ Միկել Անկել Աեուզօ Կիսօ՝ միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ։

2-     Գերապայծառ Խօսէ Թոլենթինօ Քալասա Տէ Մետոնսա, Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ արխիւագէտ ու գրադարանավար

3-     Գերապայծառ Ինիացիուս Սուհարիօ Հարժոադմոտիօ՝ Ժաքաթրայի Արքեպիսկոպոս

4-     Գերապայծառ Խուան Տէ Լա Քարիտատ Կարսիաս Ռոտրիկէս՝ Սան Քրիթոպալ Տէ Լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս

5-     Գերապայծառ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզունկու՝ Քինշասայի Արքեպիսկոպոս

6-     Գերապայծառ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ՝ Լուսսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս

7-     Գերապայծառ Ալվարօ Լէոնել Ռամացցինի Իմերի՝ Հուէհուէդէնամկոյի Արքեպիսկոպոս

8-     Գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի՝ Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս

9-     Գերապայծառ Քրիսթոպալ Լոփես Ռոմերօ՝ Ռապաթի Արքեպիսկոպոս եւ

10-   Գերապայծառ Միշել Շծեռնի՝ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի գաղթականներու գրասենեակի ենթաքարտուղար։

«Ասոնց կից կարդինալական դասին մաս պիտի կազմեն այլ երկու արքեպիսկոպոսներ ու մէկ եպիսկոպոս մը որ յատկանշուեցան իրենց եկեղեցւոյ ծառայութեան համար» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով անոնց անունները.

1 - Գերապայծառ Միքայէլ Լուիս Ֆրիդկերալտ՝ Նեփթէ թեմին վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս

2 - Գերապայծառ Սիճիթաս Թամքեվիչիուս՝  Քաունաս թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս, եւ

3 - Գերապայծառ Էուճենիօ Տալ Քորսօ՝ Պենկուելա թեմին երբեմնի առաջնորդ։

«Աղօթենք նոր կարդինալներուն համար որպէսզի վերահաստատելով իրենց հակումը Քրիստոսին ինծի օգնեն իմ Հռոմի եպիսկոպոսի առաքելութեանս մէջ ի սպաս Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովրդի բարիքին» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկս Պապը յայտարարութեան աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2019, 12:45