Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Նոր Աւետարանութեան դպրոցներու ու կեդրոններու անդամներուն։

Աստուած սէր է. Անսահմանափակ սէր, որ չի փոխուիր հակառակ մեր արարքներուն։ Որքան գեղեցիկ է վկայել այդ Աստուածը մեր եղբայրներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 21 սեպտեմբեր 2019-ի, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  առաքելական պալատի  «Քլեմենթինա»  դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Նոր Աւետարանութեան դպրոցներու ու կեդրոններու անդամներուն, որոնք Հռոմի մէջ մասնակցեցան ՝ «Կարելի՞ է Աստուծոյ հանդիպիլ» վերտառութեամբ  յատուկ կազմաւորման   դասընթացքին, որ կազմակերպուած էր Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Խօսքը ուղղելով ներկաներուն Սրբազան Հայրը ակնարկեց  Ղուկաս Աւետարանիչէն  քաղուած  Եմմաւուսի աշակերտներու դրուագին, որոնց ճանապարհորդակիցն էր Քրիստոսը, սակայն անոնք չեն ճանչնար զինք։

«Այսպէս է նաեւ ժամանակակից շատ մը անձերուն համար՝ Աստուած անոնց մօտիկ է, սակայն անոնք չեն  ճանչնար զԱյն» ըսաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին, որ  անգամ մը հանդիպած էր լրագրողի մը որ իրեն խոստովանած էր իր անհաւատ ըլլալը,  եւ Սուրբ Քահանայապետը անոր ըսած էր «Հանգիստ եղիր։ Այս մէկը դուն կ՛ըսես։ Աստուած չի գիտեր այդ, ու քեզ կը նկատէ նոյնպէս իր զաւակը որ պէտք է սիրուի»։

Խօսելով  այսօրուայ իրականութեան մասին ուր շատեր, յատկապէս արեւմուտքի մէջ, տպաւորութիւնն ունին որ Եկեղեցին զիրենք չի հասկնար ու հեռու է անոնց ակնկալիքներէն, Քահանայապետը նշեց թէ  «հարկաւոր է մտահոգուիլ՝ երբ կը զգանք թէ եկեղեցին աշխարհակայնացած է ու կը հետեւի աշխարհի յաջողութեան չափանիշերուն, մոռնալով  իր առաջնահերթ առաքելութիւնը, այն է հռչակել Յիսուսը»։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա այն բազմաթիւ անձերուն որոնք ընկճուած են կեանքի առօրեայի բերին տակ ու կը կռեն խոր վէրքեր…մարդիկ որոնք  շրջապատուած են արտաքին բարեկեցութեամբ, սակայն ներքնապէս թմրած են…մարդիկ որոնք ստրուկ են այսօրուայ արագընթաց աշխարհին ու կը մոռնան կեանքը համտեսելու գեղեցկութիւնը, ընտանիքի ջերմութիւնը, զաւակներու աչքերուն մէջ գտնուող լոյսը՝ որ ոչ մէկ բջիջային հեռաձայն կարող է փոխարիներ։ «Պարզ բաներու գեղեցկութիւնը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «շատ անգամ պահանջը միայն սիրել ու սիրուած ըլլալ է, ընդունուած ըլլալ այնպէս ինչպէս որ ենք, ու վերագտնել սրտի անդորրութիւնը ու ժամանակաւոր հաճոյքէն աւելի տեւող ուրախութիւն»։

«Մենք այս ամէնը փորձարկեցինք մէկ անձի մէջ՝ Յիսուս» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «Աստուած փոխանցելը  չի նշանակեր խօսիլ Անոր մասին, կամ արդարացնել անոր գոյութիւնը։ Տէրը հռչակելը կը նշանակէ վկայել՝ զայն ճանչնալու ուրախութիւնը եւ ուրիշները օգնել Անոր հետ հանդիպելու։

Աստուած սէր է. Անսահմանափակ սէր, որ չի փոխուիր հակառակ մեր արարքներուն։  Որքան գեղեցիկ է վկայել այդ Աստուածը մեր եղբայրներուն, անոնց ըսելով որ «Յիսուս Քրիստոս քեզ կը սիրէ եւ իր կեանքը տուաւ քու փրկութեանդ համար եւ այժմ կ՛պրի քու կողքիդ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով որ  «Քրիստոնէական կեանքը կը վերանորոգուի այս աւետիսով՝ Տէրը մեզ կը սիրէ»։

«Այս Աւետիսը առաջինն է որ է նաեւ առաջնահերթը զոր պէտք է  ունկնդրել խոնարհ հոգիով»  յարեց ապա Սրբազան Պապը ու ճառին աւարճին նշեց թէ կեանքի մէջ ամէն մէկ հանդիպում կ՛օգնէ աճեցնելու  հաւատքը ու յորդորեց մօտենալ անոնց որոնք կարիքի մէջ են, կամուրջներ կառուցել, ծառայել անոնց որոնք կը տառապին, խնամք տանիլ աղքատներուն, մխիթարել յուսահատները եւ օրհնել անոնք որոնք մեզի չարիք կ՛ընեն, որպէսզի, ըսաւ Ան, դառնանք մեր հռչակած Սիրոյն կենդանի նշանները։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն «որովհետեւ կ՛ուզէք տարածել Աստուծմէ սիրուած ըլլալու ուրախութիւնը եւ կ՛ուզէք սիրել այնպէս ինչպէս Ինք մեզի սորվեցուց սիրել», ըսաւ Ան, ներկաներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով  որ բարեհաճին  չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2019, 10:25