Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական բժշկական ուռուցքաբանութեան ընկերակցութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական բժշկական ուռուցքաբանութեան ընկերակցութեան անդամները  

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը. Իտալական բժշկական ուռուցքաբանութեան ընկերակցութեան ուղղած ճառը։

Քահանայապետը քննադատեց «հեշտամահի» գործողութիւնը որ՝ ըսաւ Ան, անհատի նկատմամբ ունի «շահաւէտութեան» տեսակէտ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի  2 սեպտեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր աշխատանքային օրակարգը սկսաւ իր գրասենեակի մէջ ընդունելով Պուլկարիայի եւ Մակեդոնիայի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Անսելմօ Կուիտօ Փեքորարին, որմէ ետք ընդունեց «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի» ընդհանուր քարտուղարուհի Տիկ Սուրայեա Պաշալանին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, հուսկ Ֆոքոլարի Շարժումի նախագահ Մարիա Վոչէն ու համանախագահ Հայր Եզուս Մորանը։

Ունկնդրէ լուրը

Ժամը 11.30ին Սրբազան Պապը՝ առաքելական պալատի  Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ  եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմի  մէջ գումարած են իրենց սիւնհոդոսը, որուն բացումը կատարուեցաւ երեկ՝ կիրակի մէկ սեպտեմբերին, Հռոմի Սանթա Սոֆիա պազիլիքային մէջ, Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Աւագ Արքեպիսկոպոս Գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվչուքի նախագահած հայրապետական Սուրբ պատարագով, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նեաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց նաեւ նորօծ Եպիսկոպոսներուն համար Եպիսկոպոսներու Ժողովի կողմէ կազմակերպուած Հոգեւոր Կրթութեան մասնակիցները ինչպէս նաեւ իտալական բժշկական ուռուցքաբանութեան ընկերակցութեան 150 անդամները։

Իտալական բժշկական ուռուցքաբանութեան ընկերակցութեան անդամներուն ճառը

Այս վերջիններուս  ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը յիշեց  վերոնշեալ ընկերակցութեան ծագումը, ու 1973-էն ի վեր առողջապահական մարզէն ներս անոր մատուցած ծառայական գործունէութիւնը։

«Դուք, ըսաւ Սրբազան Պապը, յանձնառու էք «դիւրացնելու յարաբերութիւնները» եւ «հաստատելու գիտական ու համագործակցութեան կապեր», գիտական եւ առողջապահական աշխարհէն ներս, ջանալով խրախուսել  նաեւ ձեռք բերուած նպատակներու փոխանակումը»։

«Ձեր այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու յանձնառումը հիմնական է  կառուցանելու համար հասարակաց բարիքը»  աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ ու գնահատեց  ընկերակցութեան անդամներուն այն  ընտրանքը ունկնդրութեան մասնակցելու հիւանդներու հետ միասին, «նստելով մէկը միւսին կողքին» այդ մէկը նկատելով «պատգամ եւ խօսուն նշան, ոչ միայն առողջապահութեան աշխարհին այլ համայն ընկերութեան համար, որ կանչուած  է վերանորոգուելու զօրակցական ու եղբայրական ապրելակերպով մը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ապա ընկերակցութեան ազգային համաժողովին որ տեղի պիտի ունենայ մի քանի շաբաթներ ետք եւ որ նուիրուած է հիւանդներու խնամատարութեան,  այս առընչութեամբ նկատել տալով որ անոնց «ձեռնարկը կը դառնայ  ողորմութեան  ուռուցքաբանութիւն», որովհետեւ ուշադրութիւն չի յատկացուիր միայն հիւանդութեան այլեւ հիւանդին իր բոլոր յատկութիւններով։

«Այդպիսի ուռուցքաբանութիւն «փրոթոքոլի» կիրառութենէն  դուրս կը բացայայտէ մարդու ծառայութեան տակ դրուած արուեստագիտութեան գործադրութիւնը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, հաստատելով որ «արուեստագիտութիւնն մարդուն չի ծառայեր՝ երբ մշարդը կը վերածէ  լոկ առարկայի, երբ զարտուղութիւն կ՛ընէ անոնց միջեւ որոնք արժանի են խնամքի եւ անոնց որոնք անարժան են՝ որովհետեւ ծանրութիւն նկատուած են ։

Քահանայապետը քննադատեց «հեշտամահի» գործողութիւնը որ՝ ըսաւ Ան, անհատի նկատմամբ ունի «շահաւէտութեան» տեսակէտ, որով մարդ անհատը անպէտ կը նկատուի երբ բժշկական գետնի վրայ լաւանալու յոյս չունի։  «Մինչ հիւանդին ընկերանալ, անոր հիւանդութեան բոլոր հանգրուաններու ընթացքին, մինչեւ վերջին ժամը, կը սատարէ ստեղծելու մշակոյթ մը՝ որ աւելի ուշադիր է ամէն մէկ մարդու արժէքին» ըսաւ Քահանայապետը քաջալերելով  ներկաները ընտրելու կեանքը եւ ոչ թէ մահը- որպէսզի անոնց ծառայութիւնը դառնայ իրազեկման գործունէութիւն,  միշտ աւելիով ձրուած եւ անգիտակից ընկերութեան մը մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա բնական միջավայրի՝ հասարակաց տան  խնամք տանելու կարեւորութեան, կանխարգիլելու համար ապականութիւնէ յառաջ եկած տարբեր հիւանդութիւնները, ապա հրաւիրեց   ներշնչում քաղելու Յիսուսէն «որ եղաւ մարդկայնութեան ամենամեծ դաստիարակը»։

«Անոր օրինակը թող ներշնչէ հիւանդները ու օգնէ զանոնք վերագտնելու ուժը՝ որպէսզի իրենց տառապանքը նուիրեն եղբայրներուն ու կենդանի պահեն բարեկամութեան կապը Աստուծոյ հետ։  Թող ներշնչէ  բժիշկները միշտ ուշադիր ըլլալու ուրիշներու բարիքին ու վեհանձնութեամբ նուիրուելու ու պայքարելու աւելի զօրակից աշխարհի մը ի նպաստ։

Յիսուս թող ներշնչէ իւրաքանչիւրը, որպէսզի մօտիկ ըլլանք տառապողներուն ու յատկապէս մանուկներուն ու տկարները դրուին առաջին տեղերը, որպէսզի անոնք եւս աճին աւելի մարդկային ընկերութեան մը մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ճառը աւարտեց բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները ու զանոնք յանձնելով Սուրբ կոյս Մարիամի հովանիին, որպէսզի հսկէ անոնց վրայ՝ բոլոր բժիշկներուն ու հիւանդներուն վրայ։

«Ձեզի կ՛ապահեցնեմ աղօթքս ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2019, 12:45