Որոնել

Գաղթականներու եւ Փախստականներու համաշխարհային օր Գաղթականներու եւ Փախստականներու համաշխարհային օր 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը մասնակցելու գաղթականներու Օրուան նուիրուած պատարագին։

«Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ մասնակցելու այդ արարողութեան՝ աղօթքի միջոցաւ եւս մեր մօտիկութիւն արտայայտելու համար, համայն աշխարհի գաղթականներուն«

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 սեպտեմբեր 2019-ին կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն հետ միասին աղօթելէ ետք Հրեշտակ Տեառն  Մարեմեան աղօթքը, ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն մատնանշեց  առաւօտեան Հռոմի ճանապարհներու վրայ կազմակերպուած «Խաղաղութեան ճանապարհ» բնաբանով մրցավազքին, որուն նպատակն է խաղաղութեան, եղբայրութեան ու յատկապէս տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու  միջեւ երկխօսութեան պատգամ մը փոխանցել ։ 

Քահանայապետը հուսկ ողջունեց աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած ուխտաւորները ապայիշեցուց թէ յառաջիկայ կիրակի՝ 29 սեպտեմբերին, պիտի նշուի Գաղթականի եւ Փախստականի համաշխարհային օրը, որուն առթիւ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ «Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ մասնակցելու այդ արարողութեան՝ աղօթքի միջոցաւ եւս մեր մօտիկութիւն  արտայայտելու համար, համայն աշխարհի գաղթականներուն« ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարի կիրակի մաղթեց ներկաներուն ու հրաժեշտ առաւ անոնցմէ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2019, 12:12