Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Գաղթականներու եւ Փախստականներու օրուան նուիրուած Քահանայապետական պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Եթէ կ՛ուզենք Աստուծոյ մարդիկ եւ կիներ ըլլալ, պէտք է հետեւինք Աստուծոյ սիրոյ պատուիրանին։ «Սիրէ քու Աստուածդ եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, գաղթականներուն եւ փախստականներուն համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցեց սուրբ պատարագ մասնակցութեամբ հազարաւոր ուխտաւորներու։

Ունկնդրէ լուրը

Աւետարանական ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը ուր նշեց որ օրուան ժամամուտը մեզի կը յիշեցնէ թէ Տէրը թիկունք կը կանգնի օտարականին, ժողովրդուի այրիներուն ու որբերու հետ։

«Անոնց նկատմամբ որոնք դիւրաբեկ, բացառուած, մեկուսացուած ու առանց իրաւունքի են, Տէրը ունի յատուկ հոգատարութիւն» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ Իսրայէլի Աստուածը Ան է որ արդարութիւն կը պարգեւէ որբին եւ այրիին, կը սիրէ օտարականը ու անոր կը շնորհէ հաց եւ զգեստներ։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային 105րդ օրուան պատգամի բնաբանին  «միայն գաղթականներ չեն», մատնանշելով որ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ ի գործ դնել եղբայրսիրութեան արարքներ անոնց նկատմամբ, վերակառուցել անոնց մարդկայնութիւնը, առանց բացառելու ոչ մէկը։

«Տէրը կը խնդրէ նաեւ խոկալ այն անարդարութիւններու մասին, որոնք կը յառաջացնեն բացառութիւններ» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ակնարկելով շատերու հաշւոյն քիչերուն վերապահուած առանձնաշնորհումները ու դիտել տալով թէ զարգացող երկիները կը շարունակեն շահագործուիլ ու անոնցմէ կը խլուին իրենց ամենալաւ բնական հարստութիւնները ի նպաստ քիչերու շահերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նաեւ պատերազմի մասին, որ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի մի քանի տարածաշրջաններուն մէջ, մինչ զէնքերը, ըսաւ Ան, կ՛արտադրուին այլ շրջաններու մէջ, որոնք սակայն չեն ուզեր յանձն առնել այդ պատերազմին պատճառաւ ի յայտ եկած գաղթականները եւ այս բոլորին սուղ գինը կը վճարեն աղքատները, դիւրաբեկները, որոնց արգիլուած է նստիլ խնջոյքի սեղանին շուրջ եւ կը գոհանան այդ սեղանի մնացորդացներով։

Այսօր եւս ըսաւ Քահանայապետը բարօրութեան մշակոյթը մեզ կը մղէ մտահոգուելու միայն մենք մեզմով ու մեզ անզգայ կը դարձնէ ուրիշներու աղաղակին, մեզ կը մղէ անտարբերութեան, առ աւելին, կը մղէ անտարբերութեան համաշխարհայնացումին» յարեց Ան, հաստատելով որ «որպէս քրիստոնեաներ չենք կրնար անտարբեր մնալ ի տես հին ու նոր աղքատութեան երեւոյթին, ի տես միակութեան, ի տես անարգանքին ու խտրականութեան որ վերապահուած է անոնց որոնք մաս չեն կազմեր մեր խումբին։

Մենք չենք կրնար անզգայ մնալ, բազմաթիւ անմեղներու թշուառութեան դիմաց չենք կրնար չ՛ողբալ, չենք կրնար չ՛արձագանգել։

Եթէ կ՛ուզենք Աստուծոյ մարդիկ եւ կիներ ըլլալ, պէտք է հետեւինք Աստուծոյ սիրոյ պատուիրանին։ «Սիրէ քու Աստուածդ եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս» որ կը նշանակէ նաեւ յանձնառու ըլլալ կառուցելու աւելի արդար աշխարհ մը, ուր  երկրի բարիքները մատչելի ըլլան բոլորին, ուր բոլորը կարելիութիւն ունենան իրենք զիրենք իրականացնելու որպէս անձեր եւ որպէս ընտանիքներ եւ բոլորին վերապահուի հիմնական իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։

Սիրել ընկերը կը նշանակէ մօտիկ ըլլալ բոլոր ճամբորդներուն ու խնամք տանիլ անոնց վէրքերուն ու զանոնք տանիլ հիւրընկալութեան ամենամօտիկ կեդրոնը ուր հոգալ անոնց կարիքներուն։

Աստուած այդ սուրբ պատուիրանը տուաւ իր ժողովրդին ու զայն դրոշմեց իր Զաւկին՝ Յիսուսի արիւնով, որպէսզի օրհնութեան աղբիւր դառնայ համայն մարդկութեան համար։Եւ որպէսզի մենք միասնաբար յանձնառու ըլլանք կառուցելու մարդկային ընտանիքը, անոր սկզբնական ծրագիրի համաձայն, որ յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. բոլորս եղբայրներ եւ զաւակներ միակ Հօր։

Սուրբ Կոյսի մայրական հովանիին յանձնենք գաղթականներն ու փախստականներն ու բոլոր անոնք որոնք կ՛ապրին աշխարհի արուարձաններուն մէջ ու անոնք որոնք անոնց ճանապարհորդակից կը դառնան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2019, 11:35