1567926724525.JPG

«Յիսուսին հետեւիլը հանգստաւէտ ընտրանք մը չէ» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Անթանանարիվոյի պատարագին։

Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մատակասկարի տարբեր քաղաքներէ ժամանած գրեթէ մէկ միլիոն հաւատացեալներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 սեպտեմբեր 2019-ին Մատակասկարի մայրաքաղաք Անթանանարիվոյի Եկեղեցական թեմին պատկան տարածքին վրայ, այն նոյն վայրին մէջ ուր շաբաթ երեկոյեան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Մատակասկարի երիտասարդներուն հետ, Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց Մատակասկարի հովուական այցելութեան Սուրբ Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մատակասկարի տարբեր քաղաքներէ ժամանած գրեթէ մէկ միլիոն հաւատացեալներ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհի ընթացքին աղօթքներ արտասանուեցան ֆրանսերէն եւ մալկաշ լեզուներով։ Օրուան Աւետարանի ընթերցումէն ետք  Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը  զոր  կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած այն հատուածին  վրայ ուր Աւետարանիչը կը հաղորդէ որ «Մեծ բամբութիւն մը կը քալեր Յիսուսին հետ» (Ղուկաս 14, 24)։ «Դուք ալ, ըսաւ Քահանայապետը, այդ բազմութեան նման եկած էք այստեղ, ընկալելու Յիսուսին պատգամը ու հետեւելու անոր, եւ դուք քաջ գիտէք որ Յիսուսին հետեւիլը հանգստաւէտ ընտրանք մը չէ եւ ունի իր պահանջները»։

Մատնանշելով Աւետարանին մէջ նշուած Յիսուսին աշակերտելու պայմաններուն Սրբազան Պապը երեք կէտերու մէջ մէջ ամփոփեց  անոր առընչւող  պահանջները։

Առաջինը՝ մեզի կը պատագմէ հեռու մնալ կաշառակերութենէն։  Վարդապետը արդարեւ կ՛ըսէ թէ «այն որ կարող չէ միւսին մէջ տեսնելու իր եղբայրը, յուզուելու անոր հետ, անոր ընտանեկան, մշակութային կամ ընկերային ծագումէն անդին, կարող չէ ըլլալ Տիորջ  աշակերտը»։Երկրորդը պահանջը այն է՝ Երկնքի Թագաւորութիւնը չի շփոթել մեր անձնական շահերուն հետ, ու Աստուծոյ անունը կամ կրօնը չօգտագործել գաղափարախօսութիւններու ի շահ եւ կամ բռնութեան արարքները արդարացնելու համար։  Վարդապետը մեզ կը հրաւիրէ չի խեղաթիւրելու Աւետարանը, այլ կառուցելու եղբայրութեան եւ զօրակցութեան պատմութիւն մը, յարգելու երկիրը, հողը ու բոլոր անոր պարգեւները, ի դէմ ամէն տեսակ չարաշահումի» յարեց Սրբազան Պապը եւ ի վերջոյ մատնանշեց վերջին պահանջին, այն է չի վստահիլ մեր ուժերուն վրայ ու չի կարծել թէ կարողութիւնը ունինք միայնակ գործելու, այլ վերագտնել յիշողութիւնը եւ ընդունիլ որ մեր կեանքը ու մեր կարողութիւնները պտուղն են պարգեւի մը, հիւսուած Աստուծոյ ու բազմաթիւ լռելեան ձեռքերով՝ անձերու որոնց անունները պիտի ճանչնանք միայն Երկնքի Թագաւորութեան յայտնութեան օրը։

«Այս պահանջներով Տէրը կ՛ուզէ պատրաստել իր աշակերտները Երկնքի Թագաւորութեան տօնախմբութեան, զանոնք ազատելով իրենք իրենց համար ապրելու ստրկութենէն, որ է մենք մեր փոքրիկ աշխարհի մէջ փակուելու փորձութիւնը զոր ուրիշները կը բացառէ եւ ուր աղքատները կարող չեն մտնել ու Աստուծոյ ձայնը լսելի չէ, եւ չենք վայելեր Անոր սիրոյ քնքուշ ուրախութիւնը, ու բարին գործելու խանդավառութիւնը մարած է» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ այդ մէկը Աստուծոյ կամքը չէ,  ու թէ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ առաջնահերթութիւնները դնելու ու տարածքներ բանալու՝ ուր Աստուած ըլլայ մեր կեանքին կեդրոնն ու հիմքը։

Քահանայապետը հրաւիրեց նայիլ մեր շուրջը ու նկատել թէ որքան մարդիկ կը տառապին ու հաստատեց «ասիկա Աստուծոյ ծրագրին մաս չի կազմեր», հուսկ շեշտեց թէ «Քրիստոնեան կարող չէ մնալ ծալլուած ձեռքերով, քրիստոնեան ձեռք կ՛երկարէ, Յիսուսին նման» յարեց Քահանայապետը, նկատել տալով որ Աստուծոյ խօսքը մեզ կը հրաւիրէ վերսկսելու ճանապարհը ու միասնաբար պայքարելու բոլոր այն կռապաշտութիւններուն դէմ, որոնք մեզ կը մղեն մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու իշխանութեան խաբեբայ ապահովութիւններու վրայ, դրամի ու մարդկային փառքի որոնումի վրայ։

Յիսուսին պահանջները կը դադրին ծանր ըլլալէ այն ատեն երբ մենք կը սկսինք համտեսել Յիսուսին առաջարկած  նոր կեանքին ուրախութիւնը, այն ուրախութիւնը որ կը ծնի այն գիտակցութենէն թէ Ան առաջինն է որ կու գայ մեզ փնտռելու ճամբաներու խաչմերուկներուն վրայ, նոյնիսկ երբ կորսուած ըլլանք, նման ոչխարին կամ անառակ որդիին։

Թող որ այս իրատեսութիւնը մեզ մղէ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները ու ձեզի պարգեւէ իղձը ձեր գեղեցիկ երկիրը դարձնելու վայր՝ ուր Աւետարանը դառնայ կեանք, եւ կեանքը ըլլայ Աստուծոյ Փառքին համար։

Վճռենք մերը ընել Տիրոջ ծրագիրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2019, 09:40