Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը եւ գաղթականներուն նուիրուած քանդակի օրհնութիւնը։

«Մի մոռնաք հիւրընկալութիւնը, որովհետեւ անոր շնորհիւ, առանց գիտնալու, ոմանք հրեշտակներ հիւրընկալեցին (Եբր. 13,2)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 սեպտեմբեր 2019-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած Գաղթականներուն ու փախստականներուն նուիրուած Սուրբ պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը նախ քան Մարեմեան Աղօթքը արտասանելը ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այդ աղօթքի պահուն մասնակցութեան համար, «որ նուիրուած է դիւրաբեկ մարդոց» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու շարունակեց «Աշխարհի բոլոր թեմերու հաւատացեալներուն հետ միասին յիշատակեցինք գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային օրը անգամ մը եւս վերահաստատելու այն համոզումը՝ թէ ոչ մէկը պէտք բացառուած ըլլայ ընկերութենէն, ոչ երկար ժամանակէ քաղաքացին եւ ոչ նոր հասածը»։

Ունկնդրէ լուրը

Այս յանձնառումը ընդգծելու համար քիչ ետք բացումը պիտի կատարեմ քանդակի մը որ ներշնչուած է Սուրբ Պօղոսի Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն «Մի մոռնաք հիւրընկալութիւնը, որովհետեւ անոր շնորհիւ, առանց գիտնալու, ոմանք հրեշտակներ հիւրընկալեցին (13,2)։

Գաղթականներուն նուիրուած քանդակը
Գաղթականներուն նուիրուած քանդակը

«Պրօնզէ եւ կաւէ այդ քանդակը  կը ներկայացնէ տարբեր մշակոյթներէ ու պատմական տարբեր շրջաններէ գաղթականներու խումբ մը։ Ուզեցի որ ան այստեղ Սուրբ Պետրոսի մէջ զետեղուի, որպէսզի բոլորին յիշեցնէ հիւրընկալութեան աւետարանական մարտահրաւէրը» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ապա մատնանշեց 30 սեպտեմբերի Քամերունի մէջ տեղի ունենալիք ազգային երկխօսութեան հանդիպումին, որուն նպատակն է լուծում գտնել տարիներէ ի վեր երկիրը յուզող տագնապին։

Սրբազան Հայրը մօտիկութիւն արտայայտեց Քամերունի ժողովուրդի տառապանքին ու անոր յոյսերուն ու հրաւէր ուղղեց բոլորին՝ աղօթելու, որպէսզի այդ երկխօսութիւնը ըլլայ պտղաբեր՝ ու մղէ բոլորին բարիքին ի նպաստ արդար ու մնայուն խաղաղութեան լուծումներու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին. Մարիամ Խաղաղութեան թագուհի բարեխօսէ մեզի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2019, 12:04