Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը եպիսկոպոսներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապը եպիսկոպոսներու հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսները եւ Բարթողոմէոս Ա։

Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ այսօր ընթացք առած Խորհրդատու Կարդինալներուն 31-րդ ժողովին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 17 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ նախ ընդունեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսներու երկրորդ խումբ մը, որոնք Հռոմ ժամանած են Սուրբ Պետրոսի յաջորդին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ, ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա ու անոր  պատուիրակութեան մաս կազմող եօթը անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Տիեզերական պատրիարքը Իտալիա ժամանած է այցելութիւն տալու՝ բիւզանդածէս Լունկրօ թեմին, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան  հարիւր ամեակը։

Վերոնշեալ հանդիպումներէն անդին Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ այսօր ընթացք առած ու մինչեւ հինգշաբթի 19 սեպտեմբեր տեւող Խորհրդատու Կարդինալներուն 31-րդ ժողովին, որուն ընթացքին պիտի շարունակուի քննարկուիլ Եկեղեցական կառոյցի բարեկարգումներու գործընթացը ու յատկապէս Հռոմի Քուրիայի սահմանադրութեան նոր նախագիծը, որուն առժամեայ տիտղոսն է «Predicate Evangelium»։

Նշենք թէ Խորհուրդը որ հաստատուած է նոյնինք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ պարտականութիւնն ունի աջակցիլ Սրբազան Պապին, Եկեղեցին կառավարելու Անոր յանձնուած պաշտօնին մէջ ու Անոր հետ միասին քննարկել Սուրբ Աթոռի ու Վատիկանի սահմանադրական բարեփոխումները։ Խորհուրդին առաջին նիստը գումարուած էր 2013-ի հոկտեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 12:15