Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը «Անիրաւ տնտեսը»։

«Յաւիտենական յարկը Երկինքն է որուն կ՛արժանանանք եթէ կարողանանք հարստութիւնները փոխակերպել եղբայրութեան եւ զօրակցութեան գործիքներու

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 սեպտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ ուր Յիսուս կը պատմէ Անիրաւ տնտեսին առակը (Ղուկաս 16, 1-13)։

Ունկնդրէ լուրը

«Առակին դերակատարն է  խորամանկ ու անիրաւ տնտես մը որ մեղադրուած է իր տիրոջ հարստութիւնները վատնած ըլլալուն համար ու հակառակ ասոր ան կը ջանայ արդարացնել ինքզինք ու ելքի դուր մը կը փնտռէ՝ հանգիստ ապագայ մը ունենալու համար» յարեց Սրբազան Պապը։

«Ի՞նչ պէտք է անեմ, քանի որ իմ տէրը տնտեսութիւնս ինձնից վերցնում է. հողի վրայ աշխատել չեմ կարող, մուրալ ամաչում եմ։ Գիտեմ, թէ ինչ պիտի անեմ, որպէսզի, երբ տնտեսութիւնիցս հեռացուեմ, ընդունեն ինձ իրենց տները»։ Եւ իր տիրոջ պարտապաններից իւրաքանչիւրին մէկ առ մէկ իր մօտ կանչելով՝ առաջինին ասում է՝ «Իմ տիրոջը ինչքա՞ն պարտք ունես»։ Եւ սա ասում է՝ «Հարիւր տակառիկ ձէթ». եւ տնտեսը նրան ասում է՝ «Ա՛ռ քո մուրհակը եւ նստի՛ր ու անմիջապէս գրի՛ր՝ յիսուն»։ Ապա դարձեալ միւսին ասում է՝ «Դու ինչքա՞ն պարտք ունես». եւ սա ասաց՝ «Հինգ հարիւր պարկ ցորեն»։ Տնտեսը նրան ասաց՝ «Ա՛ռ քո մուրհակը եւ նստի՛ր ու գրի՛ր՝ չորս հարիւր»։ Եւ տէրը գովեց անիրաւ տնտեսին, որովհետեւ հնարամտութեամբ գործեց, քանի որ այս աշխարհի որդիները աւելի հնարամիտ են, քան լոյսի որդիները իրենց սերնդի մէջ»։

«Յիսուս այս օրինակը կը ներկայացնէ ոչ թէ քաջալերելու համար անիրաւութիւնը այլ հնարամտութիւնը որ հնարաւորութիւն կու տայ յաղթահարելու դժուար կացութիւնները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։  Յիսուս արդարեւ կ՛աւելցնէ «անիրաւ մամոնայից ձեզ համար բարեկամներ արէք, որպէսզի, երբ այն պակասի, յաւիտենական յարկերի տակ ընդունեն ձեզ»։

Յիսուս կը հրաւիրէ ր պատնէշներ  բարձրացնoz ու բաժանումներ ստեղծoè հարստութիւնը փոխակերպելու «միանձնական յարաբերութիւններու» խթանումին, որովհետեւ մարդիկը շատ աւելի կ՛արժեն քան հարստութիւնը։ Կեանքին մէջ աւելի պտուղ կու տայ ոչ թէ ան որ հարստութիւններ ունի այլ այն որ կը ջանայ կենդանի պահել կապերը, յարաբերութիւնները. Բարեկամութիւնները, հարստութիւններու միջոցաւ որոնք Աստուծոյ պարգեւները են, եւ Յիսուս իր յորդորին նպատակը բացայայտելով կ՛ըսէ «անիրաւ մամոնայից ձեզ համար բարեկամներ արէք, որպէսզի, երբ այն պակասի, յաւիտենական յարկերի տակ ընդունեն ձեզ»։

«Յաւիտենական յարկը Երկինքն է որուն կ՛արժանանանք եթէ կարողանանք հարստութիւնները փոխակերպել եղբայրութեան եւ զօրակցութեան գործիքներու» յարեց ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ մեր տկարութիւններու ու ձախողութիւններու դիմաց Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ թէ միշտ ալ ժամանակ ունինք բարիով յատուցել մեր գործած չարիքը՝  հնարամտութիւնը գործածելով ու արցունքներու փոխերէն երջանիկ դարձնելով ուրիշը։

Թող որ Սուրբ Կոյսը մեզ օգնէ որպէսզի հնարամիտ դառնանաք՝  ապահովելու համար յաւիտենական կեանքը՝ որպէսզի վերջին դատաստանի օրը անոնք որոնք մեր օգնութիւնը վայլեցին, կարողանալն վկայել մեր մասին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2019, 12:06