Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ «Բողիկ Ակոսթինեանններ» միաբանութեան անդամներուն։  Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ «Բողիկ Ակոսթինեանններ» միաբանութեան անդամներուն։  

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ «Բոպիկ Ակոսթինեաններ» միաբանութեան վարչական խորհուդրի անդամներուն։

«Ուրախ Բարձրեալին ծառայելու՝ խոնարհութեան հոգիով»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 12սպետմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Բոպիկ Ակոսթինեաններու» միաբանութեան վարչական խորհուրդի անդամներուն, անոնց տարեկան համագումարի աւարտին առթիւ, որուն այս տարուայ նիւթն է «Շնորհապարգեւի տարին»։

Ունկնդրէ լուրը

«Ուրախ Բարձրեալին ծառայելու՝ խոնարհութեան հոգիով»

Մատնանշելով միաբանութեան «Ուրախ Բարձրեալին ծառայելու՝ խոնարհութեան հոգիով» բնաբանին, Քահանայապետը ակնարկեց միաբանութեան Հիմնադիր Սուրբ Օգոստինսսին, զայն որակելով «քրիստոնեայ մտքին հսկան», «որուն Տէրը շնորհեց եղբայրութեան կոչումն ու առաքելութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը, որ ապա ակնարկեց արմատներուն ու այդ արմատներուն վերադառնալու հրամայականին, որմէ «աղօթքով ու հասարակական զատորոշումի միջոցաւ», քաղել «սնունդ» այսօրուայ Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ ներկայութեան համար։

Արմատներու կարեւորութիւնը։ 

«Ժամանակակից ըլլալու համար ոմանք կը մտածեն թէ հարկաւոր է անջատուիլ արմատներէն, այդ մէկը սակայն կործանումի կը տանի որովհետեւ արմատները, աւանդութիւնը, ապագայի երաշխիքն են» ըսաւ Սրբազան Պապը յանձնարարելով երբեք չանջատուիլ արմատներէն ու աւետարանութեան միջոցաւ խօսիլ մեր ժամանակուայ մարդոց ու կիներու սրտերուն, շարունակելով իրենց հիմնադիր Հօր առաքելական ուղեւորութիւնը։

Աղքատութիւնը

«Բողիկ որակաւորումը կը յատկանշէ աղքատութիւնը» յարեց ապա Սրբազան Պապ դիտել տալով թէ այդ մէկը աւետարանական պահանջ է ու թէ հարկաւոր է միշտ հլու ու հնազանդ ըլլալ Հոգիի ձայնին, որովհետեւ Ան բջող քամին է որ յառաջ կը տանի եկեղեցին։

Հեզութեան պարգեւը

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց միաբանութեան «հեզութեան» ուխտին գնահատելով այդ ընտրանքը ու հաստատելով որ «հեզութիւնը ինքնաբուխ իրականութիւն մը չէ՝ հեզութիւնը պարգեւ է»։

Սուրբ Հոգին

«Հոգին Սուրբ Եկեղեցւոյ նաւուն առագաստներուն մէջ կը բջէ նաեւ ժողովուրդներու առաքելութեան հովը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու վերյիշելով Ակոսթինեան միաբանութեան մարտիրոսներու վկայութիւնը, ներկաները հրաւիրեց այդ ուղղութեամբ վերանորոգելու իրենց յանձնառումը, ու ճառը աւարտեց քաջալերելով զանոնք ընթանալու խոնարհութեան հոգիով Բարձրեալին ծառայելու՝ուրախութեամբ,  բոլորին վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու Տիրամօր եւ Սուրբ Օգոստինոսի հովանին։ «Եւ խնդրեմ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար ըսաւ» Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2019, 11:00