Սուրբ Գիրքը Սուրբ Գիրքը 

“Aperuit illis” Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը «Աստուծոյ խօսքի տարածումին» կիրակիի մասին։

Աստուածաշունչը՝ Սուրբ Գիրքը, կը գրէ Քահանայապետը «միայն մի քանիներուն վերապահուած ժառանգութիւն չէ եւ ոչ ալ գիրքերու հաւաքածոյ մը…Ան Տիրոջ ժողովուրդին գիրքն է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 30 սեպտեմբեր 2019-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին “Aperuit illis” ինքնագիր նամակը, որով Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ ծիսական սովորական ժամանակի Գ կիրակին նուիրուի Աստուծոյ Խօսքի խորհրդածութեան ու տարածումին։ 

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը նամակին սկիզբը կը բացատրէ թէ սոյն որոշումը կայացուցած է ի պատասխան բազմաթիւ հաւատացեալներու խնդրանքին որոնք կը պահանջէին որ Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուի Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած կիրակի մը։

Նամակը կը սկսի Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածով (Ղուկաս 24, 45) ուր Յարուցեալ Յիսուս կը յայտնուի իր աշակերտներուն ու կը «բանայ անոնց միտքերը՝ որպէսզի հասկնան Գիրքերը»։

Այդ վախեցած  եւ յուսախաբ մարդոց  Յիսուս կը յայտնէ Զատկուայ խորհուրդին իմաստը, այսինքն Հօր Աստուծոյ  Յաւիտենականութեան ծրագիրը։

Յիսուս պէտք էր չարչարուէր ու Յարութիւն առնէր մեռելներէն, որպէսզի ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն շնորհէր բոլորին, ապա կը խոստանայ Սուրբ Հոգին, որ պիտի պարգեւէ այդ Փրկութեան Խորհուրդի վկաները ըլլալու ուժը։

Քահանայապետը ինքնագիր նամակին մէջ, դիտել տալով որ բազմաթիւ հաւատացեալներ ծանօթ չեն Աստուածաշունչին,  կը մատնանշէ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի 2008ին գումարած սիւնհոդոսին որուն նիւթն էր «Աստուծոյ խօսքը Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ» ինչպէս նաեւ անոր «Verbum Domini» առաքելական յորդորագիրին, ապա կը նշէ թէ «Աստուծոյ Խօսքի կիրակին կը հրաւիրէ ամրապնդելու կապերը հրեաներու հետ եւ աղօթելու քրիստոնեաներու միութեան համար», շեշտելով նաեւ այդ կիրակիին համամիութենական արժէքը ու հրաւիրելով զայն ապրիլ եւ կատարել տօնական ու հանդիսաւոր արարողութիւններով, կարեւորութիւն տալով Աստուածաշունչի ընթերցանութեան։

Աստուածաշունչը՝ Սուրբ Գիրքը, կը գրէ Քահանայապետը «միայն մի քանիներուն վերապահուած ժառանգութիւն չէ եւ ոչ ալ գիրքերու հաւաքածոյ մը…Ան Տիրոջ ժողովուրդին գիրքն է, որուն ունկնդրութեամբ հաւատացեալները բաժանումէն կ՛անցնին միութեան։ «Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը կը միացնէ հաւատացեալները ու զանոնք կը դարձնէ միակ ժողովուրդ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ, յորդոր ուղղելով նաեւ Եպիսկոպոսներուն ու Քահանաներուն, լաւապէս պատրաստելու այդ օրուան քարոզը, որպէսզի պատշաճ կերպով բացատրեն Սուրբ Գիրքին իմաստը, պարզ ու ունկնդրողի ունակութեան համապատասխան ոճով, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը հասնի անոնց սրտին։

Յիշելով ապա Էմմաւուսի աշակերտներուն դրուագը Քահանայապետը ի յատ կը դնէ այն անխզելի կապը որ գոյութիւն ունի ընդմէջ Աստուածաշունչի  եւ Սուրբ Հաղորդութեան, հաստատելով որ Աստուածաշունչը  կազմուած է որպէս փրկութեան պատմութիւն ուր Աստուած կը խօսի եւ կը գործէ ընթանալով դէպի մարդիկը՝ որպէսզի զանոնք փրկէ չարէն ու մահէն։

«Աստուածաշունչին մէջ ապա Սուրբ Հոգիին դերակատարութիւնը հիմնական է։ Առանց Անոր ներգործութեան վտանգը կայ փակուած ու կառչած մնալու միայն խօսքին. մինչ Սուրբ Հոգին կեանք կը պարգեւէ» կը գրէ Սրբազան Պապը մատնանշելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի հայրերուն որոնք կը հաստատեն որ «Սուրբ Գիրքը պէտք է կարդացուի եւ մեկնաբանուի նոյնինքն Սուրբ Հոգիին լոյսին տակ, որուն միջոցաւ գրուեցաւ ան»։

Յիսուս Քրիստոսի հետ Աստուծոյ յայտնութիւնը կը հասնի իր լիութեան, Սուրբ Հոգին սակայն կը շարունակէ իր գործը Եկեղեցւոյ միջոցաւ, որ կը շարունակէ սովրեցնել ու պատշաճ կերպով մեկնաբանել Սուրբ Գիրքը հաւատացեալներուն։  Որովհետեւ, կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ, Յայտնութիւնը հիմնուած է կենդանի Խօսքին վրայ, եւ ոչ թէ գիրքի վրայ, եւ ասոր համար է որ երբ Աստուածաշունչը Սուրբ Հոգիի լոյսին տակ կարդացուի, ան կը մնայ միշտ արդի ու միշտ նորոգուած։

Քահանայապետը կը յորդորէ ապա երբեք չի «կշտանալ» Աստուծոյ Խօսքէն որ միշտ նոր կերպով կը յայտնէ Հօր Աստուծոյ ողորմած սէրը, որ իր զաւակներէն կը խնդրէ ապրիլ  սիրոյ մէջ։ Աստուծոյ Խօսքը կարելիութիւնը ունի բանալու մեր աչքերը որպէսզի դուրս գանք մեր անհատականութենէն «որ կը մղէ շնչահեղձութեան ու ամլութեան ու մեր առջեւ կը բանայ ճանապարհը բաժնեկցութեան եւ զօրակցութեան», կը գրէ հուսկ Սրբազան Հայրը որ ինքնագիր նամակը կ՛աւարտէ հայցելով Սուրբ Կոյսին հովանին որպէսզի մեզի ընկերանայ «Աստուծոյ Խօսքին ընկալութեան ուղիին վրայ» մեզի սորվեցնելով զայն ունկնդրողներուն ու պահպանողներուն երանութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2019, 12:00