Մարմեան Աղօթք Մարմեան Աղօթք 

«Յիսուս կ՛ընկալէ մեղաւորները» Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Սրբազան Քահանայապետը մեծ գոհունակութեամբ ողջունեց,անցեալ 7 սեպտեմբերին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանտարկեալներու փոխանակումը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 սեպտեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մաերմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը որ քաղուած էր Ղուկաս աւետարանիչէն (Գլ 15, 1-32) ուր ոմանք կը քննադատեն Յիսուսը որ կը զրուցեր ու կերակուր կ՛ուտէր մեղաւորներուն հետ։

«Յիսուս կ՛ընկալէ մեղաւորները ու անոնց հետ կերակուր կ՛ուտէ» ըսաւ Սրբազան Պապը  նշելով որ «Յիսուս կ՛ընկալէ նաեւ մեզ ամէն մէկ պատարագի ընթացքին», ու մատնանշեց Յիսուսին այդ քննադատութիւններուն դիմաց տուած  պատասխանին՝ երեք սքանչելի առակներ։

Առաջինին մէջ Յիսուս կ՛ըսէ «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ ունենայ հարիւր ոչխար ու կորսնցնէ անոնցմէ մէկը, չի ձգեր իննսունինը անապատին մէջ եւ երթար այդ կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն:  Ու երբ գտնէ, ուրախանալով կը դնէ զայն իր ուսերուն վրայ,  եւ տուն գալով՝ կը հրաւիրէ բարեկամներն ու դրացիները, եւ կ՚ըսէ անոնց. “Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ գտայ կորսուած ոչխարս”:  Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ա՛յսպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէ՛կ մեղաւորի համար՝ որ կ՚ապաշխարէ, քան իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»:

Երկրորդ առակը պատմելով Յիսուս կը շարունակէ «Կամ՝ ո՞վ է այն կինը, որ եթէ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր, տունը չ՚աւլեր եւ ուշադրութեամբ փնտռեր, մինչեւ որ գտնէ:  Ու երբ գտնէ, կը հրաւիրէ բարեկամներն ու դրացիները, եւ կ՚ըսէ. “Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ գտայ կորսնցուցած դրամս”:  Ա՛յդպէս ալ, կը յայտարարեմ ձեզի, ուրախութիւն կ՚ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէ՛կ մեղաւորի համար՝ որ կ՚ապաշխարէ»:

«Աստուած մեզ կը փրկէ սիրով ոչ թէ ուժով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով Յիսուսին պատմած երրորդ առակին, անառակ որդիի առակին, որուն մէջ երեց եղբայրը կը մերժէ հօր ողորմութիւնը յանդիմանելով հայրը պարարտ եզը իր կրցեր եղբօր նուիրած ըլլալուն համար։

«Մենք ալ շատ անգամ կը կարծենք թէ արդար ենք ու կը մտածենք թէ միւսները չար են» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով մենք մեզ բարի չի նկատել,  «որովհետեւ առանց Աստուծոյ  օգնութեան մենք չենք կրնար յաղթել չարին» ու նկատել տալով որ «Չարը կարելի է յաղթել Աստուծոյ ներումը ընկալելով»։  

«Այդ ներումով մենք կ՛ընկալենք սէրը ու Հայր Աստուած կը մոռնայ մեր մեղքերը այլապէս կը ջնջէ զանոնք ու մեզ կը վերանորոգէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «Աստուծոյ հետ ոչ մէկ մեղք վերջին խօսքը ունի» ու հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին որպէսզի  մեզ օգնէ՝ հրաժարելու մենք մեզ արդար նկատելու պահանջէն ու մեզ կարիքաւոր դարձնէ դիմելու Տիրոջ, որ մեզ կը սպասէ մեզ ներելու համար»։

Քահանայապետը ողջունեց Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանտարկեալներու փոխանակումը

Մարեմեան Աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, մեծ գոհունակութեամբ ողջունեց,անցեալ 7 սեպտեմբերին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանտարկեալներու փոխանակումը, որոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, կարողացան դարձեալ ողջագուրել իրենց հարազատները,  հաստատելով թէ կը շարունակէ աղօթել հակամարտութեան շտապ աւարտին եւ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ մնայուն խաղաղութեան համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2019, 12:13