Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս ճամբորդութեան յայտագիրը։ Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս ճամբորդութեան յայտագիրը։ 

Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուս ճամբորդութեան յայտագիրը։

Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան 31-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ առաւ այսօր 4 սեպտեմբերին ու վերջ կը գնտէ 10 սեպտեմբերին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Քահանայապետութեան 31-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան որ զինք կ՛առաջնորդէ Ափրիկեան ցամաքամաս եւ կ՛ընգրկէ երեք երկիրներ՝ Մոզամբիկը, Մատակասկարը եւ Մաուրիցիուսը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը Հռոմէն մեկնեցաւ ժամը 8-ին ուղղուելով Մոզամբիկի մայրաքաղաք՝ Մափութոյի օդակայան ուր ժամանումը նախատեսուած 4 սեպտեմբերի երեկոյեան 18.30ին։

Մափութօ ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի Մոզամբիկի նախագահ՝ Տիար Ֆիլիփ Ճաչինթօ Նեուզիի ու անոր կողակիցի կողմէ, մինչ երկու փոքրիկներ, աւանդական տարազներով, Քահանայապետին ծաղիկներ կը նուիրեն՝ որպէս բարի գալուստի մաղթանք։

Օդակայանին մէջ կայացած պաշտօնական դիմաւորումի արարողակարգէն  ետք Սրբազան Պապը՝ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով կ՛ուղղուի Մափութոյի առաքելական Պատուիրակութեան պալատ, վերջ տալով ճամբորդութեան առաջին օրուայ յայտագրին։

Քահանայապետին պաշտօնական հանդիպումներու օրակարգը կը սկսի Հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, ու կ՛ընդգրկէ այցելութիւն Մոզամբիկի հանրապետութեան նախագահին, հանդիպում երկրի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ապա երիտասարդներու մասնակցութեամբ միջ կրօնական հանդիպում։

Պապական նուիրակի պալատին մէջ կայացած ճաշէն ետք Սրբազան Պապը նուիրակութեան մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Քզայ Քզայ քաղաքի բնակչութեան  պատուիրակութեան անդամներուն հետ, որոնք 2000 թուականին թիրախ եղան Մոզամբիկը հարուածող ահեղ ջրհեղեղին։

Աւելի ուշ Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Անարատ Յղութիւն անուան մայր տաճար, ուր հանդիպում կ՛ունենայ եպիսկոպոսներու եւ կղերական դասի անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէականի  կրօնուսոյցներու հետ։

Նորին Սրբութիւնը երկրորդ օրուան յայտագիրը կ՛աւարտէ «Մատթէոս 25» անուամբ  բարեսիրական հաստատութեան տուած այցելութեամբ։

Ուրբաթ 6 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապի օրակարգը կը սկսի այցելելով  Մափութօ մայրաքաղաքի Զիմփեթօ հիւանդանոցը, ապա Զիմփեթոյի ազգային դաշտ փոխադրուելով կը նախագահէ Մոզամբիկին նուիրուած Սուրբ պատարագը, որով վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Մոզամբիկի այցելութիւնը։

Արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Մափութոյի միջազգային օդակայան եւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք, կ՛ուղղուի Մատակասկարի մայրաքաղաք՝ Անթանարիվօ՝ ուր կը ժամանէ 2 ժամ 50 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք եւ այնտեղ կայացած դիմաւորումի պաշտօնական արարողութենէն ետք կը փոխադրուի  Անթանարիվոյի պապական նուիրակութիւն։

Մատակասկարի տուած հովուական այցելութեան երկրորդ օրը՝ շաբաթ 7 սեպտեմբերին , Ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքավարական այցելութիւն կը կատարէ հանրապետութեան նախագահին,  հանդիպում ունենալով նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ապա կ՛այցելէ «Բոպիկ Քարմելիթեան» քոյրերու վանքը, այնտեղ նախագահելով ճաշու ժամերգութիւնը։:

Յետմիջօրէին՝  Անտոհալոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Հայրը կը հանդիպի Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն հետ, ու կ՝այցելէ նաեւ Երանելի Վիքթուար Ռասոամանարիվոյի գերեզմանը, ապա Soamandrakizay անուան՝ թեմի պատկան մարզադաշտին վրայ կը նախագահէ երիտասարդներուն մասնակցութեամբ աղօթքի հսկումը, ու երկրորդ օրը՝ Կիրակի 8 սեպտեմբերի առաւօտեան, նոյն վայրին մէջ կը մատուցանէ Սուրբ պատարագ, որուն կը յաջորդէ Քահանայապետին ի պատիւ հիւրասիրութիւն Պապական նուիրակի պալատէն ներս։

Յետմիջօրէն Քահանայապետը կ՛այցելէ Աքամաոզայի  «բարեկամութեան քաղաքը», ուր ապա Mahatzana անուան գործարանի մէջ կը գլխաւորէ «աշխատաւորներուն» նուիրուած աղօթքի արարողութիւնը, մինչ երեկոյեան  Սուրբ Միքայէլ անուան վանքէն ներս հանդիպում կ՛ունենայ  քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ, աւարտելով ճամբորդութեան հինգերորդ օրուայ յայտագիրը։

Երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերը նուիրուած է Մաուրիցիուսի հովուական այցելութեան։

Առաւօտեան կանուխ Նորին Սրբութիւնը Անթանարիվոյի միջազգային օդակայանէն  կ՛ուղղուի  ճամբորդութեան վերջին հանգրուան նկատուող Մաուրիցիուսի մայրաքաղաք՝ Փորթ Լուիս, ուր կը դիմաւորուի Երկրի վարչապետին կողմէ։

Օդակայանին մէջ կայացած  դիմաւորումի արարողակարգէն ետք Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի Փորթ Լուիս մայրաքաղաքի Մարիամ՝ Խաղաղութեան Թագուհի  Տիրամօր նուիրուած յուշահամալիր, ուր կը գլխաւորէ սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որմէ ետք կէսօրուան ճաշը կը կիսէ Հնդկական Ովկիանոսի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ հինգ եպիսկոպոսներուն հետ՝  թեմի առաջնորդարանէն ներս։

Ճաշէն ետք Սրբազան Քահանայապետը  առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Հայր ԼաՎալի նուիրուած սրբավայր,  հուսկ քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ երկրի նախագահին, հանդիպում  ունենալով նաեւ վարչապետին եւ քաղաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնին անդամներուն հետ:

Երեկոյեան՝ Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Անթանարիվօ՝ ուր կը գիշերէ։

Երեքշաբթի, 10 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելէ ետք Անթանարիվօ  պապական նուիրակութենէն կը փոխադրուի Մատակասկարի մայրաքաղաքի միջազգային օդակայան, ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար դէպի Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է 10 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2019, 09:00